Յովհաննէսեան Սուտ Կ՛որակէ Նախագահ Սարգսեանի Յայտարարութիւնները

Րաֆֆի Յովհաննէսեան` բացօթեայ ասուլիսին ընթացքին

Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած բացօթեայ ասուլիսին ընթացքին սուտ որակեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի` նախանցեալ օր տրուած ասուլիսին ընթացքին կատարած շարք մը յայտարարութիւնները:

Մասնաւորաբար, Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդը հերքեց, թէ նախագահի նստավայրին մէջ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին ըսած է, թէ ինք չէ յաղթած 18 փետրուարի ընտրութիւններուն:

«Սուտ է այդ նախադասութիւնը, որ ես ըսած եմ, որ ես չեմ յաղթած: Ես ըսած եմ հետեւեալը` «կեղծուած են ընտրութիւնները, համատարած կեղծիք եղած է, պարոն Սարգսեան, եւ ամէնէն լաւը դուք գիտէք անոր մասին», ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց Յովհաննէսեան` պարզաբանելով, թէ ինք ընդամէնը նշած է, որ  չափազանցած է, երբ ըսած  է, որ ընտրութիւններուն յաղթած է 80 առ հարիւրով:

Ժառանգութեան առաջնորդը երէկ հերքեց նաեւ նախագահին նախանցեալ օր կատարած այլ յայտարարութիւն մը, որ իրենք քննարկած են Յովհաննէսեանին` իշխանութեան մաս կազմելու նիւթը:

Ան նաեւ հերքեց, թէ այդ հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք բերուած է իրարու գրաւոր առաջարկներ ուղարկելու շուրջ:

Ըստ Յովհաննէսեանի, վերջին օրերուն տարբեր միջնորդներ փորձեցին կազմակերպել իր եւ Սարգսեանի հանդիպումը: Մերժելով դուրս գալ Ազատութեան հրապարակէն` Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավարը առաջարկեց հանդիպիլ բաց` ժողովուրդին եւ լրագրողներուն առջեւ, բայց ըսաւ, որ եթէ Սերժ Սարգսեան կ՛ուզէ դռնփակ հանդիպում, ապա կրնան հանդիպիլ Օփերայի շէնքի երկրորդ յարկը կամ մօտակայ սրճարանին մէջ: Այդ առաջարկները, ըստ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի, չեն ընդունուած, որմէ ետք ինք ըսած է, որ եթէ բարդոյթներ կան, ապա Սերժ Սարգսեան կրնայ իրեն հետ հաղորդակցիլ գրաւոր` փակ ծրարով, որուն ինք կը պատասխանէ նոյն ձեւով:

Անդրադառնալով Սահմանադրական խորհուրդը ղեկավարելու եւ հանրաքուէ կատարելու` Սերժ Սարգսեանի առաջարկին, Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտնեց, որ այդ հանրաքուէն թող կատարուի, բայց անոր համար պէտք չկայ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի: Ըստ անոր, ինք ունի այլ դերակատարութիւն եւ նախագահը ատիկա գիտէ: Ծաղրանք է ատիկա կապել ժողովուրդի յաղթանակին եւ ժողովուրդէն գողցուած ձայնին հետ, իբրեւ լուծում:

Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավարը մատնանշեց, որ այդ խորհուրդը կրնայ ղեկավարել, օրինակ` յայտնի իրաւաբան Վարդան Պօղոսեան:

Յովհաննէսեան յայտնեց, որ ինք Սերժ Սարգսեանին գրաւոր առաջարկի պարտք ունի, հետեւաբար ուրբաթ օր տեղի ունենալիք հանրահաւաքէն ետք առաջարկները պիտի ուղարկէ նախագահին: Ան յայտնեց, որ ինք նախագահին հետ այլեւս պիտի հաղորդակցի միայն հրապարակային ճամբով` առիթ չտալու համար թիւրիմացութիւններու:

Ան հակադարձեց նաեւ Սերժ Սարգսեանի կատարած այն յայտարարութեան, թէ ինք պիտի չայցելէ Րաֆֆի Յովհաննէսեանին, քանի որ չի գիտեր ինչի շուրջ բանակցիլ աշխարհին վրայ դառնացած եւ արդէն 8 օր շարունակ սոված մնացած մարդու հետ:

«Ես բնաւ դառնացած չեմ աշխարհէն եւ բացարձակապէս սով չեմ զգար»,  ըսաւ Յովհաննէսեան:

 

Share this Article
CATEGORIES