Պլեթըր Կը Քննադատէ Փլաթինիի Գաղափարը
ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր վերջերս իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին քննադատեց Եու. Է. Էֆ. Ա.ի նախագահ Միշել Փլաթինիի այն գաղափարը, որ առաջարկեց Եուրօ-2020-ը 13 երկիրներու մէջ կատարել:
PanArmenian.Net կը մէջբերէ «Քիքըր» մարզաթերթին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին Պլեթըրի հետեւեալ խօսքերը. «Եւրոպայի ախոյեանութիւնը պէտք է տեղի ունենայ մէկ կամ երկու երկրի մէջ: Եթէ անիկա տեղի ունենայ 13 երկիրներու մէջ, կը կորսնցնէ իր հոգին եւ սիրտը: Այս մրցաշարքին նպատակը այն է, որ հիւրընկալ երկիրը քանի մը շաբաթ ատով ապրի եւ զայն ըմբոշխնէ»:
CATEGORIES Մարզական

