ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ ԳՈՐԾՕՆԸ. ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԱՐԵՒՄՏԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԷ ԵՐԿՓԵՂԿՈՒՄՆԵՐ

ՎՐԱՍՏԱՆԸ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ԳՕՏԻԷՆ ԴՈՒՐՍ ՀԱՆԵԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ԱՆԳԼԵՐԷՆԸ ԱՅԺՄ ՊԱՐՏԱԴԻՐ Է, ԻՍԿ ՌՈՒՍԵՐԷՆԸ` ԸՆՏՐԱՆՔ: ԱՅՍՈՒՀԱՆԴԵՐՁ, ՌՈՒՍԵՐԷՆԸ ԻԲՐԵՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ԼԵԶՈՒ ԱՆԳԼԵՐԷՆՈՎ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼՈՒ ՎՐԱՑԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ ԿԸ ԲԱԽԻ ՆՈՅՆԻՆՔՆ ԱՅՆ ՊԱՏՈՒԱՐՆԵՐՈՒՆ, ԶՈՐՍ ԿԸ ՁԳՏԻ ՔԱՆԴԵԼ: «ԺԱԶԻՐԱ» ԵՒ «ՌՈՅԹԸՐԶ» ԿԸ ՆԿԱՐԱՐԵՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՅԱՐՈՒՑԱԾ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ:

Թիֆլիսի մէջ առաջին դասարանի աշակերտ մը` անգլերէնի առաջին դասապահին:

Երբ բնիկ քալիֆորնիացի Չին Զօ անգլերէն կը դասաւանդէ վրացի մանուկներուն, շատ ցցուն կերպով իր դիմաց կը գտնէ այն պատուարները, զորս քանդելու եկած է:

«Աշակերտները իրապէ՛ս խանդավառ են եւ իրապէ՛ս ուրախ` տեսնելով արեւմտեան մշակոյթէ եկած անձ մը, թէեւ ես ծագումով չինացի եմ», կ՛ըսէ ան:

«Սակայն նաեւ անձ մըն եմ, որ կտրած է այսքան երկար ճամբայ, ինչ որ մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ»:

Զօ կը դասաւանդէ Թիֆլիսի մէկ արուարձանին մէջ, ուր աշակերտներէն շատերը դասագիրք չունին:

Ան դասաւանդութիւնը կը կատարէ անգլերէնի վրացի դասատուի մը օգնութեամբ` խուսափելու համար այն դժուարութիւններէն, որոնք կրնան յայտնուիլ վրացերէնի իր սահմանափակ գիտութեան եւ աշակերտներուն անգլերէնի նուազագոյն մակարդակին պատճառով:

Զօ կը բնակի արուարձանին բարձունքներուն վրայ զինք հիւրընկալած ընտանիքի մը քով: Շրջանը կը դիմագրաւէ ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապներ, ինչպէս նաեւ` գործազրկութեան բարձր համեմատութիւն:

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՄԻԱՀԵԾԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Քալիֆորնիայէն անգլերէնի դասատու մը` Թիֆլիսի մէկ դպրոցին մէջ:

Զօ Վրաստան ժամանած է պետական ծրագիրի մը նախաձեռնութեամբ, որ կը միտի 5 տարիէն ռուսերէնը փոխարինել անգլերէնով` իբրեւ երկրին երկրորդ լեզուն:

Ծրագիրը գործադրութեան սկսած է դրուիլ 2010-ի սեպտեմբերին: Ցարդ բնիկ անգլիախօս աւելի քան 1000 ուսուցիչներ բերուած են վրացական դպրոցներ եւ կը նախատեսուի, որ սեպտեմբերին, դպրոցական յառաջիկայ տարեշրջանին, անոնց թիւը բարձրանայ 1500-ի` իւրաքանչիւր դպրոցի համար ունենալով անգլերէնի գէթ մէկ դասատու: Այնուհետեւ անգլերէնը առաջին դասարանէն սկսեալ պարտադիր դասանիւթ պիտի դառնայ վրացական բոլոր դպրոցներուն մէջ:

Շուրջ 70 տարի Խորհրդային Միութեան իշխանութեան տակ ապրելով` բազմաթիւ վրացիներ գէթ քիչ մը ռուսերէն կը խօսին: Ռուսիա կը զօրակցի Վրաստանէն անջատուած Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ տարածքներուն, որոնց համար երկու երկիրները պատերազմ մը մղեցին 2008-ին, եւ Մոսկուայի կողմէ ուղարկուած այսպէս կոչուած խաղաղարար ուժեր հաստատուած կը մնան այս շրջաններուն մէջ:

Վրաստանի վրայ ռուսական միահեծան իշխանութեան մտավախութիւններով` Վրաստանի իշխանութիւնները առիթ տուած են Ռուսիոյ սահմանակից Հիւսիսային Կովկասի բնակիչներուն, որ ազատօրէն մուտք գործեն Վրաստան եւ հիմնած են ռուսերէնով պատկերասփիւռ մը` նոյն տարածքին քաղաքացիներուն համար:

Անգլերէնի դասաւանդումի ծրագիրը այլ ճիգ մըն է, զոր ի գործ կը դնէ Վրաստան` ինքզինք հեռացնելու համար մեղմ ուժով թափանցող ռուսամէտ հայրենասիրութենէն:

Թիֆլիսի իշխանութիւնները կ՛աւելցնեն, թէ ծրագիրը վրացի շրջանաւարտներուն առիթ պիտի տայ աշխուժ մրցակցութեան` միջազգային շուկաներու մէջ, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով Վրաստանի սահմանափակ աղբիւրները` պիտի նպաստէ ինքնազարգացումի, համացանցի ճամբով:

Իշխանութիւնները կը յուսան, թէ ի վերջոյ անգլերէնը պիտի նպաստէ երկրին տնտեսութեան զարգացումին: Վրաստանի 4.5 միլիոն բնակչութիւնը միջին հաշուով կը շահի տարեկան 4800 տոլար, ինչ որ աշխարհի 152-րդ նուազագոյն եկամուտն է: Լեռնային այս երկրին բնակչութեան 31 առ հարիւրը կը բնակի աղքատութեան սահմանէն վար պայմաններու մէջ:

Այսուհանդերձ, վրացիք կը շարունակեն իրենց աւանդական հիւրասիրութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ կերուխումի հրաւէրներ` ամերիկացի, քանատացի եւ բրիտանացի ուսուցիչներու, միաժամանակ զանոնք ընդունելով իրենց ընկերային կառոյցին մէջ:

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԲԱԽՈՒՄ

Վրաստանի մէջ կեանքը յատկանշուած է կրօնական աւանդական մշակոյթով եւ աղքատ աղբիւրներով:

Սակայն Վրաստան ժամանելէ ետք, մէկ շաբթուան վրայ երկարող մշակութային այն դասընթացքները, որոնց կը հետեւին նորեկ ուսուցիչները, յայտնապէս չեն յաջողիր զանոնք պատրաստել ընկերային այն ոստումներուն, զորս կ՛ակնկալուի, որ կատարեն:

Ճէյսըն Ռայս` Միշիկընէն 34 տարեկան ուսուցիչ մը, որ հրաժարած էր ծրագիրին իր մասնակցութենէն, երբ իր առաջին երեք ամսուան պայմանագրութիւնը վերջ գտած էր, կ՛ըսէ, թէ ընտանեկան եւ հաւաքական սեղմ կապերը սկսած էին հարցեր յարուցել իրեն համար:

«Հրաժարելուս պատճառներէն մէկը այն էր, թէ շատ ժողովրդականութիւն սկսած էի վայելել: Զիս հիւրընկալած առաջին ընտանիքին մէջ պատահած ողբերգութիւն մը պատճառ դարձաւ, որ ծրագիրին կազմակերպիչները զիս փոխադրեն այլ ընտանիքի մը քով: Երբ դպրոց վերադարձայ երկրորդ կիսամեակին, զիս հիւրընկալած առաջին ընտանիքը խնդրեց, որ վերադառնամ իրենց քով: Ասիկա զուգադիպեցաւ կարգ մը արարքներու, որոնց պատճառը կ՛ենթադրեմ, թէ զիս հիւրընկալած երկրորդ ընտանիքին դառնութիւնն էր», կը պատմէ Ռայս:

«Չուզեցի ընտրութիւն մը կատարել երկու ընտանիքներուն միջեւ, որովհետեւ երկուքն ալ շատ ազնիւ վերաբերած էին ինծի հետ, յարգուած էին իրենց հաւաքականութեան կողմէ եւ` դպրոցին, եւ երկուքէն մէկը ընտրելը պատճառ պիտի դառնար, որ դասաւանդելու կարողութիւնս տուժէր եւ չկարենայի հանգիստ ապրիլ»:

Խորապէս հաւատացեալ այս մշակոյթին մէջ միասեռականութեան նկատմամբ կեցուածքները պատճառ դարձած են բախումներու` եկուոր ուսուցիչներուն եւ տեղացի հաւաքականութիւններու միջեւ, իսկ օտար ուսուցչուհիներ, իբրեւ կիներ, յաճախակի եւ հետեւողական կերպով դարձած են ուշադրութեան կեդրոնը վրացի տղամարդոց, որոնք կը շարունակեն խաղալ իրենց սեռին յատուկ աւանդական դերերը:

«Անոնք որոշ մտայնութիւններով բաւական պահպանողական են: Վատ փորձառութիւններ ունեցած եմ վրացի տղամարդոց հետ: Ինչ կը վերաբերի զիս հիւրընկալած ընտանիքին` լեզուական որոշ պատուարներ ունինք: Իմ բնակած տանս մէկ զաւակն է 8-րդ դասարանի աշակերտ մը, որ կը յաճախէ իմ պաշտօնավարած դպրոցս եւ անոր անգլերէնը տակաւին սահմանափակ է, իսկ ան միակ անձն է, որ ամէնէն աւելի անգլերէն կը խօսի», կ՛ըսէ Զօ:

Ռայս կը հաւատայ, թէ իբրեւ առաջին ուսուցիչներէն մէկը, որ Վրաստան գացած էր` մասնակցելով ծրագիրին, անխուսափելի էր, որ պիտի հանդիպէր նախատիպարային վերաբերմունքի:

«Կը յուսամ, որ վրացիք յաջողեցան սորվիլ, թէ մարդը նաեւ անհատ է եւ ոչ միայն մշակոյթ: Կը թուի, թէ այն չէի, ինչ որ կ՛ակնկալէին իրենք: Իրենց մտապատկերին մէջ ամերիկացիք կը մտածեն եւ կը գործեն որոշ ձեւով: Եւ որովհետեւ ես չէի համապատասխաներ իրենց պատկերացումին, յայտնապէս չէին գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պէտք էր վարուէին», կ՛ըսէ ան:

Առնուազն երեք ուսուցիչներ դուրս դրուած են ծրագիրէն: Անոնցմէ մէկը` ծրագիրին հարկ եղած կարեւորութիւնը չտալու պատճառով:

«ԲԱՐԵԼԱՒՈՒԱԾ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ»

Պահամասէն Նիքոլ Պետֆորտ երեք ամիս դասաւանդած է Վրաստանի արեւմտեան Խարակաուլի շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ` Թիֆլիսի: Անցեալ յունուարին ծրագիրին պատասխանատուները իրեն յայտնեցին, թէ դպրոցական արձակուրդէ մը ետք այլեւս չէր կրնար վերադառնալ եւ շարունակել դասաւանդութիւնը, որովհետեւ ծրագիրին մասին ոչ դրուատական ակնարկութիւններ կատարած էր Ֆէյսպուքի վրայ: Ան խօսած էր կազմակերպիչներուն տկար արհեստավարժութեան մասին, ինչպէս նաեւ` վրացական ընկերութեան հետ իր յարաբերութեան:

«Ըսած էի բաներ` փորձառութեանս մասին, ցեղային այն խտրականութեան մասին, որուն փորձառութիւնը ապրած էի, եւ` այլ երեւոյթներու», կը բացատրէ Պետֆորտ:

«Զիս ուղարկեցին ե-նամակ մը, որ կ՛ըսէր, թէ կը նախատէի իրենց մշակոյթը, երբ նման բաներ կը յայտնէի Ֆէյսպուքի վրայ, եւ թէ` իրենք չեն փափաքիր, որ նման անձ մը մաս կազմէ իրենց ծրագիրին: Հետեւաբար վտարուեցայ` իմ փորձառութեանս մասին Ֆէյսպուքի վրայ գրելուս պատճառով»:

Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Տիմիթրի Շաշքինի կ՛ըսէ, թէ ցարդ միայն քանի մը նման հարցեր յայտնուած են այլապէս «մեծապէս օգտակար ծրագիրին» գործադրութեան ընթացքին:

«Մշակոյթներու միջեւ բախումի մեծ հարցեր չեմ տեսներ: Կարգ մը տեղեկութիւններու համաձայն, նման դէպքերու ականատես եղած ենք եւ որոշ հակազդեցութիւն ցուցաբերած ենք: Սակայն գլխաւոր հարցեր չկան», կ՛ըսէ ան:

Փոխարէնը, նախարարին համաձայն, բարելաւուած է անգլերէն սորվելու ընթացքը եւ յատկանշականօրէն բարձրացած է անգլերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ժողովրդականութիւնը:

«Դասապահերէն ետք եկուոր ուսուցիչները շատ կարեւոր դեր մը կը խաղան տեղական հաւաքականութիւններու մէջ: Օրինակ, ուսուցիչ մը կը դասաւանդէ գիւղական դպրոցի մը մէջ, որ կը գտնուի ռուսական նուաճող բանակներուն կեդրոնէն միայն 100 մ հեռու», կը բացատրէ ինքնին ծագումով ռուս նախարարը:

«Այս դպրոցին աշակերտները ռուս նուաճող զինուորները կը տեսնեն իրենց դասարաններուն պատուհանէն: Իսկ այս ուսուցիչը կը բնակի իրենց գիւղին մէջ, ինչ որ մեծ ազդեցութիւն կը գործէ տեղւոյն հաւաքականութեան վրայ, երբ գիւղացիք կը տեսնեն, թէ Միացեալ Նահանգներէն մէկը, աւելի՛ն, կին մը, մեծ դերակատարութիւն ունի իրենց հաւաքականութեան մէջ»:

ԱՅԼ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Վրաստանէն անջատուած տարածքներու մէջ ռուսական բանակին ներկայութիւնը Թիֆլիսի իշխանութիւնները մղած է իրենց հայեացքը ուղղելու Արեւմուտք:

Հակառակ առաւելութիւններուն, ոմանք հարց կու տան, թէ արդեօք ծրագիրը իրապէս տեղի՞ն առաջնահերթութիւն մըն է երկրի մը համար, որ ունի նիւթական սահմանափակ աղբիւրներ:

Օտար ուսուցիչներ կը ստանան ամսական 300 տոլար, ինչ որ տեղացի ուսուցիչներուն աշխատավարձին կրկնապատիկն է, եւ որոնք կը գոյատեւեն` անձնական կրթաթոշակներ պահանջելով:

«Նախագահը նախապաշարումի մակարդակի մը վրայ կը փորձէ հաւատացնել, թէ մեծ փոփոխութիւն մը տեղի պիտի ունենայ, երբ հրաւիրուին այսքան մեծ թիւով ամերիկացի ուսուցիչներ: Սակայն փոփոխութիւնը հեռու է: Մարդիկ նախ կարիքը ունին աշխատանքի: Գործազրկութեան համեմատութիւնը իրապէս բարձր է, եւ ժողովուրդը տակաւին աղքատ է», կ՛ըսէ Զօ:

«Ասիկա կը նշանակէ պետութեան դրամը առնել եւ զայն տալ անձերու, որոնք հակառակ իրենց ճիգերուն` շատ դժուար կը նկատեն դպրոցներու մէջ հսկայական փոփոխութիւններ իրագործելը: Մենք վրացերէն չենք գիտեր: Միշտ կապուած ենք վրացի օգնական ուսուցիչի մը, որ կը թարգմանէ մեզի համար», կ՛ըսէ ան:

Այսուհանդերձ, Շաշքինիի դիտանկիւնէն, ծրագիրը պիտի քաջալերէ Վրաստանի գլխաւոր բնական աղբիւրին աճը, ինչ որ պիտի վերացնէ նման հարցեր:

«Վրաստան քարիւղ կամ կազ չունի,- կ՛ըսէ Շաշքինի:- Մեր բնական աղբիւրը մարդկային կարողութիւնն է: Ասիկա այս երկրին ծանօթ արժէքն է»:

«Երբ մանուկի մը հարց կու տանք, թէ ինչո՞ւ անգլերէնը կարեւոր է, ան կը պատասխանէ, թէ անիկա իրեն առիթ կու տայ աւելի լաւ աշխատանք գտնելու, աւելի բարձր աշխատավարձ ստանալու, թէ` անիկա իր ապագան է»:

ՌՈՒՍԵՐԷՆԸ ԿԸ ՆԱՀԱՆՋԷ

Ալեքսանտր Պուշկինի պատէն կախուած լուսանկարին եւ փոշոտ դարաններու վրայ ռուս գրական հսկաներու գիրքերուն շուքին Նաթալիա Չոխոնելիծէի գրասենեակը կը յիշեցնէ տարբեր ժամանակաշրջան մը` Վրաստանի պետական համալսարանին մէջ:

«Ժամանակին ունէինք 50 հոգիէ բաղկացած պաշտօնէութիւն մը, այժմ ունինք 5 հոգի, որովհետեւ ուսանող չունինք», կ՛ըսէ 70 տարեկան հանգստեան կոչուած պատուոյ դասախօսը` համալսարանին Ռուսական գիտութիւններու հիմնարկին մէջ:

«Ռուսերէնը կը խամրի, ինծի հետ», կը կատակէ ան:

Չոխոնելիծէ մաս կը կազմէ պարտուող կողմի մը` նախկին խորհրդային այս երկրին մէջ, որուն իշխանութիւններուն մշակած ծրագիրին համաձայն, 5-16 տարեկան իւրաքանչիւր մանուկ պէտք է անգլերէն խօսի:

Նպատակը գործնական կը թուի համաշխարհայնացած երկրի մը համար, որուն շահարկումներու վրայ հիմնուած տնտեսութիւնը գործընկերներ կը փնտռէ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան մէջ եւ անկայուն կապեր ունի դրացի երկիրներու հետ:

«Մենք ազատ եւ անկախ պետութիւն ենք, մեր ժողովուրդը ազատ է եւ անկախ: Ժողովուրդը կ՛ընտրէ այն լեզուն, որ կ՛ուզէ սորվիլ,- կ՛ըսէ Շաշքինի:- Իսկ անգլերէնը կը բանայ բազմաթիւ դռներ»:

Նախկին խորհրդային երկիրներուն տարածքին ռուսերէնի նահանջը ամէնէն սուր կերպով կը յայտնուի Վրաստանի մէջ: Քննադատներ հարցականի տակ կ՛առնեն ռուսերէնէն հրաժարելու իմաստութիւնը, որովհետեւ անիկա տակաւին կը մնայ հաղորդակցութեան ամէնէն հաւանական լեզուն` նախկին խորհրդային երկիրներուն միջեւ:

Սակայն երեւոյթը գլխաւորաբար սերունդներու հարց է: Այժմ համալսարան մուտք գործող ուսանողներ ծնած են 1991-ին, Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք: Արեւմտեան փոփ մշակոյթին եւ համացանցի ազդեցութիւնները զօրաւոր են:

Առեւտրական կապերը նուազագոյն են Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ: Անցագիրի պայմանները եւ ճամբորդութեան տանջալից ուղիները դժուարացուցած են կապը ընտանիքի անդամներու եւ բարեկամներու միջեւ:

«Աւելի լայն պարունակի մէջ, կը թուի, թէ հարցը քաղաքական է», կ՛ըսէ վրացական «Լիպերալի» թերթին խմբագիրը` Շորենա Շաւերտաշվիլի:

«Պէտք է անգլերէն սորվեցնել, սակայն ինչո՞ւ մէկ լեզուն փոխարինել միւսով: Ասիկա մեր թաղն է եւ մեր դրացիներուն հետ մեր հասարակաց լեզուն ռուսերէնն է»:

Պետական համալսարանին մէջ Չոխոնելիծէ  կ՛ափսոսայ ի տես ժամանակաշրջանի մը աւարտին, որուն հետ կ՛անհետանան Պուշկին, Թոլսթոյ եւ Տոստոյեւսքի ընթերցողներու սերունդները: «Կը վախնամ, որ քանի մը տարի ետք, երբ անոնց գիրքերը կարդացած մեծ մայրերն ու մեծ հայրերը մահանան, ոչ ոք մտահոգուի այս հարցով», կ՛ըսէ ան:

Պատասխանը պարզ է 20 տարեկան ուսողութեան ուսանող Նուկզար Պարպաքածէի համար. «Ռուսական գիրքերը կրնամ կարդալ   վրացերէնով»:

 

ԲՈԼՈՐ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՒՆ ՄԱՅՐԸ

ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, 50 ՀԱԶԱՐԷՆ 70 ՀԱԶԱՐ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ՄԱՐԴԻԿ ԽՕՍԱԾ ԵՆ ԼԵԶՈՒ ՄԸ, ՈՐ ԽՄՈՐԱԾ Է ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ:

Նոր Զելանտայի մէջ Օքլենտի համալսարանէն լեզուագէտ Քուենթին Աթքինսընի մէկ ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է այն գաղափարին վրայ, թէ իւրայատուկ ձայներ, ինչպէս` ձայնաւորներ եւ բաղաձայններ, կը կազմեն լեզու մը:

Ան ուսումնասիրած է 504 լեզուներու ձայնաւորներն ու բաղաձայնները եւ եզրակացուցած է, թէ ամէնէն աւելի ձայնաւորներ եւ բաղաձայններ ունեցող լեզուները նաեւ ամէնէն հին լեզուներն են, եւ թէ` այն լեզուները, որոնք ամէնէն աւելի հեռու են «մայր լեզուէն», ամէնէն աւելի նուազ բարդ են:

Ուսումնասիրութեան համաձայն, ափրիկեան կարգ մը լեզուներ, որոնք նաեւ օդը բերնին մէջ քաշելով բաղաձայններ կը պարունակեն, կը բաղկանան աւելի քան 100 ձայնաւորներէ եւ բաղաձայններէ, մինչդեռ հաուայեան լեզուն, որ կը գտնուի Ափրիկէէն մարդկային գաղթին ամէնէն հեռաւոր կէտին վրայ, ունի միայն 13 ձայնաւորներ եւ բաղաձայններ: Կարճ խօսքով, որքան հեռանանք Ափրիկէէն, այնքան նուազ թիւով բաղաձայններ եւ ձայնաւորներ կը լսենք:

Աթքինսըն կը վիճի, թէ ափրիկեան ենթասահարան օրրան է մարդկային լեզուին:

Ասիկա կը համապատասխանէ գիտնականներուն այն տեսութեան, թէ մարդկութիւնը ծնունդ առած է Ափրիկէի մէջ եւ եղափոխուած` այս շրջանին տարածքին, ապա գաղթած է դէպի աշխարհի միւս մասերը, 50,000-70,000 տարի առաջ, ինչ որ կը համապատասխանէ ուսումնասիրութեան մէջ նշուած ժամանակաշրջանին:

«Մայր լեզուն հիմն էր մարդկային տարածումին, որուն արդիւնք են մենք», կ՛ըսէ Աթքինսըն:

Այս ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած են հսկայական յառաջդիմութիւններ մարդկային վարուելակերպին մէջ: Մեր նախահայրերը ստեղծած են ժայռապատկերներ եւ շինած են որսորդական ոսկորէ գործիքներ: Մասնագէտներ կը վիճին, թէ այս զարգացումները արդիւնք էին լեզուի, որ առիթ տուած է վերացական մտածողութեան:

Ուսումնասիրութիւնը նաեւ մտածել կու տայ, թէ մինչ այս ժամանակամիջոցին լեզուն կը տարածուէր, մարդիկ բառերով պիտի սկսէին հաղորդակցիլ բազմաթիւ տարիներ ետք:

Օքսֆորտի համալսարանէն մարդաբան Ռոպին Տունպար կ՛ըսէ, թէ այս ուսումնասիրութիւնը 100 հազարէն 200 հազար տարի ետ կը տանի լեզուի ակունքը:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES