Ռումանացի Քրիսթիան Պալաժ` Հայաստան – Չեխիա Մրցումին Իրաւարարը
Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 26 մարտին 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի հիւրընկալէ Չեխիան` Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ:
PanArmenian.Net լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մրցումին գլխաւոր իրաւարար նշանակուած է ռումանացի Քրիսթիան Պալաժ:
Բ. խմբակին մէջ Հայաստան 3 կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը, մինչ Չեխիա 5 կէտով` 3-րդ դիրքը: Պարագլուխի դիրքը 5 կէտով կը գրաւէ Իտալիա:
CATEGORIES Մարզական

