Սապունճեան – Փարթըլեմ Հանդիպում

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Լեքս Փարթըլեմի հետ, որ նախարարին ներկայացուց յառաջիկայ 23 մարտին Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունենալիք լիբանանեան ծագումով աւստրալիացի գործարարներու խորհրդաժողովին վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Սապունճեան մաղթեց, որ խորհրդաժողովը յաջողութեամբ կ՛ընթանայ եւ ընդգծեց Լիբանանի եւ Աւստրալիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Ան կոչ ուղղեց Աւստրալիոյ մէջ լիբանանեան գաղութին ամրապնդելու Պէյրութի հետ  գործակցութիւնը եւ աւստրալիացի քաղաքացիներուն ծանօթացնելու լիբանանեան արտադրութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES