Էն. Պի. Էյ. Հիթ Արձանագրեց Իր 23-րդ Յաջորդական Յաղթանակը. Ճէյմս Նշանակեց 37 Կէտ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած երէկուան մրցումներուն, Մայեմի Հիթ արձանագրեց իր 23-րդ յաջորդական յաղթանակը` երկու կէտի տարբերութեամբ` 105-103 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Պոսթըն Սելթիքսը, հակառակ անոր որ անիկա մրցումին աւարտէն 8 վայրկեան առաջ 13 կէտով ուշացած էր: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 37 կէտ, 12 էսիսթ եւ 7 ռիպաունտ, իսկ Սելթիքսի մարզիկ Ճեֆ Կրին` 43 կէտ:
Այսպիսով, Էն. Պի. Էյ.ի պատմութեան մէջ երկրորդ ամէնէն շատ յաջորդական յաղթանակներ արձանագրած կազմն է Հիթ: Մրցանիշը կը պատկանի Լոս Անճելըս Լէյքըրզի (33 յաջորդական յաղթանակ` 1971-1972 տարեշրջանին):
Տենվըր Նակեթց – Շիքակօ Պուլզ մրցումը միակն ըլլալով աւարտեցաւ երկարաձգումէն ետք` ի նպաստ առաջինին` 119-118 արդիւնքով:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 101-100
Շարլոթ Հոռնեթց – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 119-114
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 90-111
Աթլանթա Հոքս – Տալաս Մավըրիքս 113-127
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Պրուքլին Նեթց 82-119
Պոսթըն Սելթիքս – Մայեմի Հիթ 103-105
Շիքակօ Պուլզ – Տենվըր Նակեթց 118-119
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Մինեսոթա Վուլվզ 92-77
Նիւ Օրլինզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 72-93
Ֆէոնիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 99-76
Եութա Ճեզ – Նիւ Եորք Նիքս 83-90
Ստորեւ կու տանք այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Օրլանտօ Մեճիք
Միլուոքի Պաքս – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Օքլահոմա Սիթի – Տենվըր Նակեթց
Սաքրամենթօ Քինկզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ

