«Իրանի Կողմէ Հիւլէական Ծրագիրի Խաղաղ Բնոյթին Մասին Երաշխիքներու Տրամադրումը Կը Լուծէ Խնդիրը» Կ՛ըսէ Օպամա

Պարաք Օպամա

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են ընդունելու իրանեան հիւլէական ծրագիրի խաղաղ բնոյթին մասին երաշխիքները` իբրեւ իրանեան խնդիրին մէջ փոխզիջումային լուծում գտնելու հիմք:

«Միացեալ Նահանգներ կը նախընտրեն այս հարցը լուծել դիւանագիտական ճանապարհով: Եթէ իրանցի ղեկավարները յայտարարեն, որ հիւլէական ծրագիրը խաղաղ բնոյթ կը կրէ, ապա խնդիրի խաղաղ լուծման համար հիմք կայ: Այդ լուծումը Իրանին կարելիութիւն պիտի տայ խաղաղ նպատակներու համար հիւլէական ուժ ունենալու եւ վերջնականապէս պիտի լուծէ հիւլէական ծրագիրին հետ կապուած բոլոր լուրջ հարցերը», ըսուած է Օպամայի յայտարարութեան մէջ, որ կատարած է յառաջիկայ Նովրուզի տօնին առիթով:

Օպամա հաւաստած է, որ իր երկիրը պատրաստ է Իրանի հիւլէական խնդիրի լուծման` նման երաշխիքներու գոյութեան պարագային: Ան նշած է, որ այս պահուս նախաձեռնութիւնը Իրանի կառավարութեան ձեռքն է:

«Այժմ եկած է պահը, որ Իրանի կառավարութիւնը լարուածութիւնը թուլացնելու համար քայլերու ձեռնարկէ եւ սկսի համաձայնութեան ձեռքբերման ուղղութեամբ աշխատանքները: Այդպիսի լուծում գտնելը մարտահրաւէր է, սակայն մենք կրնանք ատիկա ընել, որպէսզի իրանցի ժողովուրդը կարելիութիւն ստանայ ամրապնդելու կապերը, նաեւ առեւտրական յարաբերութիւններ հաստատէ այլ երկիրներու, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու հետ», նշած է Օպամա:

Նշենք, որ Թեհրան բազմիցս յայտարարած է, որ հիւլէական ծրագիրը ուղղուած է բացառապէս ելեկտրականութեան արտադրութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES