Սարգիս Ադամեան Եւ Եուրի Ուտունեան Պիտի Չմիանան 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին

Շաբաթասկիզբին ֆութպոլի Ակադեմիային մէջ սկսաւ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականի ուսումնամարզական հաւաքը:

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ թէեւ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան հրաւիրած էր 25 ֆութպոլիստ, սակայն գերմանական Հանզա Ռոսթոքի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան եւ ռուսական Անժիի յետսապահ Եուրի Ուտունեան պիտի չմիանան հաւաքականին:

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին համաձայն, 19-23 մարտին Հանզա կարեւոր մրցումներ ունի կատարելիք Պունտըսլիկային գծով: Նկատի ունենալով, որ 21 տարեկանէն վար հաւաքականին մրցումը` ուսումնամարզական հաւաքին ընթացքին, պաշտօնական բնոյթ չունի, գերմանական կազմը իրաւունք ունի իր մարզիկը` Ադամեանը պահել իր մօտ:

«Եթէ պաշտօնական մրցում մը ըլլար, արգելք չկար, որ Սարգիս Ադամեան միանայ Հայաստանի հաւաքականին», նշուած է Հանզա Ռոսթոքի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Նոյն պատճառով Երեւան պիտի չժամանէ նաեւ Անժիի մարզիկ Եուրի Ուտունեան:

 

Share this Article
CATEGORIES