Դաւիթ Սաֆարեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Դաւիթ Սաֆարեան

Երէկ` երեքշաբթի, 19 մարտին, Թիֆլիսի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանութեան առաջին օրը:

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ազատ ոճի հաւաքականէն ելոյթ ունեցան Դաւիթ Սաֆարեան (66 քկ) եւ Էդկար Ենոքեան (96 քկ):

Նախորդ տարուան Եւրոպայի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Սաֆարեան այս անգամ եւս յաջող ձեւով սկսաւ ախոյեանութեան` իր կատարած բոլոր մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրելով եւ հասնելով աւարտական: Աւարտականին անոր մրցակիցն էր Եաքուպ Գոռ: Հայ մարզիկը աւելի յաջող ելոյթ ունենալով եւ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրելով տիրացաւ Եւրոպայի ախոյեանութեան ոսկի մետալին:

Այսօր Հայաստանի ազատ ոճի մարզիկներէն Միհրան Ջափուրեան (55 քկ) եւ Նարեկ Սանոյեան (60 քկ) մրցումներ ունին կատարելիք:

 

Share this Article
CATEGORIES