ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈԼԵՃԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԻ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐԸ

Մայրերուն խորհուրդը պանծացնելու համար ամբողջ աշխարհը երախտագիտութեան եւ յարգանքի տուրք կը մատուցէ մայրերուն, որովհետեւ առանց անոնց գոյութեան` աշխարհը կը վերածուի ոչնչութեան:

Հինգշաբթի, 12 մայիս 2011-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, տօնական մթնոլորտ կը տիրէր Ս. Խանամիրեան ազգային քոլեճին մէջ ընդհանրապէս, իսկ անոր սրահին մէջ` մասնաւորապէս, որովհետեւ վարժարանիս կազմակերպութեամբ իրականացուեցաւ Մայրերու օրուան նուիրուած հանդէս-ճաշ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ս. Խանամիրեան ազգային քոլեճի մնայուն բարերար Միրէյ Խանամիրեանը, Ուսումնական խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, խնամակալութեան անդամներ, եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբի անդամներ, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութիւններու անդամներ, ծնողներ, հիւրեր եւ բարեկամներ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ ծնողական յանձնախումբին կողմէ արտասանուած բացման խօսքով, որուն մէջ շեշտը դրուեցաւ «Մայր» բառին բազմազան նշանակութիւններուն մասին: Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, որուն մասնակցեցան մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները, որոնք հայերէնով, անգլերէնով եւ արաբերէնով արտասանեցին, երգեցին, պարեցին եւ թատերական ուշագրաւ ներկայացումով փառաբանեցին իրենց մայրերը եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին անոնց անգին զոհողութիւններուն համար: Հանդիսութեան աւարտին աշակերտները իրենց մայրերուն եւ բոլոր ներկաներուն նուիրեցին վարժարանիս կողմէ պատրաստուած յատուկ ձայնասկաւառակներ, որոնք կը բովանդակեն հայ գրականութեան կարկառուն բանաստեղծներու գրիչով գրուած` մայրերու նուիրուած գլուխ-գործոց արտասանութիւններ` մեկնաբանութեամբ Մակի Մկրտիչեանի:

Նշենք, որ գեղարուեստական յայտագիրը իրագործուեցաւ երկու արարով, որովհետեւ միջոցին ներկաները ճաշակեցին վարժարանիս տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած համադամ ճաշն ու քաղցրեղէնները: Ձեռնարկի աւարտին խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն, որոնք մօր մը նման` մնայուն կերպով հոգ կը տանին այս դպրոցի յարատեւութեան ու վերելքին, ծնողաց յանձնախումբին եւ ուսուցչակազմին` այս ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակելու իրենց ժրաջան աշխատանքին  եւ ծնողներուն` իրենց ազնիւ ներկայութեան համար:

Ապա տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES