Ազրպէյճանի Մէջ Լիթուանիոյ Դեսպանը Լիթուանիա – Լեռնային Ղարաբաղ Բարեկամութեան Խմբակի Ստեղծման Հարցով Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն Կանչուած Է
Ազրպէյճանական contact.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ Լիթուանիոյ դեսպան Արթուրաս Ժուրաուսքաս երկուշաբթի օր Լիթուանիա-Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակի ստեղծման հարցով կանչուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցած է արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆովի հետ: Վերջինս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ բարեկամութեան խմբակի ստեղծման առնչութեամբ Վիլնիուսին բողոքագիր մը յղած է:
Խալաֆով դեսպանին յայտնած է, որ «ազրպէյճանական բռնագրաւուած տարածք նկատուող Լեռնային Ղարաբաղի հետ նման խմբակի ստեղծումը ոչ միայն Ազրպէյճանի օրէնսդրութեան, այլ նաեւ` միջազգային օրէնքի կոպիտ խախտում կը նկատուի»:
Խալաֆով աւելցուցած է, որ այդ նախաձեռնութիւնը կը մթագնէ Լիթուանիա-Ազրպէյճան երկկողմանի յարաբերութիւնները: «Ազրպէյճան այդ քայլը կը դիտարկէ իբրեւ տարածքային ամբողջականութեան, երկրի գերիշխանութեան խախտում, անջատողական վարչակարգին աջակցութիւն եւ անարգանք միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն նկատմամբ», աւելցուցած է ան:
Ըստ contact.az-ի, Ժուրաուսքաս իր կարգին յայտարարած է, թէ կը հասկնայ Պաքուի մտահոգութիւնն ու ազրպէյճանական կողմի դիրքորոշումին մասին տեղեակ պիտի պահէ իր երկրի կառավարութիւնը: «Ժուրաուսքաս նշած է, որ քանի մը երեսփոխաններու նախաձեռնութիւնը չ՛արտացոլեր խորհրդարանի եւ կառավարութեան դիրքորոշումը», Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն ըսած է Ժուրաուսքաս:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարարը լիթուանական կողմին յորդորած է «հետաքննութիւն կատարել եւ քայլերու ձեռնարկել նման նախաձեռնութիւնները կանխարգիլելու համար»:
14 մարտին Լիթուանիոյ Սէյմասի (խորհրդարան) նիստին ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ Լիթուանիոյ Հանրապետութիւն-Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն բարեկամութեան խմբակի ստեղծման մասին: Խմբակը ներկայիս կ՛ընդգրկէ 12 երեսփոխաններ, որոնք կը ներկայացնեն հինգ խմբակցութիւն, իսկ երկու անդամներ ալ անկախ երեսփոխաններ են: Բարեկամութեան խմբակին մաս կազմող երեսփոխաններուն շարքին է նաեւ Սէյմասի փոխնախագահ Քիասթաս Քոմսքիս:
Յիշեցնենք, որ նախապէս Ազրպէյճանի խորհրդարանի Ազրպէյճան-Լիթուանիա միջխորհրդարանական բարեկամութեան խմբակը եւս բողոքագիր մը յղած էր Լիթուանիոյ խորհրդարանի Լիթուանիա-Ազրպէյճան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խմբակին` իր վրդովմունքը յայտնելով Լիթուանիա-Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն բարեկամութեան խմբակի ստեղծման առնչութեամբ:

