ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ ԳԻՆԵՐՈՒ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄԻՆ ԵՒ ՍՂԱՃԻՆ ԴԷՄ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼ 19 ՄԱՅԻՍԻՆ

Պենզինի գիները` մնայուն բարձրացումի ընթացքին մէջ:

Լիբանանի մէջ վառելանիւթն ու ելեկտրականութիւնը մնայուն  կերպով տագնապահար վիճակի մէջ են` նկատի ունենալով այդ մարզերուն հանդէպ լիբանանեան պետութեան վարած ոչ իմաստուն քաղաքականութիւնը եւ տարբեր կառավարութիւններու եւ վարչապետներու կողմէ այդ մարզին բարելաւման համար ներկայացուած ամբողջական ու շինիչ ծրագիրներու գործադրութեան մերժումը:

Վերջին տասնամեակներուն ընթացքին Լիբանանը եւ լիբանանցիները յուզող հիմնական հարցի վերածուած է վառելանիւթի գիներու բարձրացումը, որուն իբրեւ հետեւանք` երկրին մէջ կ՛արձանագրուի ընդհանուր սղութիւն մը` ծանրացնելով քաղաքացիներուն ուսերուն ծանր բեռը:

Տակաւին այլ հարց մըն է նաեւ այն իրականութիւնը, որ այս հանգրուանին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու գործավար նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ ելեւմուտքի գործավար նախարար Ռայա Հասանի միջեւ գոյութիւն ունեցող մրցակցութիւնը, որ անձնական հարցի վերածուած է եւ, բնականաբար, իր հետեւանքները կ՛ունենայ վառելանիւթի սակին ճշդման գործառնութեան վրայ:

Տակաւին անցեալ շաբթուան ընթացքին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ ինք այն տպաւորութիւնը ստացած է, թէ ամէն անգամ որ վառելանիւթի սակերուն նուազեցման փորձ մը կատարէ, ելեւմուտքի գործավար նախարար Ռայա Հասան կ՛առաջադրէ նախաձեռնութիւն մը, որ կ՛ընդդիմանայ եւ բանավէճի վերածուելով` կ՛ուղղուի դէպի այլ տեղ:

Իրականութիւնը սակայն այն է, թէ երկու նախարարները իրենց ամբողջ ուժով կը պայքարին իրարու դէմ, եւ տարօրինակ կերպով դուրս կու գայ արդիւնք մը, որ բոլորին զարմանք կը պատճառէ: Արդիւնքը կ՛ըլլայ երկու նախարարներուն (այս պարագային` երկու գործավար նախարարներուն) արձանագրած նուաճումով:

Ճի՛շդ է` քաղաքացին չի հասկնար, թէ ինչպէ՛ս կարելի է երկու մրցակից նախարարներուն յաղթանակը միատեղ արձանագրուիլ, սակայն ան ըմբռնելու տրամադրութիւն եւ հետաքրքրութիւն իսկ չի ցուցաբերեր, որովհետեւ այդ պահուն կ՛ուզէ վայելել իրեն ընծայուած այն «բարիքը», որ իրեն համար որոշ չափով նուազում մը կատարուած է վառելանիւթի սակին վերաբերեալ:

Աւելի ուշ, սակայն, երբ քաղաքացին կ՛անդրադառնայ, թէ վառելանիւթի, յատկապէս պենզինի սակը հետզհետէ յաւելում կ՛արձանագրէ, ան ուշքի կու գայ եւ կը տեսնէ, թէ այդ բոլոր բանավէճերն ու տրուած որոշումները ժամանակաւոր էին, եւ ինք դարձեալ դատապարտուած է տուրքեր եւ բարձր սակեր վճարելու, որպէսզի կարենայ իր փոխադրութիւնը ապահովել:

Ներկայիս գործավար նախարար յետս կոչած է իր սպառնալիքը, որուն հիմամբ ան կը մերժէր ստորագրել իւրաքանչիւր չորեքշաբթի հրապարակուող վառելանիւթի սակացոյցը պարունակող նախարարութեան շրջաբերականը: Սակայն Պասիլ այդ սպառնալիքը յետս կոչած է, պայմանաւ որ այդ սակացոյցին մէջ վառելանիւթի նուազում մը արձանագրուի, «այլապէս պիտի մերժեմ ստորագրել սակացոյցը եւ պիտի շարունակեմ զօրակցիլ քաղաքացիներուն», աւելցուց ան:

Պասիլ մամլոյ ասուլիսի պահուն:

Հոս հարկ է նշել, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Պասիլ վառելանիւթի սակացոյցը ստորագրեց, որովհետեւ պենզինէն բացի` վառելանիւթի այլ տեսակներուն սակերը նուազում արձանագրած էին, իսկ պենզինի սակը չնչին յաւելում մը արձանագրած էր:

«Հոս պէտք է նշել, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը, ելեւմուտքի նախարարութեան եւ Մաքսատան գերագոյն խորհուրդին յղած է նամակներ` պահանջելով նուազեցնել պենզինին սակը` օժանդակելու համար լիբանանցիներուն ապրուստին բարելաւման, սակայն նշեալ երկու վարչութիւնները անպատասխան ձգած են նախարարութիւնը», ըսաւ Պասիլ մամլոյ ասուլիսին կատարած իր յայտարարութիւններուն ընթացքին` խստիւ դատապարտելով այն դրութիւնը, որ քաղաքացիին առօրեան կախեալ է նման վարչութիւններու քմահաճոյքէն:

Պասիլ աւելցուց նաեւ, որ երբ մտածուի քաղաքացիներուն օժանդակելու քայլերու մասին, ապա այդ մէկը պէտք է ամբողջական ըլլայ եւ ոչ թէ կեդրոնանայ միայն լիբանանեան ընկերութեան որոշ շերտին վրայ:

Այս վերջին յայտարարութեամբ, Պասիլ անդրադարձաւ գործավար նախարար Հասանի, փոխադրութեան միջոցներու գործավար նախարար Ղազի Արիտիի եւ հանրային փոխադրութեան ինքնաշարժներու վարորդներու սենտիքային միջեւ կատարուած հանդիպումին:

Այս հանդիպումին ընթացքին Ռայա Հասան շեշտեց, որ վառելանիւթի սակերուն նուազումը կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահին եւ գործավար վարչապետին արտակարգ համաձայնութեան:

Հասան իր այս յայտարարութեամբ անուղղակիօրէն կ՛ակնարկէր Ժըպրան Պասիլի կողմէ Մաքսատան գերագոյն խորհուրդին յղուած այն նամակին, որուն հիման վրայ Պասիլ պահանջած էր 4900 լ. ոսկիով նուազեցնել պենզինի թիթեղի սակին վրայ դրուած տուրքը:

Աջէն` ձախ, Ռայա Հասան եւ Ղազի Արիտի` վարորդներու սենտիքային հետ իրենց ունեցած հանդիպումէն ետք:

Միւս կողմէ, գործավար նախարար Արիտի, որուն նախաձեռնութեամբ սկսած էին գումարուիլ նիստեր` մասնակցութեամբ հանրութեան փոխադրութեան տրամադրուած ինքնաշարժներու վարորդներուն, իր եւ ելեւմուտքի նախարարին, վերջ տուաւ իր մասնակցութեան եւ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան շեշտեց, թէ ինք կը զօրակցի վարորդներուն պահանջներուն եւ յանձնառու է գործադրելու անոնց բոլոր պահանջները, որպէսզի կարենայ դիւրացնել քաղաքացիներուն ապրուստի ապահովման եւ ընկերային հոգերը թեթեւցնելու առաքելութիւնը:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼ

Նկատի ունենալով վառելանիւթի սակերուն արձանագրած մնայուն յաւելումը, ինչպէս նաեւ` երկրին մէջ հետզհետէ շեշտուող սղաճը, ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը յառաջիկայ հինգշաբթի օր պիտի գործադրէ ընդհանուր գործադուլ մը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ ուսուցիչներու սենտիքաները, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` վառելանիւթի կայաններու սեփականատէրերու սենտիքան: Վառելանիւթի կայաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սամի Պրաքս հաստատեց, որ հարկ է բողոքել այս կացութեան դէմ, որովհետեւ հիմնականին մէջ հարցը ուժանիւթի եւ ելեւմուտքի նախարարներուն միջեւ արձանագրուած քաղաքական բանավէճն է եւ պէտք է վերջ տալ այդ կացութեան:

Իր կարգին, հանրային ցամաքային փոխադրութեան վարորդներու սենտիքայի նախագահ Ապտել Էմիր Նաժտէ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան ողջունեց վառելանիւթի սակերը ճշդող շրջաբերականը չվաւերացնելու Ժըպրան Պասիլի տուած որոշումը: Այս կը նշանակէ, թէ Նաժտէ յուսախաբ եղած է ելեւմուտքի գործավար նախարար Ռայա Հասանի հետ բանակցելէ եւ կը փափաքի գործել Պասիլի հետ` ապահովելու համար վարորդներուն շահերը:

«Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Նաժտէ յայտնեց, որ նախարար Հասանի կողմէ պենզինի թիթեղին սակը 5,000 լ. ոսկիով նուազեցնելու որոշումը ընդվզեցուցիչ էր, որովհետեւ քանի մը շաբթուան ընթացքին վառելանիւթի սակերուն արձանագրած յաւելումով այդ օժանդակութիւնը արդէն իսկ վերջ գտած է:

Նաժտէ հաստատեց, որ հարկ է Լիբանանի համար քարիւղի քաղաքականութիւն մը որդեգրել, ինչպէս էր պարագան 1976-էն առաջ, երբ լիբանանեան պետութիւնը Զահրանիի եւ Թրիփոլիի զտարաններուն մէջ կը պահէր պենզինը, եւ երբ կը գործէր վառելանիւթի սակերու օժանդակութեան ազգային սնտուկը, որ իր աջակցութիւնը կը բերէր հանրային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող վարորդներուն:

Նաժտէ ցաւ յայտնեց, որ այդ սնտուկը այլեւս չի գործեր, ինչպէս նաեւ աւելցուց, որ պենզինի պահեստը վստահուած է անձնական ընկերութիւններուն, որոնց իշխանութեան տակ է վառելանիւթի սակերուն յաւելումը:

Այս առիթով անցեալ շաբաթավերջին Նաժտէ ներկայ գտնուեցաւ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած վարորդներու ընդարձակ հանդիպումին, ուր ան շեշտեց, թէ հարկ է աշխուժ եւ լայն մասնակցութիւն բերել յառաջիկայ 19 մայիսին տեղի ունենալիք ընդհանուր գործադուլին, որպէսզի կարելի ըլլայ բողոքել սղաճին եւ վառելանիւթի սակերուն արձանագրած մնայուն յաւելումին դէմ:

Նաժտէ հաստատեց, որ վարորդներու սենտիքաներուն եւ համադաշնակցութեան պահանջները մնայուն անտեսուած են` աւելցնելով, որ այդ պահանջներուն մէջ հիմնական է պենզինի թիթեղը 25,000 լ. ոսկիի եւ մազութին թիթեղը 20,000 լ. ոսկիի իջեցնելը եւ երթեւեկի դրութեան կարգաւորումը:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՄԱԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն:

Այս շրջագիծին մէջ, անցեալ շաբթուան ընթացքին Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան գործադիր խորհուրդի գրասենեակին նիստէն ետք, համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը կը զօրակցի բոլոր այն քայլերուն, որոնք պիտի առնուին հանրային փոխադրութեան պատասխանատու սենտիքաներուն կողմէ:

Ղոսըն ընդգծեց, որ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը նեցուկ կը կանգնի բոլոր այն սենտիքաներուն եւ համադաշնակցութիւններուն, որոնք պիտի բողոքեն Լիբանանը յուզող ընկերային հարցերուն եւ տիրող տնտեսական տագնապալի իրավիճակին դէմ` պահանջելով այդ գծով համապատասխան լուծումներ որդեգրել:

Ղոսըն շեշտեց, որ Լիբանանի գործավար կառավարութիւնը ամբողջութեամբ լքած է իր աշխատանքները` ժողովուրդին հարցերը լուծելու փոխարէն, մինչդեռ քաղաքացիները ապրուստը ապահովելու հսկայ հարցեր կը դիմագրաւեն:

Ան աւելցուց, որ շաբաթական դրութեամբ վառելանիւթի սակերուն առումով արձանագրուած յաւելումը երկրին ամբողջ տնտեսութեան վրայ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ:

Ղոսըն խստիւ քննադատեց լիբանանեան պետութեան ցուցաբերած անտարբերութիւնը` քաղաքացիին ապրուստի հանդէպ, շեշտելով, որ վառելանիւթի սակերու բարձրացումը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ փոխադրութեան եւ օրուան հացին արժէքին բարձրացման վրայ:

Ղոսըն շեշտեց, որ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան հիմնական պահանջն է վառելանիւթի բոլոր սակերուն վրայ դրուած տուրքերը ջնջել, յատկապէս` պենզինին տուրքը, որ 40 առ հարիւրի կը հասնի: «Այս պատճառով մենք կը պահանջենք ջնջել այդ տուրքերը եւ կոչ կ՛ուղղենք պետութեան` թեթեւցնելու քաղաքացիներուն ուսերուն բեռը` որդեգրելով այնպիսի պատասխանատու լուծումներ, որոնք հեռու կը մնան ժողովուրդին համեստ դասակարգին գրպաններէն»:

Ղոսըն նկատել տուաւ, որ կառավարութեան չգոյութեան իրականութիւնը իր կարգին տագնապ մըն է լիբանանցիներուն համար, աւելցնելով, որ ժողովուրդը յառաջիկայ օրերուն ընթացքին բողոքի իր ձայնը պիտի բարձրացնէ սղաճին, ընկերային ծանր իրավիճակին եւ իր վրայ պարտադրուող հսկայական տուրքերուն դէմ:

Նշենք, որ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան պահանջներէն է փոխադրածախսը օրական 8 հազար լ. ոսկիէն բարձրացնել 12 հազար լ. ոսկիի, ինչպէս նաեւ` աշխատավարձի յաւելումը հասցնել 60 առ հարիւրի:

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւրներ`
«ՍԱՖԻՐ», «ՍԱՏԱ ՊԱԼԱՏ» եւ «ՆԱՀԱՐ»

 

 

Share this Article
CATEGORIES