«Երեւանի Աւագանիի Ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ն Պիտի Մասնակցի Կազմակերպուած Ձեւով» Ընդգծեց Աղուան Վարդանեան

ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան երէկ խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը իսկապէս կը մտածէր, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները կրնան դառնալ այն հարթակը, որ ընդդիմադիր ուժերուն միաւորուելու, այդ ընտրութիւններուն քաղաքական պայքարի ճամբով երթալու կարելիութիւն պիտի տայ եւ ՀՅԴ-ն ատոր համար ըրած է ամէն կարելին եւ անկարելին:

Ըստ դաշնակցական պատգամաւորին, քննարկումներ տեղի ունեցած են Ժառանգութիւն եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւններուն հետ թէ՛ միասին, թէ՛ առանձին-առանձին, սակայն մօտեցումներու տարբերութիւնները թոյլ չտուին միաւորուիլ եւ միասնական ցուցակ կազմել:

«Դաշնակցութեան խիղճը մաքուր է, քանի որ մենք ըրինք ամէն ինչ, որպէսզի քաղաքական ուժերը համաձայնութեան գան: Իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ առանձին պիտի մասնակցի այդ ընտրութիւններուն, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ համագործակցութիւնը պիտի դադրի: Արդէն Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններէն ետք կարելի է, որ բարենպաստ պայմաններ ստեղծուին միացեալ աշխատանքի համար», ընդգծեց Վարդանեան:

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ն պիտի մասնակցի շատ կազմակերպուած, եւ պիտի կատարուի կարելին ընտրողներու ձայներու առաւելագոյն քանակ ապահովելու համար:

Ըստ անոր, նախընտրական քարոզարշաւը եւ կուսակցութեան մօտեցումները այս կամ այն հարցին ընտրողներուն պիտի համոզեն քուէարկել ՀՅԴ-ի օգտին: «Այս անգամ պէտք է վստահիլ Դաշնակցութեան եւ քուէարկել մեր կուսակցութեան օգտին: Ատիկա մեզի համար պատիւի եւ պատասխանատուութեան հարց է», ընդգծեց Աղուան Վարդանեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ է պատճառը, որ քաղաքական ուժերը, որոնց շարքին նաեւ` Դաշնակցութիւնը, չեն շտապեր ներկայացնել իրենց ցուցակները Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին, հակառակ անոր որ դիմումներու ընդունման ժամկէտը կ՛աւարտի 21 մարտին, Վարդանեան նշեց, որ հաւանաբար իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ թեքնիք խնդիրներ ունի: «Վերջաւորութեան, ցուցակները մեծ են, պէտք է հաւաքել բոլոր անհրաժեշտ փաստաթուղթերը: Կը կարծեմ, որ բոլորն ալ ժամանակին պիտի ներկայացնեն անհրաժեշտ փաստաթուղթերը»:

Աղուան Վարդանեան յայտարարեց, որ նախագահական ընտրութիւններէն ետք երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը լուծում կը պահանջէ:

Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ բոլորը կը գիտակցին, ներառեալ` խորհրդարանական մեծամասնութիւնը, որ Հայաստանի մէջ հիմնարար արմատական փոփոխութիւններ անհրաժեշտ են: «Եթէ մենք չկարենանք այս մթնոլորտը լիցքաթափել, պիտի նուազեցնենք երկիրը զարգացնելու կարելիութիւնները, պիտի ունենանք անտարբերութիւն, հիասթափութիւն, արտագաղթ, որ համազգային, համապետական լուրջ խնդիր է», յայտարարեց Վարդանեան եւ վստահեցուց, որ այս ամէնէն կարելի է դուրս ելլել միայն քաղաքական համաձայնութեան պարագային:

Ըստ անոր, պարտք եւ պատասխանատուութիւն ունին բոլորը` թէ՛ իշխանութիւնը, թէ՛  ընդդիմութիւնը, եւ այդ պարտքէն եւ պատասխանատուութենէն կարելի չէ խուսափիլ: «Մենք մեր երկրին մէջ թշնամիներ չունինք, տարակարծութիւններ, տարբերութիւններ, այո, կան, բայց ոչ երբեք թշնամանք, եւ միայն քաղաքական համաձայնութեամբ կարելի է փոխել այս իրավիճակը: Կը կարծենք, որ անոր համար հիմքեր կան, եթէ բոլոր կողմերը իսկապէս   տրամադրուած են: Մենք ունինք մեր ճամբու քարտէսը եւ կը կարծենք, որ կարելի է այդ ճամբով առաջ երթալ», յայտարարեց Վարդանեան:

Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ այդ ճամբու քարտէսը կ՛ենթադրէ տարուան մը ընթացքին արմատապէս փոխել Ընտրական օրէնսգիրքը, անցնիլ 100 տոկոսնոց համամասնական ընտրակարգի, բացառել կրկնակի քուէարկութիւնները, հրապարակել ցուցակները, 2-2,5 տարուան ընթացքին կազմակերպել սահմանադրական հանրաքուէ, փոխել սահմանադրութիւնը, կատարել նոր խորհրդարանական ընտրութիւններ եւ, ի վերջոյ, ձեւաւորել ընդդիմութիւն-իշխանութիւն միասնական համակարգ, երբ ընդդիմութիւնը պիտի ունենայ իշխանութեան վերահսկելու գործուն լիազօրութիւններ: «Ասիկա է միակ ճամբան», խօսքը եզրափակեց Աղուան Վարդանեան:

 

Share this Article
CATEGORIES