Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը` Թիֆլիսի Մէջ
19-24 մարտին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի պիտի ունենայ ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան:
Այժմ Թիֆլիսի մէջ գտնուող Հայաստանի յունահռոմէական ոճի հաւաքականին մէջ գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեանի կողմէ նկատի առնուած մարզիկները` այս ախոյեանութեան համար, հետեւեալներն են.
Յարութիւն Յովհաննիսեան (55 քկ), Ալեքսան Միքայէլեան (60 քկ), Սասուն Ղամբարեան (66 քկ), Ռաֆիկ Մանուկեան (74 քկ), Արթուր Շահինեան (84 քկ), Արթուր Ալեքսանեան (96 քկ) եւ Վաչիկ Եղիազարեան (120 քկ):
Նշենք, որ այս լուրը հրապարակեց PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը` զայն ստանալով Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնէն:
CATEGORIES Մարզական

