Նախագահ Սլէյման Կը Մերժէ Լիբանանի Դէմ Սուրիոյ Ռմբակոծումը, Որ Իր Կարգին Կը Մերժուի Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Կողմէ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կտրականապէս մերժեց Լիբանանի դէմ Սուրիոյ ռմբակոծումը եւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրէն պահանջեց բողոքի նամակ մը յղել Սուրիոյ իշխանութիւններուն ու յայտնել անոնց, թէ Լիբանան Սուրիոյ ռմբակոծումները իր գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատէ եւ կը պահանջէ վերջ տալ նման արարքներու:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց, թէ սուրիական օդուժը ռմբակոծած է Լիբանանը:
Դամասկոսի մէջ սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը հերքեց այդ տեղեկութիւնները` այդ մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը նկատելով ապատեղեկատուութիւն:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ այն երկիրներն ու պետութիւնները, որոնք Սուրիոյ դէմ թշնամանք սկսած են տածել եւ թշնամական այդ քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք սկսած են ահաբեկչական խմբաւորումներ զինել, ամէն ջանք ի գործ դրած են նման ապատեղեկատուութիւն կատարելու` անճիշդ լուրեր սպրդեցնելով:
Դամասկոս շեշտեց, որ Սուրիա կտրականապէս կը մերժէ Լիբանանը ռմբակոծած ըլլալու մասին լուրերը եւ կը շեշտէ, որ ինք կը յարգէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ յանձնառու է Լիբանանի ապահովական կայունութեան:
Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահը Նիկերիոյ մէջ յայտնած էր, թէ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւնները մերժելի են:
Նախագահ Սլէյման Նիկերիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի գործարարներու ընդարձակ պատուիրակութեան մը հետ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան հիւանդ է եւ կարիքը ունի դարմանումի, որ բոլորին պատասխանատուութիւնն է:
Նախագահ Սլէյման նաեւ ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը պէտք է գործակցին, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանանի դրամատնային համակարգը առողջ է եւ լիբանանեան դրամանիշը կայուն է:
Նիկերիոյ մէջ գործող լիբանանցի գործարարները նախագահ Սլէյմանէն պահանջեցին ստեղծել Լիբանան-Նիկերիա ամէնօրեայ դրութեամբ թռիչքներու հաստատումը:
Պէտք է նշել, որ Նիկերիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն մասին տեղեկութիւններ կարելի եղած է ապահովել եւ, ըստ նիկերիական գաղտնի սպասարկութեան, յստակ դարձած է, թէ անոնք ողջ առողջ են:
Կը նախատեսուէր, որ երէկ գիշերուան ժամը 10:00-ին նախագահ Սլէյման մեկնէր Նիկերիայէն` այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին ժամանելու համար Լիբանան:


