Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Փիւնիկ Կը Շարունակէ Իր Յաղթարշաւը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Փիւնիկ շարունակելով իր յաղթարշաւը Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Միքան: Գագիկ Պօղոսեան (17-րդ) եւ Վարդան Պաքալեան (84-րդ) նշանակեցին Փիւնիկի կոլերը:

Գանձասար – Շիրակ եւ Բանանց – Արարատ մրցումները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով, մինչ Փիւնիկի նման 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Իմփուլս` Ռումիան Յովսէփեանի (8-րդ) եւ Ֆիլիփ Թիմովի (24-րդ) նշանակած կոլերուն շնորհիւ պարտութեան մատնելով Ուլիսը:

Նշենք, որ այժմ պարագլուխի դիրքը 70 կէտով կը գրաւէ Շիրակ, ապա յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Միքա (69 կէտ) եւ Գանձասար (52):

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES