Ֆրանչիսկոս Ա. Պապը Պապական Աթոռը Ստանձնելով Կոչ Ուղղեց Պաշտպանելու Աղքատներն Ու Տկարները
Ֆրանչիսկոս Ա. պապը երէկ Հռոմի մէջ շուրջ երկու հարիւր հազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ մատուցուած պատարագի մը ընթացքին պաշտօնապէս ստանձնեց Հռոմի եպիսկոպոսապետի աթոռը եւ աշխարհի ղեկավարներուն ու բոլոր մարդոց կոչ ուղղեց աղքատներն ու տկարները պաշտպանելու:
Ան իր քարոզին մէջ կեդրոնացաւ կենսոլորտի, մանուկներու, տարեցներու եւ կարիքաւորներուն պաշտպանութեան վրայ, հարցեր, «որոնց մասին յաճախ վերջինը կը մտածենք»:
Նախքան պատարագը ան տանիքը բաց «Փափամոպիլէ»-ով մը շուրջ 20 վայրկեան շրջեցաւ Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ: Ուշադրութեան արժանի քայլով մը, ան ինքնաշարժէն վար իջաւ եւ անցարգելներուն մօտեցաւ` օրհնելու համար անդամալոյծ մարդ մը:
Պատարագին մասնակիցներուն շարքին էր Պոլսոյ ուղղափառ պատրիարքը` Բարթողիմէոս Ա.: Ան հազար տարիէ ի վեր առաջին ուղղափառ պատրիարքն է, որ ներկայ կը գտնուի պապի մը գահակալութեան արարողութեան: Պապը հետագային մէկ առ մէկ ողջունեց Ս. Պետրոս տաճարին մէջ հաւաքուած պաշտօնական հիւրերը, որոնց շարքին` Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ներկայացնող եռանդամ բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը:


