Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Արթուր Սարգիսով Տուպլէ Մը Իրագործեց Վոլքայի Հետ
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Արթուր Սարգիսով նախորդ շաբաթավերջին Նիժնի Նովկորոտի Վոլքայի խումբին հետ տուպլէ մը իրագործեց, երբ իր կոլերը նշանակեց 31-րդ եւ 63-րդ վայրկեաններուն: Մրցումը աւարտեցաւ 2-1 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Վոլքա ապահովելով 20 կէտ բարձրացաւ 12-րդ դիրք` Ռուսիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր լիկ»-ի դասաւորման մէջ:
CATEGORIES Մարզական

