Ամէնէն Հարուստ Ֆութպոլիստներուն Ցանկին Մէջ Պեքհամ Գերազանցեց Մեսսին

Իր լուրը քաղելով «Ֆրանս-ֆութպոլ» մարզաթերթէն` Football365.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ աշխարհի ամէնէն հարուստ ֆութպոլիստներուն ցանկին մէջ այժմ առաջին դիրքը կը գրաւէ Փարիզ Սեն Ժերմենի միջնապահ անգլիացի Տէյվիտ Պեքհամ, որուն ընդհանուր գումարն է 36 միլիոն եւրօ:

Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ վերջին երեք տարիներուն կը գրաւէր առաջին դիրքը, այժմ 35 միլիոն եւրոյով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը: Երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ ունի 35 միլիոն եւրօ:

Մեսսի կը գանձէ 12,5 միլիոն եւրօ, կէս միլիոն յաւելեալ պարգեւ (պոնիւս), իսկ ծանուցումի ընկերութիւններէն` 22 միլիոն:

Ռոնալտօ կը գանձէ 13 միլիոն եւրօ, կէս միլիոն յաւելեալ պարգեւ (պոնիւս), իսկ ծանուցումի ընկերութիւններէն` 16,5 միլիոն:

Ստորեւ` առաջին տասը մարզիկներուն դասաւորումը.

1.- Տէյվիտ Պեքհամ 36 միլիոն եուրօ
2.- Լիոնել Մեսսի 35 միլիոն եուրօ
3.- Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 30 միլիոն եուրօ
4.- Սամուէլ Էթու 24 միլիոն եուրօ
5.- Նէյմար 20 միլիոն եուրօ
6.- Սերճիօ Ակուերօ 19 միլիոն եուրօ
7.- Ուէյն Ռունի 18 միլիոն եուրօ
8.- Զլաթան Իպրահիմովիչ 17,5 միլիոն եուրօ
9.- Եայա Թուրէ 16,6 միլիոն եուրօ
10.- Ֆերնանտօ Թորես 16,3 միլիոն եուրօ

 

 

Share this Article
CATEGORIES