Մանուչարեան Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող եւ Ուրալի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան, որ վերջին շրջանին անհանգստութեան պատճառով չմասնակցեցաւ Վոլքայի դէմ տեղի ունեցած Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի մրցումին (22-րդ հանգրուան), այժմ ապաքինած ըլլալով վերսկսաւ իր փորձերուն:

Armsport.am լրատուական կայքէջը կ՛աւելցնէ, որ Մանուչարեան յայտնած է ըսելով, որ յառաջիկայ 20 մարտին միանալով ազգային խումբի իր խմբակիցներուն, պիտի պատրաստուի Չեխիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES