Հայրենի Կռփամարտիկները Կը Պատրաստուին Ուքրանիոյ Եւ Ղազախստանի Միջազգային Մրցաշարքերուն

Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեան PanArmenian.Net-ի թղթակիցին ըսած է, որ հայրենի կռփամարտիկները այժմ Աբովեանի մէջ կը պատրաստուին Ուքրանիոյ եւ Ղազախստանի մէջ տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքերուն:

Առաջինին, որ պիտի սկսի 24 մարտին, պիտի մասնակցին 6 կռփամարտիկներ, իսկ երկրորդին, որ պիտի սկսի 29 մարտին` հինգ կռփամարտիկներ:

Առաջին խումբին պիտի ուղեկցի Կարէն Աղամալեան, իսկ երկրորդին` խումբին երկրորդ մարզիչը` Ֆետիա Ալեքսանեան:

Ուքրանիա պիտի մեկնին Յովհաննէս Դանիէլեան (49 քկ), Արարատ Մխիթարեան (56 քկ), Յովհաննէս Պոչքով (60 քկ), Վլատիմիր Մարգարեան (69 քկ), Արման Յովիկեան (75 քկ) եւ Ռուսլան Իպրահիմեան (81 քկ):

Իսկ Ղազախստան մեկնողները պիտի ըլլան Կորիւն Սողոմոնեան (49 քկ), Դերենիկ Գիժլարեան (52 քկ), Արթուր Գրիգորեան, Սամուէլ Բարսեղեան (60 քկ) եւ Ազատ Դաւթեան (91 քկ):

Վերոնշեալ մրցաշարքերէն ետք կը ձեւաւորուի հաւաքականը, որ պիտի մասնակցի Եւրոպայի ախոյեանութեան:

Share this Article
CATEGORIES