Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»-ը` Կրթական Բարենպաստ
Միջավայրի Ստեղծման Աջակից
Գիւղական համայնքներու զարգացումը կ՛ենթադրէ համակարգուած աջակցութիւն: Այդ տրամաբանութեամբ առաջնորդուող Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութիւնը տարիներ շարունակ ծրագրեր է իրականացնել տարբեր ոլորտներու մէջ` հաւատարիմ մնալով պատասխանատու գործելաոճին` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը հերթական ներդրում կատարած է Արմաւիրի մարզին մէջ:
Քարակերտ, Լեռնագոգ, Միասնիկեան, Դալարիկ, Շէնիկ, Արգինա եւ Արթենի համայնքներուն մէջ գործող դպրոցներէն ինն համալրուած են կրթութեան ժամանակակից արհեստագիտութիւններով: Ստեղծուած են` անթել համացանցի անկիւններ եւ տրամադրուած է «Հօմ-Զօն թուրպօ» ծրագրի շրջանակին մէջ գործող 11 հատ «3Ճի.» երթուղիչ:
Համակարգուած աջակցութիւն դրսեւորելուն նպաստած է` «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի հետ համագործակցութիւնը: Վերջինիս վերանորոգած Քարակերտի թիւ 1 դպրոցին մէջ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը ստանձնած եւ իրականացուցած է տարրական դպրոցի ձեւով դասարանի նորոգումը եւ կահաւորումը: Դասարանը բաղկացած է 2 մասէ: Անոնցմէ առաջինը նախատեսուած է դասերու, երկրորդը` խմբային աշխատանքներու, խաղերու եւ հանգիստի համար: Նորարար մօտեցում է` պատ-գրատախտակը:
Ընդհանուր առմամբ, այս եւ վերը նշուած ծրագիրներուն համար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը յատկացուցած է` 3 միլիոն 850 հազար դրամ:
«Երկրին առաջընթացը ապահովելու նախապայմանը մայրաքաղաքին զուգահեռ` գիւղական համայնքներու համաչափ զարգացումն է: Գիւղին մէջ բացառաբար գիւղատնտեսութիւնը խթանելու ընկալումը, որ կը յառաջանայ հինէն ի վեր իրեն համար սպառած մօտեցում է: Արհեստագիտական նորագոյն լուծումներով աշխարհի հետ հաղորդակցուելու մարտահրաւէրը արդիական է` անկախ բնակութեան վայրէն: Նորարար լուծումներով այս դպրոցը աշակերտներուն թոյլ կու տայ ինքնադրսեւորուելու եւ կայանալու հաճելի միջավայրի մէջ: Ստեղծուած են բոլոր պայմանները` խելացի, ստեղծագործող եւ բացայայտող սաներէն հրաշալի անհատներ ձեւաւորելու համար», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
Քարակերտի թիւ 1 դպրոցին մէջ անթել համացանցի անկիւններ պիտի գործեն դասարանի ժամանակակից տեսքով ստեղծագործարանին եւ անգլերէնի դասարանին մէջ: Ի դէպ, իւրայատուկ լուծում առաջարկող ստեղծագործարանը կրթական նորամուծութիւն է: Նոյն տարածքին մէջ դպրոցի գրադարանի եւ համակարգչային սենեակի առկայութիւնը, դասեր եւ ձեռնարկներ իրականացնելու կարելիութիւնը կը խթանեն աշակերտին ստեղծագործականութեան:
Տեղեկացնենք, որ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը կը շարունակէ համակարգուած ներդրումները` երկարաժամկէտ ծրագիրներու իրականացման համար: Մէկ տարի առաջ, ընկերութիւնը Արմաւիրի մարզին մէջ զգալի ներդրում կատարած է նաեւ հակակարկտային կայաններ տեղադրելու համար:
21-րդ Դարուն Հայկական Ինքնութեան
Խնդիրներու Վերաբերող Քննարկում
Մարտ 13-15 Երեւանի պետական համալսարանի գիտական խորհուրդի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական ինքնութեան խնդիրները 21-րդ դարում» խորագրով երկօրեայ գիտաժողովը` հայաստանցի եւ սփիւռքահայ մասնագէտներու մասնակցութեամբ: Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ գիտաժողովը կարեւոր է եւ հետաքրքրական, քանի որ անոր կը մասնակցին մասնագէտներ թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ սփիւռքէն:
«Թեման, որ այսօր շօշափուելու է, կարծում եմ խիստ արդիական է, կարեւոր, էական` ազգային եւ պետական ընդհանուր պարունակում: Արդիական է այն պատճառով, որ մեր հայրենակիցների երկու երրորդն ապրում է տարբեր երկրներում է եւ կրում է տարբեր լեզուների, քաղաքակրթութիւնների ազդեցութիւնը` ենթարկուելով փոփոխութիւնների», յայտնեց ան: Հ. Յակոբեանի համաձայն, կարեւոր է ոչ միայն քննարկումներ ծաւալելը, այլեւ` խնդիրներուն լուծման հաւանական ուղիներ առաջարկելը:
Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան նշեց, որ բոլորին համար յստակ է, որ խորհրդային տարիներուն հայկական ինքնութեան նիւթին մասին կը խօսուէր եւ կ՛արծարծուէր մասնաւորապէս գիտական մամուլի էջերուն մէջ: Անոր համաձայն, մեր ինքնութեան մասին խօսելը ի զուր է առանց սփիւռքի մասնագէտներու մասնակցութեան:
Անոր կարծիքով, կարեւոր է, որ պատմաբաններուն եւ փիլիսոփաներուն կողքին, ազգային ինքնութեան պահպանման մասին խօսին նաեւ հոգեբանները, ընկերաբանները, քանի որ ինքնութեան խնդիրը շատ բարդ է, շատ հակասական:
Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Փոլ Հայտոսթեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտած է, որ փորձառութեան փոխանակումը կարեւոր է եւ մեծ արժէք կը ներկայացնէ:
Գիտաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ շնորհահանդէսը «Սփիւռքագիտութիւն. տեսութեան եւ պատմութեան հարցեր» տարեգիրքի, ուր ամփոփուած են 2011-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւն. երէկ, այսօր եւ վաղը» խորագիրով գիտաժողովին զեկուցումները:
Գիտաժողովը կազմակերպուած է սփիւռքի նախարարութեան, ԵՊՀ սփիւռքագիտութեան ամպիոնի եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի (Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն) նախաձեռնութեամբ:
Երկօրեայ գիտաժողովին ընթացքին զեկուցումներ ներկայացուցին ԵՊՀ մշակութաբանութեան, փիլիսոփայութեան ամպիոններու դասախօսներ, Հայաստանի գիտակրթական տարբեր հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, սփիւռքագէտներ:
Հայաստանի Մէջ Ֆրանսախօսութեան Նուիրուած
Միամսեակը Պիտի Սկսի Հելլեն Սեկարայի Երգահանդէսով
Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան նուիրուած միամսեակը այս տարի պիտի սկսի մարտ 19-ին, Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ` ֆրանսացի նշանաւոր երգչուհի Հելեն Սեկարայի երգահանդէսով: Այս մասին տեղեկացուցին Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժանմունքէն: Այս ծիրին մէջ մարտ 14-էն ապրիլ 30 Երեւանի եւ Հայաստանի մարզերուն մէջ պիտի կատարուին ձեռնարկներ` մշակոյթի եւ կրթութեան բնագաւառին մէջ, որոնց պիտի մասնակցին հասարակական կազմակերպութիւններ, համալսարաններ, դպրոցներ:
Ծրագրի շրջանակներուն մէջ Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆրանսական երաժշտութեան երեկոյ, Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնին եւ Յակոբ Պարոնեանի անուան պետական թատրոնին մէջ պիտի իրագործուին ժամանակակից պարեր «Ըսրէդայլ Ֆանթէզի» Տանս Քոնդ, իսկ Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ պիտի կայացուի Ֆրանսերէն գիրքերու ցուցահանդէս:
Յայտնենք, որ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը այս ձեռնարկները պիտի իրականացնէ ֆրանսախօսութեան շրջանակներուն մէջ` արտաքին գործոց նախարարութեան, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան եւ Հայաստանի «Ալիանս-Ֆրանսեզ» կազմակեպութեան հետ:
Եղիշէ Չարենցի Ծննդեան Օրը Համազգային Տօն Է
Անուանի գրագէտ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 116-ամեակին` արդիական եւ կարեւոր է անոր գրական ժառանգութեան հանրահռչակումը: Ե. Չարենցի ստեղծագործութիւնները պէտք է թարգմանուին աշխարհի կարեւորագոյն լեզուներուն եւ դառնան համաշխարհային գրականութեան արժէք: Այս մասին նշեց Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, Չարենցի ծննդեան յոբելեանին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին: «Չարենց այսօր ալ հայ ժողովուրդի կողմէ ամէնէն աւելի փնտռուած բանաստեղծն է», նկատեց Լ. Անանեան: Չարենցի ծննդեան օրը ո՛չ միայն չարենցասէրներու եւ չարենցագէտներու տօնն է, այլ նաեւ համաքաղաքային, համազգային ձեռնարկ է, որուն վառ ապացոյցը` մարտ 13-ին, Եղիշէ Չարենցի` «Ամբոխները խելագարուած» ստեղծագործութեան համանուն արձանին մօտ յարգանքի տուրք մատուցող բազմաթիւ չարենցասէրներն էին: Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան եւ Գրողներու միութեան կազմակերպումով եւ Երեւանի շարք մը դպրոցներու տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու աշխուժ մասնակցութեամբ նշուեցաւ Չարենցի ծննդեան տօնը:
«Այս օրերուն շատ յուզուած կ՛ըլլամ, բայց յուզումս կրկնապատկուեցաւ, երբ այսքան մեծ թիւով մարդ տեսայ այստեղ, մանաւանդ` փոքրիկներու հոծ ներկայութիւնը: Չարենցի ճակատագիրը այնպէս մըն էր, որ ան գերեզման չունեցաւ. անոր գերեզմանը` «Ամբոխները խելագարուած»-ն է», նշեց Եղիշէ Չարենցի թոռնուհին Գոհար Չարենցը:
Յոբելենական հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ գրող, հրապարակախօս Հրանդ Մաթէոսեանի եղբայր Համլեթ Մաթէոսեան, որ հիացած էր կազմակերպուած տօնով: «Չարենց ինքնին ամբողջ մշակոյթ մըն է, իր առաջին տողերէն մինչեւ վերջինը բանաստեղծը մեծ ողբերգակ է եւ յեղափոխական: Ան արեւի եւ ճանապարհի բանաստեղծ է: Հետաքրքրական է, որ փոքրիկները, կարծես` առանց մէկու մը կազմակերպման, ինքնակամ եկած են Չարենցի ծնունդը նշելու: Երանի բոլոր գրողներուն առաջին մեծ սիրողները փոքրիկներ ըլլան», ըսաւ Համլեթ Մաթէոսեան:
Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան բաժինի նախագահի տեղակալ Սիլվա Աչոյեան տեղեկացուց, որ ձեռնարկը շարունակական բնոյթ կը կրէ եւ քաղաքը ամէն տարի կը տօնէ Չարենցի ծննդեան տարեդարձը:
Ձեռնարկին ընթացքին ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին «Ամբոխները խելագարուած»-ի մօտ: Այնուհետեւ, Երեւանի շարք մը դպրոցներու աշակերտները արտասանեցին Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութիւններէն:
Հայկական Ճազի Աստղերու Պուրակին Մէջ Բացումը
Կատարուեցաւ Առնօ Բաբաջանեանի Աստղին
Մարտ 17-ին, հայկական ճազի աստղերու պուրակին մէջ բացումը կատարուեցաւ Առնօ Բաբաջանեանի աստղին: Հայկական ճազի աստղերու պուրակին բացումը կատարուեցաւ «Եանզ քլապ» երաժշտական սրահի հարեւանութեամբ: Տեղեկացնենք, որ պուրակին մէջ բացուած առաջին երկու աստղերը նուիրուած են ճազային խմբավար, երգահան, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, 1938-1956 թուականներուն Հայաստանի էսթրատային նուագախումբի հիմնադիր եւ երգահան Արտեմի Այվազեանին եւ Խորհրդային Միութեան ժողովրդական արուեստագէտ, երաժիշտ, երգահան, 1956-1990 թուականներուն Հայաստանի էսդրատային նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Կոստանդին Օրբէլեանին:
Ֆրանսահայ Երգչուհի Ռոզի Արմէն Կը Պարգեւատրուի
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան
«Կոմիտաս» Մետալով
Մարտ 9-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց ֆրանսահայ հանրայայտ երգչուհի Ռոզի Արմէնը: Հանդիպման ներկայ էին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները: Ողջունելով հիւրը` նախարար Հ. Յակոբեան ըսաւ. «20-րդ դարու սկիզբը, Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Ֆրանսան այն պետութիւնն էր, որ ջերմօրէն ընդունեց բազմաթիւ հայեր: Ֆրանսա հաստատուած եւ հռչակ ունեցած են այնպիսի մեծ անհատականութիւններ, ինչպէս` Շարլ Ազնաւուր, Միշէլ Լեկրան, Անրի Վեռնոյ եւ ուրիշներ: 20-րդ դարու կէսերուն անոնց անուններուն կողքին յայտնուեցաւ նաեւ Ռոզի Արմէնին անունը, որ իր նուրբ եւ բացառիկ ձայնով, հմայիչ եւ կանացի բեմական կերպարով գերեց ո՛չ միայն հայերուն, այլ նաեւ օտարներու սիրտերը»:
Հանդիպման ընթացքին Ռոզի Արմէն պատմեց իր մշակութային գործունէութեան, անցած ուղիին եւ ունեցած ձեռքբերումներուն, նշանաւոր հայ գործիչներու հետ հանդիպումներուն եւ անոնցմէ քաղած դասերուն մասին: Ապրելով եւ ստեղծագործելով Ֆրանսայի մէջ` Ռոզի Արմէն փորձած է ճանչնալ եւ պահպանել հայկական աւանդութիւնները: Անոր ստեղծագործական գործունէութեան առանցքը եղած է հայ մշակոյթը աշխարհին յաւուր պատշաճի ներկայացնելու գաղափարը:
Բարձր գնահատելով Ռոզի Արմէնին վաստակը սփիւռքի մէջ հայկական երգարուեստը տարածելու գործին մէջ, ստեղծագործական եւ կատարողական բարձր վարպետութեան եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման նպաստելու համար երգչուհին պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով:
Ռոզի Արմէն շնորհակալութիւն յայտնեց բարձր պարգեւին արժանանալուն համար եւ նշեց, որ հայ երաժշտութեան մեծ երախտաւորին` Կոմիտասի անունը կրող մետալը ոգեւորիչ է եւ միեւնոյն ժամանակ` պարտաւորեցնող:
Համաստեղի «Հայու Ոգին» Բանաստեղծութեան
Տեսահոլովակ Պատրաստուած Է
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան խօսքի մշակոյթի կեդրոնը միասին իրականացուցած են Համաստեղի «Հայու ոգին» բանաստեղծութեան տեսահոլովակի ստեղծման նախագիծը, որուն շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է մարտ 15-ին: Մեսրոպ Մաշտոցի անուան խօսքի մշակոյթի կեդրոնի նախագահ Նատիա Անտոնեան նշած է, որ տեսահոլովակին նպատակն է նոր սերունդին եւ երիտասարդութեան ներկայացնել անաղարտ մայրենին ժամանակակից ձեւերով:
«Մեր համոզումով, անաղարտ հայերէնը մեր հասարակութեան տարբեր ոլորտներուն մէջ յաճախ չի հնչեր: Աւելի՛ն. մենք կը հանդիպինք աղաւաղուած հայերէնի: Այս պատճառով մեր կեդրոնը ջանք կը թափէ իր համեստ կարողութիւններով նոր սերունդին համար լեզուն ներկայացնել գեղարուեստի ուժով, ոսկեղենիկ մակարդակով», յայտնած է Ն. Անտոնեան: «Հայու ոգին» տեսահոլովակին նպատակն է երիտասարդութեան ներկայացնել հայ գրականութեան գոհարները, անոնց մէջ առկայ ազգային եւ համամարդկային բարձր արժէքները` գրաւիչ արտայայտչական միջոցներու, նորագոյն արհեստագիտութիւններու օգտագործումով:
«Բազմաթիւ երիտասարդներ տեսահոլովակը դիտած եւ յայտնած են, որ նման տեսանիւթեր պէտք է պատկերասփիւռով ցուցադրուին, որպէսզի բարձրացնեն ազգային ոգին նոր սերունդին մէջ` արմատաւորելով ազգային գաղափարները», նշած է կեդրոնի նախագահը:
Անտոնեան աւելցուցած է, որ տեսահոլովակը արդէն դիտուած է անուանի մշակութային գործիչներու կողմէ եւ հաւանութեան արժանացած է: Տեսահոլովակի ստեղծման գործին մէջ օգտագործած են երիտասարդ եւ աւագ սերունդի տաղանդաւոր ներկայացուցիչներու ներուժը:
«Էականը այստեղ բոլորին միասնականութիւնն էր: Եւ մենք այստեղ կ՛ապացուցենք, որ տարբերութիւն չկայ գրական արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի միջեւ», շեշտած է Երեւանի պետական համալսարանի հայ գրականութեան ամպիոնի վարիչ Սամուէլ Մուրատեան: Ան աւելցուցած է, որ հայերէնով կ՛արժեւորուի հայրենիքը եւ պետականութիւնը:
«Հայու ոգին» տեսահոլովակի ստեղծագործական- կատարողական անձնակազմին մէջ հանդէս եկած են անուանի արուեստագէտներ` Յովհաննէս Թոքմաջեան, Ռուբէն Մաթէոսեան, Սամուէլ Մուրատեան, Ազատ Գասպարեան, Արա Գէորգեան, Նելլի Խերանեան, Տիգրան Ներսիսեան, ինչպէս նաեւ` Մեսրոպ Մաշտոցի անուան խօսքի մշակոյթի կեդրոնի աւագ եւ կրտսեր սերունդներու ներկայացուցիչներ:
18 Մարտին Կայացաւ Աշխարհահռչակ Սպանացի Երգիչ
Խուլիօ Իկլեսիասի Երգահանդէսը
Աշխարհահռչակ սպանացի երգիչ Խուլիօ Իկլեսիաս Երեւանի մէջ 18 մարտին իրականացուց անմոռանալի երգահանդէս մը, որուն ընթացքին մեկնաբանեց իր բոլոր անուանի եւ սիրուած երգերը:
Խ. Իկլեսիասի արուեստի երկրպագուները երգահանդէսի ընթացքին երգիչին կատարումով կարելիութիւն ունեցան ունկնդրելու` «Ինթրօ», «Ամոր-ամոր», «Նաթալի», «Մայ սուիթ լորտ», «Մամի պլու», «Քերլըս ուիսփըր», «Օլ օֆ եու», «Օլուէյզ օն մայ մայնտ», «Այ ուոն թու նօ», «Լեթ իթ պի մի» եւ այլ սիրուած կատարումներ: Իսկ երգիչին անակնկալը` հայերէն երգ մեկնաբանելն էր` իր հայ երկրպագուներուն:
Յիշեցնենք, որ Խուլիօ Իկլեսիաս Հայաստան եկաւ մեծ «շքախումբով»` իր սեփական օդանաւով: Երգիչին կ՛ուղեկցէին երաժիշտներ, ձայնակցող երգիչներ, պարողներ:
Հայաստանի մէջ երգահանդէս իրականացնելու ցանկութիւնը Խուլիօ Իկլեսիասին կը պատկանի, որովհետեւ անոր հայ ընկերները հաղորդած են, թէ ինք Հայաստանի մէջ շատ սիրուած է, այնուամենայնիւ, մինչեւ երգահանդէսը կազմակերպելը, ուսումնասիրուած է հասարակութեան պահանջարկը: Երգահանդէսին տոմսերուն գիները տատանուած են` 5 հազարէ մինչեւ 80 հազար դրամին միջեւ:
Նշենք, որ 70-ամեայ սպանացի աշխարհահռչակ երգիչին հայաստանեան երգահահանդէսը կայացաւ Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ: Իսկ երգահանդէսին կազմակերպիչները եղած են` ամերիկեան «Կլոպալ արթ» եւ հայկական «Ինվիթրօ փրոտաքշն» ընկերութիւնները:

