ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ. ՆՈՐՍԻԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Շաբաթ, 7 մայիս 2011-ի յետմիջօրէի ժամը 3:30-էն սկսեալ տեղի ունեցաւ Նորսիկեան մանկապարտէզի ցուցահանդէսը` ներկայութեամբ տնօրէնութեան, Ճեմարանի անձնակազմին, ծնողներու եւ բարեկամներու:
Մանկապարտէզին բակը վերածուած էր հրաշալիքներու աշխարհի. ամէն կողմ գունաւոր, ամէն կողմ զարդարանք. հոս` Ծիծեռնակաբերդը, հոն` Շուշիի ազատագրումը, քիչ մը անդին` դղեակներ, պալատներ, իսկ չորս կողմերը` ծաղկամաններ, թաղարներ, ծաղիկներ, պայուսակներ, դգալներ®: Արուեստագէտ փոքրիկները իրենց աշխատանքները կատարելու յատուկ ձեւեր որդեգրած էին` պատռել, «փիք-փիք», ճմռթկել, ծալել, վրձինով աշխատանք, զարդարել, «մոզայիք», խմորով աշխատանք, փակցնել, ինչպէս նաեւ` ժպիտ, սէր եւ համբերութիւն:
Բակին մէկ անկիւնը ստանձնած էր Ծնողական խորհուրդը: Հոն կը վաճառուէին անուշեղէնի տեսակներ ու զովացուցիչներ: Աշակերտներուն համար ալ յատուկ խաղեր դրուած էին ուրիշ անկիւն մը: Տօնական մթնոլորտ կը տիրէր ամէն կողմ: Ուսուցիչ, տնօրէն, աշակերտ, ծնողք ձեռք-ձեռքի շուրջպար կը պարէին:
Ցուցահանդէսը կը միտի աշակերտին մօտ զարգացնել գեղեցիկի ճաշակը, ստեղծագործելու փափաքը, արտայայտուելու առիթ տալ ամչկոտ աշակերտին, վարժեցնել զայն խմբական աշխատանքի, բնութիւն-աշակերտ կապ ստեղծել®:
Երեկոյեան ժամը 9:00-ին երաժշտութիւնը կանգ առաւ: Շնորհակալութիւն` ծնողներուն, Ճեմարանի բարեկամներուն, որոնք ներկայ գտնուեցան ցուցահանդէսին, քաջալերեցին մեզ եւ գնահատեցին կատարուած աշխատանքը: Յատուկ շնորհակալութիւն Ծնողական խորհուրդին` իր ժրաջան աշխատանքին համար: Վարձքը կատար` մանկապարտէզի ուսուցիչներուն, որոնք ջանք ու ճիգ չխնայեցին յաջողցնելու այս ձեռնարկը:
Ցուցահանդէսին նկարները կարելի է դիտել այցելելով Ճեմարանի կայքէջ` www.djemaran.edu.lb