Ակնարկ. Լիբանանը` Հրահրիչ Եւ Զսպիչ Գործողութիւններու Միջեւ
Ներլիբանանեան լարուածութիւնը հանգրուանային մագլցողականութենէն կտրուկ սրումներու անցում կը կատարէ. սիւննի կրօնաւորներու դէմ կատարուած ոտնձգութիւններ, ձերբակալութիւններ, քաղաքացիական անհնազանդութեամբ բնութագրուող հակազդեցութիւններ: Զուգահեռ` Սուրիայէն դէպի լիբանանեան տարածքներ կատարուող ռմբակոծումներ, որոնք կ՛արժանանան գերտէրութիւններու ներկայացուցիչներու դատապարտանքներուն:
Կրօնաւորներուն դէմ կատարուած այս արարքները թէեւ կը դատապարտուին լիբանանեան դաշտը բաղկացնող բոլոր ուժերուն կողմէ, այսուհանդերձ ժողովրդային ցասումը կը շարունակէ իր դրսեւորումները ունենալ: Իրավիճակի հանդարտեցման համար պետական հաստատութիւններ եւ համապատասխան մարմիններ քայլերու կը ձեռնարկեն:
Յստակ է, որ ներլիբանանեան կայունութիւնը թիրախ է: Անոր կը սպառնան այն ուժերը, որոնք կը պատուիրեն նախ գրգռիչ ելոյթներ, կը հրապարակեն յոխորտանքներ, ոչ քաղաքական ճանապարհներով հարցերուն լուծում տալու յայտարարութիւններ: Անոնք, որոնք փողոցին եւ խռովարարութեան կանաչ լոյս կու տան հրահրելու կացութիւնը, փակելու ճամբաները, խոչընդոտելու բնականոն կեանքը: Նաեւ անոնք, որոնք կը դիմեն բռնութեան եւ քայլերու կը ձեռնարկեն կրօնաւորներու դէմ:
Մէկ կողմէ հրահրումը, միւս կողմէ լարուածութեան իրավիճակի ստեղծումով խոշտանգումը եւ կրօնական խորհրդանիշերու դէմ կատարուած աքթերը կը միտին համաժողովրդականացնել բեւեռացումը: Իրավիճակը ապակայունացնելու համար կրօնական գործօնի օգտագործումը մարտավարական պարզ խաղ է կրօնականացուած հասարակութիւններուն, համայնքային համակարգով գործող շրջաններուն եւ երկիրներուն մէջ:
Ամբողջ շրջանը սիւննի-շիի հակասութիւններ սրելով, քաոսային իրավիճակներու առաջնորդելով հարցեր լուծելու բաժանարար ծրագիրներու գործնականացումը կը թուի հասած ըլլալ լիբանանեան հողին վրայ:
Վտանգաւոր եզրի հատումն է, որ կը կատարուի այս օրերուն Լիբանանի մէջ: Հարաւէն մինչեւ հիւսիս, անցնելով Պէյրութէն, ժողովուրդի տարբեր հատուածները իրարու դէմ գրգռելու, հակադրելու եւ դիւրաբեկ համակեցութիւնը անհամատեղելիութեան վերածելու յստակ դաւադրութիւններ կը կատարուին: Չէ բացառուած, որ միեւնոյն կեդրոնը կը թելադրէ մէկ հատուածը միւսին դէմ տրամադրելու եւ իրարու դէմ բախումի առաջնորդելու խաղը:
Խոր ճգնաժամի մէջ եղող Սուրիայէն դէպի Լիբանան արձակուած ռումբերը քաղաքական եւ ժողովրդային լարուածութիւնը այլ հարթութիւն տեղափոխելու նախադրեալները կը նախանշեն:
Համալիբանանեան բարձրագոյն պատասխանատուութիւն պէտք է մշակուած ծրագիրներուն չներքաշելու համար երկիրն ու ժողովուրդը: Լարուած շրջաններուն վրայ իրաւապահ մարմիններուն վերահսկողութիւնը պահելու նախանձախնդրութիւնը զսպիչ գործողութիւններու արուեստին տիրապետում կ՛ենթադրէ: Բայց խնդիրը միայն ապահովական կացութիւնները գետնի վրայ հակակշռելուն չի վերաբերիր անշուշտ: Համալիբանանեան քաղաքական գիտակցութեան վրայ հիմնուելով դաւադրութիւններուն ընդառաջ չերթալու կամքի դրսեւորումի փաստերու անհրաժեշտութիւնը սուր հրամայական է:
Բեւեռացնելու եւ իրար հակադրելու քաղաքական այս ուղղուածութիւնը նոր օղակներ պիտի կազմէ անշուշտ, եւ նման երեւոյթներու ականատես պիտի ըլլանք շատ հաւանաբար: Շրջանային տարողութեամբ կիրարկուող քաղաքականութեան մը լիբանանեան երեսն է, որ մենք կը տեսնենք այս օրերուն: Խնդիրը ուրեմն, ի գին հսկայական զոհողութիւններու համակողմանիօրէն կամքի եւ որոշումի դրսեւորումն է` մերժելու դաւադիր ծրագիրներու ներքաշումը: Այլապէս, շրջանային ճգնաժամերը կրնան պատկերացումներ փոխանցել, թէ ինչ ճակատագիր ու քաոս կրնայ վերստին սպառնալ այս երկրին:
Արուեստական լաւատեսութիւն փոխանցելու համար չէ, որ պէտք է յիշել ու տրամաբանել, որ արձանագրուող դէպքերը կը շարունակեն մնալ սահմանափակ վայրերու մէջ: Համատարած բռնկումի չեն վերածուիր: Կը թուի, որ իրար դէմ լարուած հատուածներու ուժի եւ որոշումի կեդրոնները զսպիչ դերակատարութիւնը կը շարունակեն կատարել համոզումով: Շատ հաւանաբար լիբանանեան արհաւիրքը վերադարձնելու գործընթացը մերժելով. հակառակ` արտալիբանանեան կեդրոններու մշակած ծրագիրներուն:
«Ա.»

