Պըրրի Եւ Միքաթի Վերադարձան Լիբանան

Պըրրի եւ Միքաթի իրենց տիկիններուն հետ` Վատիկանի մէջ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որոնք Վատիկանի մէջ ներկայ գտնուեցան Ֆրանչիսկոս պապին գահակալութեան արարողութեան, երէկ վերադարձան Լիբանան:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի այսօր պիտի նախագահէ կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Լիբանանի դէմ սուրիական ռմբակոծումին վերաբերող մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ արձանագրուած ապահովական խախտումներն ու զանոնք սանձելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES