Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Գիշատիչներու Խրախճանքը» Ներկայացուեցաւ Թարմ Շնչառութեամբ
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Յաճախ կը վերյիշենք Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի անցեալի ներկայացումները: Իմ սերունդս կը յիշէ Ժորժ Սարգիսեանը, Վարուժան Խտշեանը: Մեր հիացումը կ՛ըլլար անխառն: Անոնք չկան այսօր, ոչ ալ` այդ տարիներու դերասանները: Եկան նորերը, բայց պատերազմը խանգարեց թատերական մթնոլորտին վաւերականութիւնը:
Այս ըսելով` չենք ուզեր անտեսել Համազգայինի թատերական միաւորը վերակազմելու ջանքերը: Ունեցանք նոր բեմադրիչներ, անոնց շուրջը խմբուեցան նորայայտ երիտասարդ թատերասէրներ, այսօր կը հաստատենք թափուած ջանքերուն արդիւնքը, որ խրախուսիչ է:
Կիրակի, 17 մարտ 2013, ներկայ ենք «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Ֆրանսահայ գրագէտ Վահէ Քաչայի երկնած «Գիշատիչներու խրախճանքը» տրամը կը ներկայացուի: Ֆրանսերէնով գրուած այս գործը թարգմանուած է արեւմտահայերէնի: Վէպը թատրերգութեան վերածուած է հայրենի գրող Հենրիկ Բախչինեանի գրիչով: Արեւմտահայերէնի վերածած է բեմադրիչ Վաչէ Ատրունի:
Գերմանիոյ ծաւալած պատերազմն է Ֆրանսայի դէմ: Դրուագ մը` փոխադարձ սպանութիւններու մթնոլորտէն: Գերմանացի երկու սպայ սպաննուած է, իբրեւ փոխվրէժ` կը պահանջուի 20 պատանդ, որոնք պիտի գնդակահարուին:
Բեմադրիչը` Ռոպերթ Առաքելեան, կարողացած է ստեղծել իր ժամանակի ռազմական մթնոլորտը: Բեմայարդարանք եւ երաժշտութեան հնչեղ միջամտութիւն` ունկնդիր հանդիսատեսներու ուշադրութիւնը կը գրաւեն:
Բնակարան մը, ուր պիտի նշուի տանտիրուհիին տարեդարձը` ընթրիքով մը. Խաչիկ-Հրակ Տեմիրճեան /Վիքթոր/ եւ Յաւերժ Շխըրտըմեան/Պրիժիթ/ ստանձնած են տանտէրերու դերակատարութիւնը:
Ռոպերթ Առաքելեան ստանձնած է Վիլքերի դերը: Կան հրաւիրեալներ կամ բարեկամ այցելուներ: Մեծ մասամբ` երիտասարդներ, նորընծաներ, բոլորն ալ շնորհալի, նոյնիսկ` տաղանդաւոր, ինչպէս` Նժդեհ Մկրտիչեան/տոքթ. Քարթ/, փայլուն խաղարկութեամբ, մասնաւորաբար` բեմական ձայնային տուեալով օժտուած: Ֆրանսուազի դերով ներկայացաւ Արմիկ Քերքեզեան, (Փիեռ) Նարեկ Առաքելեան, գերմանացի սպայի դերով` Պարգեւ Սամուէլեան, Ճորճ Այիթեան (թիմաքոֆ):
Իւրաքանչիւր դերակատար տուաւ իր լաւագոյնը ընդունելին եւ ծափահարելին: Ուրախացանք, որ վերականգնում մը, նորածաղկ միջավայր մը ստեղծուած է «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի «դպրոցէն» ներս: Այս կը պարտինք վստահաբար վերջին տարիներուն Համազգայինի հետ գործակցած բեմադրիչներուն եւ դերասանական արուեստով խանդավառ նորագոյն սերունդին: Իբրեւ բեմադրիչներ` Յասմիկ Թաշճեան-Պերթիզլեան եւս ունեցած է այս կապակցութեամբ կարեւոր ներդրում, ինչպէս` հայրենի դերասան ու բեմադրիչ Դաւիթ Յակոբեան, Վիգէն Ստեփանեան եւ վերջերս` Յակոբ Տէր Ղուկասեան. անոնք դարբնեցին նոր սերունդի շնորհալիները` աշակերտական խմորումներ շաղախելով բեմական վարժութեամբ:
Վահէ Քաչա սըսփենսներով համեմած է իր թատերախաղը, որ սպասողական անձկութիւն կը ստեղծէ գերմանացի սպային պահանջին վրայ: Նոյն շէնքէն կը պահանջէ 20 պատանդ, երկուքը` Վիքթորի եւ Պրիժիթի բնակարանին մէջ ներկայ բարեկամներու շարքէն: Պէտք է ընտրել երկու հոգի, որոնք դէպի մահ պիտի երթան: Գերմանացի սպան անդրդուելի է բոլոր խնդրանքներուն, հնարովի պատճառներու եւ այլ ճարպիկ կամ երազային միջոցառումներու դիմաց: Ո՞վ կամաւոր կերպով կ՛երթայ: Կը փորձեն տունը այրել, հրդեհի տալ, ապա` փախուստ: Գերմանացի երկու սպայ սպաննուած է, ոճրագործը անյայտ է, փոխարէնը ձեզմէ երկուքը:
Իբրեւ հանդիսական` կը զգանք պահուն ողբերգական վիճակը: Իւրաքանչիւրը իր սրտին մէջ կը զգայ պահուն սրտաճմլիկ տեսարանը: Դուրսէն պայթումներ, ռմբակոծումի ձայներ, ներսէն կը վիրաւորուի մէկը:
Ի վերջոյ, երկար ճգնաժամէ վերջ, կը յայտնուի գերմանացի սպան ու կը գոչէ.
– Ազատ էք բոլորդ ալ, ոճրագործները գտնուած են:
Ուրախութիւն, փրկութեան հրճուանք, նաեւ` մենք, հանդիսականներ: Կը ծափահարենք ջերմագին, պրաւոներ կը լսուին սրահէն: Կը յիշուի Վահէ Քաչան, կը գնահատենք անոր արուեստի պտուղը: Ռոպերթ Առաքելեան յաջողած է, կը ծափահարենք վաստակաշատ վարպետը:
Ապրի՛ք, Համազգայինի թատերական միաւորի թարմ պատգամաբերներ:

