Մուսթաքպալ Կը Քննադատէ Շէյխերուն Դէմ Յարձակումը

Մուսթաքպալի երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ, Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորայի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերն ու ապահովական միջադէպերը:

Նիստէն ետք երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ անցեալ կիրակի օր շէյխերուն դէմ կատարուած յարձակումը կը միտի Լիբանանի մէջ սադրանքներ ստեղծել եւ միջիսլամական եւ միջլիբանանեան երկփեղկում ու գժտութիւն յառաջացնել:

Մաժտալանի հաստատեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու սկզբունքին` աւելցնելով ընտրական որեւէ օրինագիծ քննարկելու իր պատրաստակամութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES