Արծուիկ Մինասեանի Կոչը` Արտաքին Գործոց Նախարարութեան
ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան երէկ խորհրդարանին մէջ յայտարարութիւններու ժամուն յայտնեց, որ Լիթուանիոյ խորհրդարանին մէջ Լիթուանիա-Արցախ բարեկամութեան խմբակի ստեղծումը Ազրպէյճանի մէջ յարձակումի մրրիկ յառաջացուցած է, եւ Ազրպէյճանի նախաձեռնած ծաւալուն հոլովոյթը պէտք է արժանի հակահարուած ստանայ ոչ միայն Հայաստանի ու Լիթուանիոյ խորհրդարաններէն, այլեւ իրենք իրենց ժողովրդավար նկատող պետութիւններուն կողմէ:
«Դատապարտելով Ազրպէյճանի գործունէութիւնը` կոչ կ՛ուղղենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը գործնական դարձնէ Լիթուանիոյ Լիթուանիա-Արցախ բարեկամութեան խմբակի ստեղծումը, եւ բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ կան, Արցախի հետ նման խմբակներու ստեղծման նախաձեռնութեամբ հանդէս գայ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է գործադրէ բոլոր ջանքերը, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչումը անկասելի ըլլայ», նշեց Մինասեան` աւելցնելով, որ ատիկա արժանի պատասխան պիտի ըլլայ Ազրպէյճանին:

