Հենրիխ Մխիթարեանի 100-րդ Մրցումը` Շախտիոր Տոնեցքի Հետ

Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Շախտիոր Տոնեցք 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Չեռնոմորեցը, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 57 կէտ:

«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կ՛աւելցնէ, որ իր կազմին` Շախտիորի հետ իր 100-րդ մրցումը կատարող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիկ Հենրիխ Մխիթարեան նշանակեց երկրորդ կոլը` Բ. կիսախաղին ազդանշանին տրուելէն քանի մը վայրկեան ետք:

Ուքրանիոյ ախոյեանին առաջին կոլը նշանակեց Ֆեռնանտինիօ, իսկ երրորդը` Ատրիանօ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES