Սուրիոյ Զինուորական Կացութեան Մէջ Վտանգաւոր Մագլցում Մը. Խան Ասալի Մէջ Քիմիական Զէնք Օգտագործուեցաւ

Երէկ Սուրիոյ զինուորական կացութեան մէջ վտանգաւոր մագլցում մը արձանագրուեցաւ, երբ Հալէպի հիւսիսը գտնուող Խան Ասալի դէմ քիմիական ռումբ օգտագործուեցաւ: Սուրիոյ իշխանութիւնները եւ ընդդիմութիւնը զիրար ամբաստանեցին 25 զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ պատճառած քիմիական զէնքի օգտագործման համար:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի յայտնեց, որ ատիկա «վտանգաւոր մագլցում» մըն է եւ ընդդիմութեան նոր իշխանութեան «առաջին արարքը»: Ան ըսաւ, որ Թուրքիա եւ Քաթար այդ յարձակումին «բարոյական, իրաւական եւ քաղաքական պատասխանատուութիւնը» կը կրեն: Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ իր կարգին յայտնեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ գործուած ոճիրներուն պատասխանատու է: Լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ անանուն թուրք պաշտօնատար մը հերքած է, թէ Թուրքիա յարձակումին հետ որեւէ առնչութիւն ունի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ սուրիական ընդդիմութեան կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործումը արտաքին միջամտութեան պատրուակ է: Ռուսիա իր կարգին յայտնեց, որ «շատ լուրջ կերպով մտահոգ է, թէ զանգուածային քանդումի զէնքերը ըմբոստներուն ձեռքը կ՛անցնին» եւ նշեց, որ այդ զէնքի օգտագործումը Սուրիոյ մէջ «ճակատումը նոր մակարդակի կը բարձրացնէ»:

Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ քիմիական զէնքի օգտագործումը հաստատելու «որեւէ փաստ չունի»: Ան վերյիշեցուց նախագահ Պարաք Օպամայի այն զգուշացումը, թէ այդպիսի զէնքի մը օգտագործումը «հետեւանքներ» պիտի ունենայ: Սակայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ ոչ աւանդական զէնքերու օգտագործման հաւանականութեան նկատմամբ մտահոգութիւն» յայտնեց:

Բրիտանիա յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը միջազգային ընտանիքէն լուրջ հակադարձութեան կարիքը ունի:

Սուրիական ընդդիմութեան կողմէ երկուշաբթի գիշեր ընտրուած վարչապետ Ղասսան Հիթթօ իր արտասանած առաջին ճառին մէջ յայտնեց, որ «կը հաստատենք մեր ժողովուրդին, թէ Ասատի վարչակարգին հետ երկխօսութիւնը բացառուած է»:

Share this Article
CATEGORIES