Հայրենի Կռփամարտիկները Չեխիայէն Վերադարձան Երեք Մետալով

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ նախորդ շաբաթավերջին հայրենի կռփամարտիկները Չեխիայէն վերադարձան երեք մետալով:

Արմէն Սիմոնեան (91 քկ եւ վեր) տիրացաւ արծաթ մետալին, իսկ Նարեկ Աբգարեան (52 քկ) եւ Արա Պուլուզեան (46 քկ)` պրոնզ մետալներու:

Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեան պատասխանելով PanArmenian.Net-ի թղթակիցին հարցումներուն ըսած է. «Մրցաշարքը բաւական դժուար էր, որովհետեւ միջազգային այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին 17 երկիրներու կռփամարտիկներ, որոնց կարգին` աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ ողիմպիական խաղերու մետալակիրներ եւ մրցանակակիրներ: Տարին ցարդ նոր սկսած է եւ մեր տղաքը կրնան տալ իրենց լաւագոյնը: Կրնամ ըսել, որ գոհ եմ արձանագրուած արդիւնքներէն»:

Ըստ մարզիչին, Ուքրանիոյ եւ Ղազախստանի միջազգային մրցաշարքէն ետք է, որ պիտի ձեւաւորուի ազգային հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եւրոպայի ախոյեանութեան:

Share this Article
CATEGORIES