Նոր Պապի Ընտրութեան Առիթով. Ֆրանչիսկոս Ա. Պապ Եւ Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցին

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ֆրանչիսկոս Ա. պապ

Հռոմի նոր պապի ընտրութեան առիթով, հետաքրքրական եւ այժմէական է ծանօթանալ պապի ընտրութեան ընթացքին, նոր պապին, Վատիկանի` աշխարհի ամէնէն մեծ եւ կարեւոր հոգեւոր կեդրոններէն մէկուն եւ ընդհանուր առմամբ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առանձնայատկութիւններուն: Հետեւաբար կը ներկայացնենք նոր պապի ընտրութեան ընթացքը, այնուհետեւ շարունակելու համար «Ազդակ»-ի 86-ամեայ պատմութեան հոլովոյթը:

* * *

Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին 13 մարտ 2013-ին ընտրեց իր նոր` 266-րդ պապը` յանձին Ֆրանչիսկոս Ա.-ի: Ան պատմութեան մէջ առաջին ոչ եւրոպացի, առաջին լատին ամերիկացի, Յիսուսեան միաբանութենէն առաջինը եւ Ֆրանչիսքոս անունը կրող առաջին պապն է: Ծնած` 17 դեկտեմբեր 1936-ին, Պուէնոս Այրէս, աւազանի անունով Խորկէ Պերկոլիօ ծագումով իտալացի Մարիօ Խոսէ Պերկոլիոյի եւ Ռեկինա Մարիա Սիլվորիի հինգ զաւակներէն մէկն է: Պերկոլիներու տոհմին արմատները հիւսիսային Իտալիոյ Փիետիմոնթէ երկրամասի Փորթաքոմարօ գիւղէն են:

Խորկէ Պերկոլիօ 1958-ին Յիսուսեան միաբանութեան Պուէնոս Այրէսի Վիլլա Տեւոթոյի ընծայարանը մտաւ եւ հմտացաւ փիլիսոփայութեան, գրականութեան եւ հոգեբանութեան մէջ: 13 դեկտեմբեր 1969-ին ան կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ Ռամոս Խոսէ Քասթելիանօ արքեպիսկոպոսին ձեռամբ: 22 ապրիլ 1973-ին Արժանթինի շրջանի յիսուսեաններուն մեծաւորը եղաւ. պաշտօն մը, զոր վարեց մինչեւ 1979: 1980-ին Սան Միկէլ ընծայարանին տնօրէնը եղաւ եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ 1986: 27 յունիս 1992-ին եպիսկոպոս օծուեցաւ: 3 յունիս 1997-ին Պուէնոս Այրէսի արքեպիսկոպոս կարտինալ Անթոնիօ Քարրասինոյի փոխանորդ նշանակուեցաւ, յաջորդութեան իրաւունքով: Կարտինալ Քարրասինօ վախճանեցաւ 28 փետրուար 1998-ին եւ Խորկէ Պերկոլիօ յաջորդեց անոր: 21 փետրուար 2001-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապ կարտինալի աստիճան շնորհեց անոր:

Կարտինալ Խորկէ Պերկոլիօ, աւանդութեան համաձայն, իր պապ ընտրութեան օրը` 13 մարտ 2013-ին ընտրեց Ֆրանչիսկոս անունը:

Ֆրանչիսկոս Ա. ծանօթ է իբրեւ համեստ եւ աղքատիկ, պարզակենցաղ կեանք ապրող եւ խոնարհ ու զրկեալ դասակարգին նկատմամբ յատուկ հոգածութիւն ունեցող հոգեւորական: Անոր ընտրութիւնը եղաւ անակնկալ մը եւ բնորոշուեցաւ իբրեւ յեղափոխութիւն Վատիկանի մէջ:

Նոր պապը միշտ բարեկամական սերտ կապեր ունեցած է հայութեան հետ եւ մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած եւ հայկական այլ ձեռնարկներու: Ան Թուրքիայէն պահանջած էր առանց նախապայմաններու ընդունիլ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը:

Ֆրանչիսկոս Ա. ծանօթ է նաեւ իր լայնախոհութեամբ ու հանդուրժողականութեամբ եւ եղբայրական կապեր պահպանած է բողոքական, անկլիքան, հրեայ եւ իսլամ  կրօնական համայնքներուն հետ:

* * *

Վատիկան

Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին հիմնուած է Յիսուս Քրիստոսի եւ Անոր տասներկու առաքեալներէն Պետրոսի եւ Պօղոսի  կողմէ: Կաթողիկէ, յունարէն` քաթոլիքոս, լատիներէն` քաթոլիքուս, կը նշանակէ տիեզերական: Եկեղեցի, յունարէն` էկլեզիա, կը նշանակէ ժողով, հաւաք: Կաթողիկէ բնորոշումը առաջին անգամ արտայայտած է Սուրբ Իգնատիոս, Ա. դարուն, զմիւռնիացիներուն ուղղած իր 110-րդ նամակին մէջ: Սուրբ Օգոստինոս կաթողիկէ բնորոշումը արտայայտած է իբրեւ Քրիստոսի հաւատացեալներու հաւաք: Հռոմի եկեղեցին կաթողիկէ կոչուեցաւ ԺԱ. դարու եկեղեցական բաժանումէն ետք: Սուրբ Թովմաս Ագուինացի ԺԳ. դարուն Հռոմի պապին հետեւորդները կը բնորոշէ իբրեւ կաթողիկէներ:

Առաքեալներու քարոզչութեամբ սկսած քրիստոնէութիւնը, հակառակ հալածանքներուն ու ջարդերուն, տարածուեցաւ Հռոմէական կայսրութեան մէջ: 313-ի Միլանոյի հրովարտակով կրօնական ազատութիւն շնորհուեցաւ քրիստոնեաներուն: Կոստանդին Մեծ կայսր 330-ին Հռոմէական կայսրութեան մայրաքաղաքը Կոստանդնուպոլիս փոխադրեց:

Հռոմ, որ իր յաղթական թեւերը տարածած էր իտալական թերակղզիին վրայ, քրիստոնէութեան կարեւոր կեդրոն դարձաւ: Լատինները հարաւային-կեդրոնական Իտալիոյ հին բիկներն են, որոնք լատինացուցած էին Հռոմն ու Իտալիան, եւ Հռոմէական կայսրութեան օրերուն` Ֆրանսան, Սպանիան եւ Փորթուգալը:

Հռոմի եկեղեցին լեզուով, մշակոյթով եւ ծէսով լատինական դիմագիծ ստացաւ: Ալպեան լեռներէն Ափրիկէի սահմանները հասնող իտալական թերակղզին, հիւսիսէն հարաւ երկար շերտով Միջերկրականի ջուրերուն մէջ, իր ձիւնապատ բարձր լեռներով, հրաբուխներով, ձիթենիներով եւ խաղողի այգիներով պատած բլուրներով, հացառատ բերրի դաշտերով, լիճերով, գետերով, գեղատեսիլ ծովափերով, բարկ արեւով, կապոյտ երկինքով եւ կլիմայական այլազանութեամբ, տիեզերական քաղաքակրթութեան աղօթարան դարձաւ:

Վիսիգոթեր 410-ին գրաւեցին եւ կողոպտեցին Հռոմը, իսկ 455-ին` վանտալները: Բարբարոս ցեղեր 476-ին գրաւեցին, քանդեցին ու աւերեցին Հռոմը: Այնուհետեւ Իտալիա Բիւզանդական կայսրութեան միացուեցաւ եւ հետագայ դարերուն լոմպարտացիներու, արաբներու, հունգարներու եւ այլ ցեղերու ներխուժումներուն ենթարկուեցաւ եւ աւատական տիրոյթներու բաժնուեցաւ: 1054-ին Հռոմի եւ Բիւզանդիոնի եկեղեցիները բաժնուեցան իրարմէ:

* * *

Հռոմի եկեղեցին Երուսաղէմը` Քրիստոսի Շիրիմը իսլամներէն ազատագրելու առաջադրանքով եւրոպացի թագաւորներու եւ իշխաններու առաջնորդութեամբ կատարուած խաչակրական արշաւանքներուն մղիչ ուժը եղաւ: Խաչակրական առաջին արշաւանքը յայտարարեց Ուրբանոս Բ. պապը, 1095-ին: Առաջին արշաւանքը տեղի ունեցաւ 1096-1099-ին, Երուսաղէմ ազատագրուեցաւ եւ հիմնուեցան Երուսաղէմի թագաւորութիւնը, Թրիփոլիի կոմսութիւնը, Անտիոքի իշխանութիւնը եւ Եդեսիոյ կոմսութիւնը: Խաչակրական երկրորդ արշաւանքը տեղի ունեցաւ 1147-1149-ին, երրորդը` 1187-1192-ին (որուն ընթացքին հիմնուեցաւ Կիպրոսի թագաւորութիւնը), չորրորդը` 1202-1204-ին (որուն ընթացքին Կոստանդնուպոլիս գրաւուեցաւ եւ հիմնուեցաւ Լատինական կայսրութիւնը), հինգերորդը` 1217-1221-ին, վեցերորդը` 1228-1229-ին, եօթներորդը` 1248-1254-ին, ութերորդը` 1270-ին եւ իններորդը` 1271-1272-ին: Խաչակրական արշաւանքներու այս ժամանակաշրջանին զինուորական-կրօնական շարք մը միաբանութիւններ հիմնուեցան, որոնց գլխաւորներն էին տաճարական ասպետները, հիւրընկալ ասպետները եւ տեւտոնեան ասպետները: Անոնք բերդեր, կալուածներ եւ հսկայ հարստութիւններ ձեռք ձգեցին, Արեւելքի լատին պետութիւններուն նեցուկը դարձան եւ իրենց մասնակցութիւնը բերին պատերազմներուն մէջ: Նշենք, որ ասպետական միաբանութիւններէն ոմանք ներկայիս ալ պահպանած են իրենց կարգերը եւ ազնուականական դասակարգերը:

Խաչակրական պետութիւններուն իշխող դասակարգը Եւրոպայէն գաղթած լատիններն էին` աւատապետներ, ազնուականներ, ասպետներ եւ հոգեւորականներ, որոնք սակայն փոքրամասնութիւն կը կազմէին: Բնակչութեան մեծամասնութիւնը տեղացի արաբներ, յոյներ, ասորիներ եւ հայեր էին:

Արեւելքի լատին խաչակիր պետութիւնները ինկան իսլամական գերազանց ուժերուն առջեւ: Երուսաղէմի թագաւորութեան վերջին յենակէտը` Աքրա գրաւուեցաւ 1291-ին: Կիպրոսի թագաւորութիւնը ջնջուեցաւ 1489-ին:

Խաչակրական արշաւանքները նպաստեցին իտալական քաղաքներու ծաղկման: Ճենովա եւ Վենետիկ ծովային հզօր պետութիւններ դարձան եւ առեւտրական լայնածաւալ կապեր եւ գաղութներ հասատատեցին հիւսիսային Եւրոպայի, Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի մէջ, նպաստելով լատին եկեղեցւոյ ազդեցութեան տարածման:

Նշենք նաեւ, որ Եւրոպայի մէջ աղանդաւորական խմբաւորումներուն դէմ ներքին խաչակրութիւններ կազմակերպուեցան:

* * *

Աղօթք

Հռոմի պապերը միջին դարերուն երկար պայքար մղեցին Հռոմէական Սրբազան կայսրութեան գերմանացի կայսրերուն դէմ: Իտալական թերակղզին առաձին քաղաք-պետութիւններու եւ աւատական տիրոյթներու բաժնուած էր: Անոնցմէ մէկն էր Պապական պետութիւնը: Անիկա կ՛ընդգրկէր կեդրոնական Իտալիան` Լացիօ, Ումպրիա, Մարշ երկրամասերը, եւ Էմիլիա-Ռոմանիայի մէկ մասը: Իտալական քաղաք պետութիւններն ու իշխանութիւնները տեւական կռուի մէջ էին  իրարու դէմ: Ֆրանսացի Կղեմէս Ե. 1305-ին պապ ընտրուեցաւ. ան 1309-ին աթոռը Հռոմէն հարաւային Ֆրանսայի Աւինիոն  քաղաքը փոխադրեց:

Քոլոննա եւ Օրսինի ընտանիքներու հակակշիռին տակ` Հռոմ նահանգային կեդրոնի վերածուեցաւ, առանց պապի: Սպանացի կարտինալ Ալվարէս Քարիլիօ տէ Ալպորնոս իր հակակշիռը պարտադրեց Հռոմի վրայ, իսկ անոր յաջորդները պայմաններ ստեղծեցին պապին վերադարձին համար: Գրիգոր ԺԱ. պապ 1376 սեպտեմբերին հեռացաւ Աւինիոնէն եւ 1377 յունուարին հաստատուեցաւ Հռոմ:

Եւրոպայի մէջ Վերածնունդը սկսաւ Իտալիոյ մէջ, ԺԴ. դարուն եւ այնուհետեւ տարածուեցաւ տարբեր երկիրներու մէջ:

Մարթին Լութէրի գլխաւորութեամբ Գերմանիոյ մէջ 1517-ին սկսած բողոքական շարժումը տարածուեցաւ տարբեր երկիրներ: Կրօնական երկարատեւ պատերազմներ մղուեցան կաթոլիկներուն եւ բողոքականներուն միջեւ: Գերմանիոյ մէջ գիւղացիական պատերազմը` 1524-1525-ին,  Քափփէլի ճակատամարտը Զուիցերիոյ մէջ` 1531-ին, Շմալքալտեան պատերազմը Հռոմէական Սրբազան կայսրութեան մէջ` 1546-1547-ին, Ութսունամեայ պատերազմը Հոլանտայի մէջ` 1568-1648-ին, Ֆրանսայի կրօնական պատերազմը` 1562-1598-ին, համաեւրոպական Երեսնամեայ պատերազմը` 1618-1648-ին, Երեք թագաւորութիւններու պատերազմը Անգլիոյ, Սկովտիոյ եւ Իրլանտայի միջեւ` 1639-1651-ին, սկովտիական բարեկարգչական շարժումը եւ քաղաքացիական պատերազմները, Անգլիոյ քաղաքացիական պատերազմը, իրլանտական պատերազմները եւ Իննամեայ պատերազմը` եւրոպական շարք մը իշխանութիւններու միջեւ` 1688-1697-ին:

Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարը

Ամերիկայի յայտնաբերումէն ետք հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին տարածուեցաւ նոր աշխարհէն ներս եւ հարաւային ու կեդրոնական Ամերիկան, Լատին Ամերիկա բնորոշումով, սպանախօս (Պրազիլ` փորթուգալախօս) բնակչութեամբ, կաթոլիկ դիմագիծ ստացաւ:

Հռոմի եկեղեցին ամէն ճիգ թափեց Արեւելքի մէջ իր հեղինակութիւնը տարածելու եւ Արեւելքի եկեղեցիները իրեն կապելու համար եւ ժամանակի ընթացքին Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներէն Հռոմի կապուած համայնքներ ստեղծուեցան:

* * *

Զանազան պետութիւններու եւ թագաւորութիւններու բաժնուած եւ մասամբ ալ աւստրիական տիրապետութեան ենթակայ Իտալիոյ միաւորման պայքարը, որուն մէջ մեծ դեր ունեցան Ճիուզեփփէ Մացցինի, Սարտինիոյ թագաւորութեան ղեկավար Քաւուր եւ յատկապէս ազգային հերոս Ճիուզեփփէ Կարիպալտի, իր յաղթական աւարտին հասաւ 1870-ին: Պապական պետութիւնը ջնջուեցաւ: Իտալիա դարձաւ թագաւորութիւն` Սաւոյայի տան գլխաւորութեամբ: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք, 1946-ին Իտալիա դարձաւ հանրապետութիւն:

Ծագումով լեհ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապ ընտրուեցաւ 1978-ին. անոր օրով նոր աւետարանչութեան շարժումը սկսաւ: Միաժամանակ Լեհաստանի մէջ համայնավար վարչակարգին դէմ շարժումը սկսաւ եւ մղիչ ուժ դարձաւ Արեւելեան Եւրոպայի միւս երկիրներուն մէջ համայնավար ամբողջատիրական վարչակարգերուն դէմ շարժումներուն: Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապ մեծ դեր ունեցաւ համայնավար վարչակարգերու կազմալուծման եւ Խորհրդային Միութեան փլուզման մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES