Ո՞ւր, Ինչպէ՞ս Եւ Ինչո՞ւ Խօսիլ Հայոց Իրաւունքի Մասին
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հայոց իրաւունքը որպէս այդպիսին տեղ մը առաջադրա՞նք է, օրակա՞րգ է: Բարձրաձայն կ’ըսուի՞: Տեղ մը հրապարակուա՞ծ է, որպէսզի մեր ժողովուրդը գիտնայ եւ գիտնան նաեւ անոնք, որոնց դռները կը բախենք այս կամ այն խնդրանք-պահանջով:
Տարիները կ’անցնին, կեանքը անմիջականի ճնշման տակ կը մանրէ Հայոց Իրաւունքը, որ տեղ մը կը խեղդուի երկրաշարժի մը հետեւող ահեղ ալիքին տակ եւ կը վերածուի բարեսիրութեան, ուրիշ տեղ Ցեղասպանութեան ճանաչման անհեռանկար բարոյական մխիթարութեան որոնման, կամ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ «բիզնես» ընելու մանր քաղքենիական թափահարումներու:
Բայց ի՞նչ բան է Հայոց Իրաւունքը:
Նոր Զելանտայէն մինչեւ Քամչաթքա, անցնելով Հայաստանէն եւ այն բոլոր աշխարհներէն ուր «հայեր» կան, ինչպէ՞ս կ’ըմբռնուի Հայոց Իրաւունքը, աւելի ճիշդ, հայը ինք ինչպէ՞ս կ’ըմբռնէ այդ իրաւունքը: Համազգային անվիճելի եւ նախաձեռնութեան առաջնորդող Հայոց Իրաւունքի սահմանում մը ունի՞ն հայերը` աւուր պատշաճի ճոռոմաբանութիւններէ անդին, զորս կարծէք ոչ ոք տրամադիր է լսելու, եթէ անոնց չընկերանան երգ, պար կամ կերուխում: Յոռետեսութիւն կամ քննադատութիւն թող չվերագրուի: Բայց փորձենք ունենալ պճեղ մը իրատեսութիւն եւ անոր հետ եկող ապագայատեսութիւն` հրաժարելով խօսքի աճպարարութիւններէ:
Հայոց Իրաւունքի սահմանումը պարզ է եւ անոր հետեւանք ըլլալու կոչուած յանձնառութիւնը կ՛անհանգստացնէ մեզ եւ մեր շրջապատը:
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումը, հակառակ երազանքներու, Հայոց Իրաւունքի սահմանումը եւ հետապնդումը չբերաւ ազգային-քաղաքական կեանքի մէջ: Կը շարունակենք ապրիլ եւ թափահարել համայնքի, սփիւռք(ներ)ի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայրենիքի գաղափարներուն անյստակութեան շփոթներուն մէջ, որովհետեւ Հայաստանը որպէս ամբողջ եւ հայութիւնը որպէս ամբողջ օրակարգ չեն: Այս պարապը կը փորձենք բնակեցնել զգացականութեամբ:
Ամբողջի բովանդակութիւնը պարագայական է, ըստ ճառախօսի կամ «ղեկավարական դիրք»-ի վրայ գտնուող անձի: Այդ ամբողջի նկատմամբ ազգային-հաւաքական սահմանում, ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն ունի՞նք: Օրինակ, եթէ ունենայինք, արտագաղթ տեղի չէր ունենար եւ հայրենիք լքողներուն նկատմամբ մարդորսական լարախաղացութիւն չէինք ունենար:
Ամբողջի բովանդակութիւնը որակ կորսնցուցած եւ դարձած է անորոշ: Մինչդեռ ան ազգի գոյացութեան պայմաններով կը բացատրուի, որոնք կը բնորոշեն Հայոց Իրաւունքը, որ անշերտելի է. Հող-Հայաստանը որպէս ամբողջ, հայ ժողովուրդը իր յաղթահարելի տարտղնումէն անդին որպէս ամբողջ, ազգի համրանքը որպէս ամբողջ իր ինքնութեամբ, որ լեզու է եւ մշակոյթ: Տեղատուութիւններով եւ որձեւէգ ճապկումներով չեն փոխարինուիր անոնք:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հայաստան կոչելը շփոթեցնող է, քանի որ ան մնացորդաց մըն է ամբողջին բաղդատած: Սփիւռք(ներ)ը ազգի մաշող մասնիկ է` տարբեր աշխարհներու եւ մշակոյթներու կաթսային մէջ հալող: Լեզուի եւ մշակոյթի հանդէպ խորթացածներ ծագումով հայեր են, հիւրընկալներն այդպէս կը դիմաւորեն հին եւ նոր գաղթականները: Յաճախ մեր ճկոյթին ետին կը թաքնուինք պարզ եւ ցաւցնող իրականութիւնները չտեսնելու համար: Միշտ կը զարմանամ, երբ ճառեր կը լսեմ Ցեղասպանութեան մասին, բայց ոչինչ կը լսեմ հայրենահանման մասին: Ազգի գոյատեւման տեսանկիւնէ Ցեղասպանութի՞ւնն է աւելի ծանրակշիռ ոճիր, թէ՞ հայրենահանումը: Մեր տեսակաւոր մարտավարութիւնները, ռազմավարութիւնները եւ քաղաքական ճապկումները ինչո՞ւ այս յստակացումով չեն առաջնորդուիր:
Եւ քանի որ Հայոց Իրաւունքի պաշտպանութեան ռազմավարութեամբ չենք գործեր, Ցեղասպանութիւնը կրնան ճանչնալ կամ չճանչնալ, բառախաղերու պարին մէջ մտնել` ըսելով ջարդ, եղեռն կամ ցեղասպանութիւն, մեզ օրօրելով, մեզ շոյելով:
Ինչպէ՞ս կը ներկայանայ կացութիւնը: Իւրաքանչիւր «հանրային» աշխատանք ընելու տրամադիր անձ, ըստ իր հետաքրքրութիւններուն եւ հայեցողութեան, կը ճշդէ Հայոց Իրաւունքը` անոր վրայ բարձրացնելով իր շահախնդրական-փառասիրական եւ կարողութիւններու սահմանին մէջ եղած շէնքը: Ամերիկաներէն մէկուն կորսուած մէկ քաղաքին քաղաքապետական խորհուրդի անդամ կը դառնայ մի ոմն, կը հրճուինք, նոյնն է պարագան, երբ ան նահանգապետ կամ նախարար դառնայ: Համայնքը կը հրճուի, բայց այդ հրճուանքը բաւարա՞ր է Հայոց Իրաւունքը վերականգնելու, սրբագրելու հայրենիքի կորուստը եւ հայրենահանումը:
2015 ապրիլի «ֆեթիշ» թուականէն առաջ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ), հրապարակ պիտի գա՞ն ղեկավարող գաղափարը եւ զայն կրողները, որպէսզի մաշումի եւ տեղքայլի արշաւը չշարունակուի:
Հարցում էր: Լսող պիտի ըլլա՞յ:
Հայկական Հարց կար 1915-էն առաջ: Հայկական Հարց կայ այսօր:

