Հայկական Պաշտօնական Եւ Ժողովրդային Մասնակցութիւն` Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի Պաշտօնի Ստանձնման Արարողութեան

Նախագահ Սարգսեան կը շնորհաւորէ Ֆրանչիսկոս Ա. պապը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Վատիկանի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս Ա. պապի պաշտօնի ստանձնման պատարագին:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց սրբազան քահանայապետը անոր ընտրուելուն եւ կաթողիկէ աշխարհի հովուապետի առաքելութիւնը ստանձնելու առիթով:

Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ աշխարհի մէջ առաջինը պետականօրէն քրիստոնէութիւնը ընդունած հայ ժողովուրդին համար այս իրադարձութիւնը առանձնայատուկ խորհուրդ եւ իմաստ ունի: Նախագահը ուրախութեամբ նշեց, որ Ս. Պետրոսի նուիրապետական աթոռին վրայ նստած է հայ ժողովուրդի բարեկամը, որ քաջատեղեակ է հայ մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան, ինչ որ ան բազմիցս փաստած է Արժանթինի մէջ իր գործունէութեան ընթացքին:

Եռագոյնը` Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ

 

Յայտնենք, որ Վատիկանի երէկուան արարողութեան ընթացքին ուշագրաւ էր նաեւ Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ հայ հաւատացեալներու ներկայութիւնը, որոնք բարձրացուցած էին Եռագոյն դրօշակներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES