Զօր. Աուն Բարձր Գնահատեց Միւֆթի Քապպանիի Կեցուածքները

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահելէ ետք համախմբումի նիստին, բարձր գնահատեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի կեցուածքը եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր:

Զօր. Աուն խստիւ դատապարտեց Պէյրութի մէջ շէյխերուն դէմ գործուած յարձակումները եւ մաղթեց, որ դատական իշխանութիւնները արագ կերպով բացայայտեն այդ արարքին դրդապատճառները եւ խիստ վճիռներ արձակեն այս իմաստով:

Ան շեշտեց, որ միւֆթի Քապպանիի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ անմիտը ոչ մէկ համայնքի կը պատկանի, ողջոյնի արժանի է: Զօր. Աուն գնահատեց միւֆթի Քապպանիի ինքնազսպումի կեցուածքը եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր:

Հռոմի մէջ ընտրական որոշ օրինագիծի մը քննարկման մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն ըսաւ, որ ինք Հռոմի մէջ չէր եւ տեղեակ չէ Հռոմի մէջ ընտրական հաւանական օրինագիծի մը մանրամասնութիւններուն մասին:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրինագիծ մը շատ աւելի օգտակար է Լիբանանին, քան` Թաէֆը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES