Այս Տարեշրջանի Աւարտին Օուըն Պիտի Լքէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Մայքըլ Օուըն յայտարարեց, որ այս տարեշրջանին աւարտին պիտի լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
33 տարեկան Օուըն, որ այս տարեշրջանին սկիզբը միացաւ Սթոք Սիթիի, անոր հետ եօթը մրցումի ընթացքին նշանակեց միայն կոլ մը:
Ան ֆութպոլիստի իր ասպարէզը սկսաւ Լիվըրփուլի հետ (17 տարեկանին), ապա մաս կազմեց Ռէալ Մատրիտի, Նիւքասըլի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի:
2001-ին Եւրոպայի լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին տիրացած Օուըն, Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 89 մրցումի ընթացքին նշանակեց 40 կոլ:
CATEGORIES Մարզական

