Արձագանգ. Մենք Ենք «Սիփան»ը Մեր (Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանի Պարախումբ)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Այո՛, մե՛նք ենք եւ անվերապահօրէն, առանց չափազանցութեան, ստուգապէս եւ արժանահաւատութեամբ յագեցած:
Որովհետեւ անոնք` Սիփանայ սարի յետնորդ զաւակները, հայ վարժարանի բուռ մը աշակերտ¬աշակերտուհիները` իրենց թիկունքին ունենալով շրջանաւարտներ, երէց փաղանգի նուիրեալներ, պարուսոյց, տնօրէնութիւն, վարչական թէ յարակից աշխատանքի ծառայութեան կոչուած ծնողներ, որոնք համախումբ, ներդաշնակ, հոգեխառնուած ու պատրաստակամօրէն, արդէն, իններորդ տարին ըլլալով ամբողջ գաղութին կը մատուցեն հայ պարարուեստի գոհարներ` գեղարուեստական ճաշակի, հայաբոյր մթնոլորտի ու արհեստավարժի ունակութիւններու առաւել ճառագայթումով:
Անցնինք:
Անկեղծ ասած, ի՛նչն է պատճառը որ ելոյթին ներկայ հանդիսատեսը նման յոյզերու եւ անխառն զգացումներու տարափ մը կ՛ապրի, եթէ ոչ այն հասկացողութիւնը (քաջալերանք), որ շատ անգամ կ՛անտեսուի մեր իսկ կողմէ, պէս¬պէս բացատրութիւններու դիտաւորութիւններէ մեկնած:
Իրօք, այս պարագային մեզ` հաւաքաբար հմայողն ու կախարդողը եղան Հայ Աւետարանական Շամլեան¬Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի «Սիփան» պարախումբի իրերայաջորդ երկու ելոյթները (9 եւ 10 մարտ 2013), որոնք կրկին ապացուցեցին, թէ ինչպիսի պայմաններու մէջ ալ ապրին հայ նորահաս սերունդի զաւակներ, երբ անոնց փոխանցուի հայրենասիրական վճիտ զգացում, ազգային ապրումներու եւ ըմբռնումներու անաղարտ հասկացողութիւն, արուեստի բարձրորակ ճաշակ, ստեղծագործական հրայրք ու գեղագիտական ուսմունք, ապա ազգը ականատես կը դառնայ հայ տաղանդի մեծութեան, շնորհալի կարողականութիւններու ձեռքբերումին եւ յաջողութիւններու տակաւ ամրապնդումին:
Յիրաւի, մեր կեանքին մէջ հազուադէպ են այն պահերը, երբ արուեստի վերաբերող երեւոյթ մը, աշխատանք թէ ստեղծագործ արտայայտութիւն իր մէջ պարփակէ այն ներուժն ու հմայքը, որ կարենայ ոչ միայն կախարդել հանդիսատեսը, խանդավառութեամբ համակել շրջապատը, խրախուսել մեծն ու պզտիկը, այլ նաեւ` մարմնաւորել իւրաքանչիւր անհատի յուզաշխարհն ու ապրումներու կիզակէտը:
Փաստօրէն, անոնք` «Սիփան»¬ականները, հայ պարարուեստի ու երգի զինուորագրեալները, ամբողջ երկու ժամ անվհատ պարեցին եւ կրցան թունդ հանել ու համակել ներկայ հասարակութեան սրտերը, գեղեցկօրէն մարմնաւորել եւ կեդրոնացնել հայ ազգագրական պարերը, ազգային, հայրենասիրական եւ աշուղական երգերու բացառիկ հնչեղութեան կշռոյթներով:
Ի դէպ, տարբեր տարիքի պատկանող, «բանակ» մըն է «Սիփան» պարախումբը (իննսունի հասնող), այս ելոյթներուն ներկայացաւ քառասուն հոգիով (պարման¬պարմանուհիներ), որոնք հակառակ իրենց սիրողական մակարդակին, ներկայացուցին ողջունելի յայտագիր` 24 պարեր, տարբեր բնոյթի ու ժանրի, որոնք անցնող ութ տարիներու ընթացքին ներկայացուած են բեմերու վրայ:
«Մեր պարերը եւ մենք», խորագիրը կրող այս ելոյթը, դիպուկ կերպով կը բնութագրէր ամբողջ յայտագիրին էութիւնը:
Ընդգծեցինք պարախումբի սիրողական մակարդակը, բայց արդեօք կարելի՞ է ուրանալ իւրաքանչիւր պարողի ճիգը, չլսել սրտին տրոփը, ներդաշնակ պարելու անոր փափաքը, բեմին տիրապետելու հաստատ կամքը ու մանաւանդ դէպի արհեստավարժութիւն ճախրելու երազը:
Աւելի՛ն. հայ մշակոյթի նուիրեալները կարողութիւնը ունեցան եւ արդարօրէն իրենց հեզաճկուն շարժումներով աւելի սիրցնել «Անուշ Հայաստանի»-ն, «Մոկաց հարսեր»-ը, «Տույտույ»-ը, «Նայիրեան դալար բարտի»-ն, «Զով գիշեր»-ը, «Առաւօտ»-ը:
Իսկ ինչպիսի՛ բնորոշում տալ պարախումբի իւրաքանչիւր անդամի դէմքին վրայ ուրուագծուած հերոսական ու հայրենասիրական այն զգացումին, երբ ամբողջ մարմնով եւ հոգեկան թռիչքով կը թնդացնէին «Եարխուշտա»-ն, «Մենք ենք մեր սարերը», «Սասուն»-ը, «Մշեցի»-ին, նոյնիսկ «Լիբանանեան տապքէ»-ն, պարզապէս լսելի դարձնելու համար ամբողջ պարախումբի հաւատարիմ ու անկաշկանդ ներկայութիւնը:
Առանձնաբար գնահատելի էին հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակին ու անկրկնելի աշուղին` Սայաթ Նովայի երգերուն եւ երաժշտութեան նուիրուած պարային ներկայացումները, որոնք այլապէս ալ բոցավառեցին հայոց սիրոյ անյագ ծարաւը` «Քանի վուր ջան իմ»-ի եւ «Յիս քու ղիյմաթն չիմ գիտի»-ի ընդմէջէն:
Յստակեցումներ:
Մեր կարգին հա՞րկ է յիշեցնել, որ վերոնշեալ յաջողութիւններուն ետին կը կանգնի տեսլապաշտ հայուհի մը` յանձին պարուսոյց եւ պարադրող Գարինա Ալեքսանդրեանի, որուն հայրենասիրական ոգիին ու համոզումներուն ամբողջ տեսադաշտը խարսխուած է հայ բարձրորակ արուեստի, գեղագիտական ճաշակի ու հայադրոշմ ապրումներու պատուանդանին վրայ, ուրկէ կը ցայտեն հայ պարարուեստի նկատմամբ անոր երկիւղածութիւնն ու արհեստավարժի ունակութիւնը:
Փաստօրէն, անոր գեղարուեստական ղեկավարի շունչին (մասնագիտութիւն), բծախնդիր ճաշակին (սրտագրաւ տարազներ), արդիական մօտեցումներուն (պարի ոճերու համադրում) եւ պարադրումին (պարային պատկերներու ներդաշնակում), լուսաւորումին, բեմական յարդարումին աշխատանքներուն մէջ ներդրումին, եւ այլն, կը հանդիպինք իւրաքանչիւր մանրամասնութեան մէջ, ինչ որ յաւելեալ փայլք ու գրաւչութիւն կը դրոշմէ բեմին վրայ:
Ինչ խօսք անոր պարախումբի հիմնադիրի կոչումին, մանկավարժի յատկութեան, փորձառութեան ու մանաւանդ` յարատեւելու կամքին, որով պիտի կարենայ ոչ միայն արուեստի վեհ զգացողութեամբ վարակել հայ աշակերտական իրերայաջորդ սերունդներ, այլեւ` անգնահատելի ծառայութիւն մատուցել հայ մշակոյթի զարգացման ու պահպանման:
Այո՛, անվարան կարելի է հաստատել, որ պարուսոյց ու պարադրող Գարինա Ալեքսանդրեանի յաւակնոտ երազներուն ի տես, ընկալեալ բեմերը այլեւս նեղ կու գան (հետագային նկատի ունենալ այս պարագան), որովհետեւ ելոյթներուն ընթացքին զգալի էին պարողներուն կաշկանդումը` բեմի սահմանափակ ըլլալուն պատճառով:
Աւելի՛ն. իբրեւ փորձառու պարադրող (քորեկրաֆէօր), իր կարգին Գարինա Ալեքսանտրեան պարտաւոր է մտածել նաեւ այլ ուղղութեամբ, այսինքն` «Սիփան»-ի յաջողութիւններէ մեկնած` բեմին յանձնել ազգային ու մարդկային նիւթեր շօշափող թատերապարային ներկայացումներ:
Բազմաթիւ անգամ մեր շրջապատին ուշադրութեան առանցքը դարձուցած ենք իրողութիւն մը, թէ` ի վերջոյ, գաղութահայ կեանքի մէջ գործող պատուաբեր պարախումբերը ի՛նչով կը զիջին տեղական այսպէս ասած մասնագիտական խումբերու:
Երբ գոյութիւն ունենայ մասնագիտական ու արհեստավարժ մօտեցումը, ազգային լիցքով ու համոզումով օժտուած ղեկավարը, ինքնութեան ճանաչումի բացարձակ գիտակցութիւնը, անշահախնդիր ու ժուժկալ մօտեցումներու հրայրքը, ու մանաւանդ` հայ երգն ու պարը պահպանելու խայտանքը, մեր` անուանի պարախումԲերը կարողութիւնը ունին ու կրնա՛ն նուաճել Պաալպէքի բեմերն անգամ:
Մեր պարագային բացակայողը հայկեան կամքի ու նժդեհեան ապառաժեայ հաւատամքի զգացողութիւնն է, որով ատենին կրցանք հայրենիք ու ազգ կերտել:
Անհրաժեշտ է համոզուիլ որ նոյնիսկ աշակերտական մակարդակի ներկայացումներ` արուեստի տարբեր բնագաւառներու ընդմէջէն, կարողութիւնը ունին վերանորոգելու գաղութահայ կեանքի ընթացքը, ստեղծելու ազգային¬հասարակական մտածողութիւն, ազգային արժէքներու հանդէպ պաշտպանական վահան ու հայրենասիրական խոր գիտակցութիւն, եթէ երբեք անոնց շաղախուած են բիւրեղ ոգեկան բարձրութիւններ, հեղինակութեամբ յագեցած ղեկավարութիւն, սիրոյ տոչորումն ու ասպետական զգացողութիւններու խայտանքը:
«Սիփան»¬ին տրուա՛ծ է այդ կարելիութիւնը, որով պէտք է հպարտանալ հաւաքաբար:
Կը մնայ մեր երախտագիտական ջերմ զգացումներուն ագուցել նաեւ այն հաստատ համոզումը, որ հայրենիքէն հեռու ըլլալով հանդերձ, նորահաս սերունդի զաւակները իրենց ճկուն եւ գեղուղէշ պարային համադրութիւններով իւրաքանչիւրիս ներաշխարհին մէջ կրկին վառեցին հայրենիքի կարօտն ու զգացողութիւնը:
Անոնց անունն է «Սիփան»-ականներ, որոնց հարկ է այսուհետեւ ճամբայ բանալ:
Ապրի՛ք:

