Ճատրակ. Արոնեան – Սվիտլեր` 0,5-0,5
Օրուան մը հանգիստէ ետք, երէկ Լոնտոնի մէջ շարունակուեցան ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին համար պայքարի ճակատումները, երբ տեղի ունեցան 4-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ ճակատեցաւ ռուս Փիթըր Սվիտլերի դէմ, 0,5-0,5 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտեց իր այս հանդիպումը` 31-րդ շարժումին:
Արոնեան, որ այսպիսով ցարդ արձանագրած է երկու յաղթանակ եւ երկու հաւասարութիւն, ապահոված է 3 կէտ:
CATEGORIES Մարզական

