ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ. ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
«Ամենագեղեցիկ բանն աշխարհում մօր աչքերն են, թէկուզ միայն մայր ունենալու համար արժէ աշխարհ գալ»:
ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ
Կեանքին մէջ ամէնէն գեղեցիկ իմաստը երախտագէտ ըլլալն է այն մարդ էակին, որուն կեանքը կը սահմանուի նուիրում, անվերջ զոհողութիւն, սէր եւ գուրգուրանք բառերով: Դարերու ընթացքին հայ ընտանիքին սիւնը նկատուող մայրը ու յատկապէս հայ մայրը կարեւոր ներդրում ունեցած է ընտանիքի գոյատեւման եւ դաստիարակութեան մէջ:
Այս անսակարկ ծառայութիւնը գնահատելու եւ մօր դերը արժեւորուելու իմաստով Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի ընտանիքը գեղարուեստական յայտագիրով եւ դասախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ հանրութեան, երեքշաբթի, 10 մայիս 2011-ի առաւօտեան, վարժարանի «Բակուր Աղասարգիսեան» սրահին մէջ:
Արդարեւ, շրջանի միութիւններուն եւ ծնողներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան սկիզբ առաւ Մայրերու օրուան տօնակատարութիւնը` բացման խօսքով, որ կատարեց վեցերորդ դասարանի աշակերտ Արմիկ Թենեքեճեան: Ան նշեց, որ մայրը աշխարհի ամէնէն թանկագին էակն է, որ լաւապէս կը հասկնայ իր զաւակներուն ցաւերը: Թենեքեճեան մայր բառը բնորոշեց հեքիաթային հոգատարութիւն, անսպառ սէր, անվերջ զոհողութիւն, նուիրում եւ գուրգուրանք բառերով: Աւարտին ան քաջառողջութիւն, համբերութիւն եւ երկար կեանք մաղթեց բոլոր մայրերուն:
Գեղարուեստական յայտագիրով նախ ելոյթ ունեցան մանկապարտէզի նորափթիթ աշակերտները, որոնք մանկական թոթովանքով երգեցին ու արտասանեցին մայրերու նուիրուած երգեր եւ արտասանութիւններ: Ապա նախակրթարանի առաջին դասարանէն սկսեալ մինչեւ վեցերորդ դասարանի աշակերտներ հերթաբար բանաստեղծութիւններով, երախտագիտական խօսքերով ողջունեցին իրենց մայրերը եւ արտայայտեցին իրենց սէրն ու յարգանքը:
Վարժարանին երգչախումբը խմբավարութեամբ, Գայեանէ Մարկոսեանի, մեկնաբանեց գարնան եւ մայրերու նուիրուած երգեր, որոնք գնահատուեցան ներկաներուն կողմէ բուռն ծափահարութիւններով:
Հուսկ, վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեան ներկայացուց օրուան դասախօսը` Արաքսի Շահինեան, որ ազգային կեանքին մէջ իր ներդրումը ունի: Բանախօսը շեշտը դրաւ հայ մօր դերին` ընտանիքը լաւ ձեւով տնտեսելու գործընթացին վրայ: Ա. Շահինեան այժմէական այս նիւթը ներկայացուց` մէջբերելով իրական կեանքէն դրուագներ, որուն աւարտին շինիչ թելադրանքներ կատարեց այս նիւթին շուրջ: Շահինեան իր դասախօսութիւնը եզրափակեց` ըսելով, թէ երջանիկ ընտանիք մը կը գոյատեւէ, երբ մայրը լաւապէս կը տնտեսէ իրենց եկամուտը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը:
Նշելի է, որ սրահի մուտքին բոլոր ներկաներուն բաժնուեցաւ այս առիթով պատրաստուած խտասալիկ մը, որ կը բովանդակէր յայտնի երաժշտահաններու կողմէ մեկնաբանուած եւ մայրերու նուիրուած երգեր: