Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Իր Նստացոյցը Կատարեց Արդարութեան Նախարարութեան Դիմաց
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ գլխաւորութեամբ իր նախագահին` Հաննա Ղարիպի իր նստացոյցը կատարեց արդարութեան նախարարութեան դիմաց:
Նստացոյցին ընթացքին Ղարիպ յայտնեց, որ յառաջիկայ 21 մարտին կառավարութեան նիստին յաջորդող հանգրուանը տարբեր պիտի ըլլայ նախորդէն, եթէ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները կառավարութեան կողմէ խորհրդարան չփոխանցուին:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին սկսած բաց գործադուլը եւ դասադուլը երէկ ամբողջացուց իր մէկ ամիսը:
Այդ առիթով Ղարիպ յայտնեց, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին պահանջը միայն արդար իրաւունքը չէ, այլեւ` երկրին ազգային միասնականութիւնն է ու փտածութեան դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ սադրանքներուն վերջ տալու ի խնդիր պայքարը:
Ղարիպ կոչ ուղղեց նաեւ սեփական դպրոցներու ուսուցիչներուն մասնակցելու վաղուան ցոյցին եւ կերտելու սենտիքայական գարուն մը: Իր խօսքը ուղղելով իշխանութեան երեք պետերուն` Ղարիպ շեշտեց, որ պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն արժանապատուութիւնը չի ներեր, որ անոնք իրենց պահանջներէն հրաժարին, «հետեւաբար կը մաղթենք, որ ընդառաջէք մեր պահանջներուն», եզրափակեց ան:

