Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ ապահովութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն արգիլելու համար Լիբանանի մէջ նախապատրաստուող սադրանքները, ինչպէս նաեւ բուռն կերպով պիտի դիմադրեն անոնց: Լիբանանի խորհրդարանը պէտք է լիագումար նիստ մը կայացնէ եւ վերջ տայ օրինազանցներու հովանաւորութեան:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի դիմաց կան կարգ մը մարտահրաւէրներ, որոնք կը խոչընդոտեն հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի երէկ վերադարձաւ Լիբանան, իսկ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սաատ Մուհաննատի մեկնեցաւ Տոհա:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը կարելի պիտի ըլլայ թաղել միայն խորհրդարանին մէջ, իսկ իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարութեան թաղումը անկարելի է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց ապահովական ուժերու եւ բանակի հրամանատարութիւններուն ու պատասխանատուներուն պաշտօնները անյապաղ երկարաձգելու:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Շայահի եւ Խանտաք Ղամիքի մէջ շէյխերուն դէմ գործուած յարձակումները իրարու հետ ոչ մէկ կապ ունին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի դրամատուներու միութեան մէկ պատուիրակութեան հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, թէ կառավարութիւնը պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն ամսական աշխատավարձերու յաւելումին թղթածրարը խորհրդարան պիտի փոխանցէ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Ճեֆրի Ֆելթման ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ դեսպանը նշանակելու Տէյվիտ Հէյլը, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը հաշտեցնելու:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի կոչ ուղղեց երկաթեայ բազուկով հարուածելու Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը խախտել փորձող կողմերը:

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ դիւանագէտներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք կը զօրակցին Լիբանանի որդեգրած չէզոք քաղաքականութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կարելի չէ կատարել` առանց ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներ կոչ ուղղեցին կառավարութեան անմիջապէս հրաժարելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի մերժեց Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական խախտումներն ու սադրանքները, ինչպէս նաեւ լիբանանցի քաղաքացիին անվտանգութեան սպառնալիքները:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութիւնն ու Մարատա հոսանքը կը մերժեն խառն ընտրական օրինագիծը:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, սալաֆական ղեկավար մը հաստատած է, որ ալեւիները Թրիփոլիէն եւ Աքքարէն դուրս շպրտելու ծրագիր մը կայ:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու քայլերը աւարտած են` աւելցնելով, որ մեծ յոյս կայ, որ կառավարութեան վաղուան նիստին այդ թղթածրարը փոխանցուի խորհրդարան:

 

Share this Article
CATEGORIES