Լիբանան Ապաստանած Սուրիահայ Ընտանիքներու` Նպաստաբաշխումի Երկրորդ Հանգրուանի Աշխատանքներ
Լիբանան ապաստանած սուրիահայերու հարցերով զբաղող միջբարեսիրական մարմինին կազմակերպութեամբ, երէկ ընթացք առին նպաստաբաշխումի երկրորդ հանգրուանի աշխատանքները, որոնք ընդգրկեցին մարտ ամսուան ընթացքին լիբանանահայ բարեսիրական մարմիններուն մօտ արձանագրուած սուրիահայ ընտանիքները:
Լիբանանի Փրկարար աշխատանքներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ տրամադրուած նպաստները կ՛ընդգրկեն սննդեղէն եւ խոհանոցային մաքրութեան նիւթեր: Նպաստաբաշխումի աշխատանքներուն կը մասնակցին Հայկական երեսփոխանական պլոքի գրասենեակը, «Ճինիշեան» յիշատակի հիմնարկը, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, «Գարակէօզեան» հիմնարկը եւ Հայ կաթողիկէ համայնքի ընկերային ծառայութեան գրասենեակը: Նշենք, որ նպաստաբաշխումի առաջին հանգրուանի աշխատանքները կատարուած էին փետրուարին:
Նպաստաբաշխումի երկրորդ հանգրուանի աշխատանքներուն հետեւելու համար երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ այցելեց եւ նպաստընկալ պարագաներու կարիքներուն մօտէն ծանօթացաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:


