Շիի Գերագոյն Խորհուրդի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Տար Ֆաթուա
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Շիի գերագոյն խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ շէյխ Ահմետ Քապալանի:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը շեշտեց միջիսլամական միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ միջիսլամական սպանութիւններն ու շիի-սիւննի սադրանքներուն ու լարուածութեան մերժումը:
Շէյխ Քապալան հաստատեց, որ սիւննի-շիի սադրանքները ամէն իմաստով պէտք է մերժուին, ինչպէս նաեւ վերջ պէտք է տրուի միջհամայնքային եւ միջյարանուանական լարուածութեան:
Շէյխ Քապալան վերահաստատեց միւֆթի Քապպանիի այն յայտարարութիւնը, թէ անմտութիւնը կրօն եւ համայնք չունի:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն Աստուծմէ վախնալու եւ կասեցնելու համայնքային ու յարանուանական գրգռութիւնները:
Իր կարգին, միւֆթի Քապպանի յայտնեց, որ ճիգ պիտի չխնայուի Լիբանանի մէջ սադրանքներուն դէմ դնելու առումով, ըլլան անոնք շիի-սիւննի, թէ իսլամ-քրիստոնեայ:
«Ես կ՛ուզեմ լուսաբանել լիբանանցիները եւ ոչ թէ վախ առթել անոնց մէջ, թէ սադրանքները պիտի շարունակուին եւ իրենք պէտք է զգուշանան այդ գրգռութիւններէն: Մենք պէտք է մերժենք երկրորդ Իրաքի մը վերածուիլ, այլ` պիտի պահպանենք մեր ազգային միասնականութիւնն ու ազգային համակեցութիւնը», շեշտեց Քապպանի:
Նշենք, որ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատիի հրահանգով երէկ բերման ենթարկուեցան 7 յանցագործներ, որոնք մեղսակցած էին կիրակի ուշ գիշերին Խանտաք Ղամիքի մէջ երկու շէյխերու եւ Շիյահի մէջ երկու այլ շէյխերու դէմ կատարուած յարձակումին:


