Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ե՞րբ Կարելի Է Երեխան Տունը Առանձին Ձգել
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Որոշ երեխաներ արդէն չորս-հինգ տարեկանին կրնան բոլորովին առանձին զբաղիլ որեւէ բանով` ծնողներու մշտական ուշադրութեան կարիքը չունենալով: Շատեր ալ նոյնիսկ 12 տարեկանին կը սարսափին մինակ մնալէ…
Իսկ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պէտք է սկսիլ երեխային մէջ ինքնուրոյնութիւն եւ ինքնաբաւութիւն դաստիարակել: Հոգեբաններու կարծիքով, շատ բան կախեալ է երեխային խառնուածքէն: Եթէ դուք չէք պատրաստուիր գրկելու եւ գուրգուրալու ձեր «հրաշք»-ին մինչեւ ամուսնութեան տարիքը, անհրաժեշտ է ժամանակին հնարաւորութիւն տալ անոր զգալու ինքնուրոյնութեան համը: Ուշ կամ կանուխ, կու գայ այն պահը, երբ այլեւս, ուզէք թէ ոչ, ան դուրս պիտի գայ ձեր գիրկէն:
Ինքնուրոյն ըլլալու հնարաւորութիւնը երեխային պէտք է ընձեռել աստիճանաբար` հինգ-վեց տարեկանէն սկսած:
Սակայն կարելի չէ որոշել եւ մէկ օրէն միւսը երեխան տունը առանձին ձգել: Նախ կարելի եղածին չափ մեծ ազատութիւն տուէք անոր` ձեր ներկայութեան: Յաճախ թոյլ տուէք ձեր երեխային ինքնուրոյն տնօրինել իր գործերը` առանձին հագուիլ, լոգնալ, սառնարանէն հիւթին շիշը առնել եւ բաժակին մէջ լեցնել, հեռախօսին պատասխանել եւ այլն…
Այսպիսի քանի մը վարժութենէ ետք կը նկատէք, որ երեխան հասկցեր է ձեր բացատրութիւնները եւ ամէն վայրկեան ձեր օգնութեան չի դիմեր:
Առաջին անգամ երեխան կարճ ժամանակով առանձին ձգեցէք, իսկ դուք հեռու մի՛ երթաք, այդ տեւողութիւնը քիչ-քիչ երկարեցէք, մինչեւ որ վստահ ըլլաք, թէ ան առանձին ապահով եւ ինքնաբաւ պիտի զգայ:
Տունը առանձին մնացող երեխան պէտք է գիտակցի, որ կան բաներ, որոնք կարելի չէ ընել: Անոր ներկայացուցէք քանի մը կարեւոր «կարելի չէ»-ի օրէնքներ, վստահ եղէք, որ երեխան յստակ իւրացուցեր է զանոնք եւ չի փորձեր գաղտագողի խախտել զանոնք:
«Կարելի չէ…»
Ա.- Կարելի չէ, դուռը բանալ եւ մարդ ընդունիլ: Ատիկա միայն մեծերը կ՛ընեն, իսկ տնեցիները` բոլորն ալ բանալի ունին:
Բ.- Կարելի չէ հեռախօսով անծանօթ մարդոց պատմել, թէ դուն տունը առանձին ես:
Գ.- Կարելի չէ պատուհանէն բաներ դուրս նետել: Առհասարակ, պէտք չէ պատուհանին մօտենալ, նոյնիսկ եթէ օդը շատ տաք է:
Դ.- Կարելի չէ ձեռնել ելեկտրական սարքաւորումները:
Ե.- Կարելի չէ կրակի հետ գործ ունենալ:
Այս բոլորէն անկախ, ծնողները հեռախօսին մօտ պէտք է դնեն իրենց եւ տան անմիջական մօտիկ անձերու (դրացի, ազգական…) հեռախօսի թիւերը, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային երեխան կարենայ կապուիլ եւ իր դժուարութիւնը յայտնել:
Երեխայի ինքնուրոյնութեան
փորձ-հարցարան
Ահաւասիկ` երեխայի ինքնուրոյնութեան 10 չափորոշիչ: Եթէ ասոնցմէ առնուազն ութը կը վերաբերի ձեր զաւկին, ուրեմն ան պատրաստ է իր «գործերը» առանձին գլուխ հանելու եւ կարիք չունի մշտական ուշադրութեան: Այլապէս, տակաւին կանուխ է մտածել տունը զինք առանձին ձգելու մասին:
1.- Երեխան մինակ կրնայ մնալ երկու ժամէն աւելի` անընդհատ օգնութեան չվազելով մօրը մօտ:
2.- Ան չի վախնար մութէն եւ փակ վայրերէն:
3.- Յստակօրէն գիտէ թոյլատրելիութեան սահմանը` ինչը կարելի է ընել, ինչը` ոչ:
4.- Տուն-տուն խաղալու ատեն չափահասի (հայր, մայր…) դեր կը վերցնէ:
5.- Հեռախօս գործածել եւ մանաւանդ միտքերը հասկնալի ձեւով արտայայտել գիտէ:
6.- Յիշաչար չէ, ներողամիտ է:
7.- Առարկայական ինքնագնահատական ունի, կը գիտակցի իր սխալներուն եւ չ՛ամչնար խոստովանելէ:
8.- Տան մէջ կը ստանձնէ որոշ պարտականութիւններ (խաղալիքները հաւաքել, իր անկողինը կոկել, նախաճաշի կամ ընթրիքի սեղանը շտկել կամ հաւաքել եւ այլն…):
9.- Գիտէ ինքզինք դասաւորել: Գիտէ` երբ պիտի ուտէ, երբ պիտի խաղայ եւ երբ պիտի քնանայ:
10.- Ջղային եւ բարկացկոտ չէ: Մանաւանդ տագնապող չէ:
Առողջապահական.
Բարձրակրունկ Կօշիկներու
Անպատեհութիւնները
Երբ բարձրակրունկ կօշիկ կը կրէք, ոտքի կրունկը կը գտնուի մարմնի համար անբնական բարձրութեան վրայ, իսկ մարմնին ամբողջ ծանրութիւնը ոտքի թաթի առջեւի մասին վրայ կ՛ըլլայ: Հետեւանք` կը յայտնուի հարթաթաթութիւն, բայց նաեւ ի յայտ կու գան վէրքեր, ինչպէս նաեւ` սուր ցաւեր: Յաճախ կը տձեւնան ոտքերու բութամատները եւ դէպի դուրս կը ցցուին:
Ինչ կը վերաբերի սրունքներու մկաններուն, անոնք տեւաբար լարուած կը մնան եւ, իբրեւ բնական հետեւանք, ի յայտ կու գան ոտքերու հետ կապուած հիւանդութիւններ եւ բարդութիւններ:
Ծանրութեան կեդրոնի տեղափոխումը կը վնասէ նաեւ մարմնի վերի մասին. կը տուժեն ողնաշարն ու ներքին գործարանները, որոնք ողնաշարի ծռութեան պատճառով իրենց կարգին կը տեղաշարժին:
Այս բոլոր ըսուածները անհիմն խօսքեր չեն, այլ բժշկական լուրջ հաստատումներ:
Լուծումներ
Ի՞նչ ընել, եթէ բարձրակրունկ կօշիկ կրելէ չէք կրնար հրաժարիլ, կամ գործի բերմամբ ձեզմէ պահանջուած է որոշ բարձրութեամբ կօշիկ կրելը, քանի որ ատիկա ընդհանուր տարազին մաս կը կազմէ:
– Նախ եւ առաջ ջանացէք, որ կրունկին բարձրութիւնը 5 – 7 սմ-ը չանցնի: Նման պարագայի, սրունքները չեն տուժեր:
– Թելադրելի է, որ ձեր կրունկով կօշիկները ունենան բժշկական, հանգստաւէտ, շարժական ներբաններ:
– Եթէ օրուան մէկ կարեւոր մասը նստած դիրքով էք, փորձեցէք, սեղանին տակ, աննկատ հանել ձեր կօշիկները:
– Տունը, երկարած դիրքով, ոտքերը միշտ բարձրացուցէք` տակը բարձիկ մը տեղաւորելով: Այս դիրքով թէ՛ կը հանգստացնէք զանոնք եւ թէ՛ կ՛օգնէք արեան շրջագայութեան:
– Շատ օգտակար եւ ազդու են նաեւ ծովային աղով ոտքերու եւ սրունքներու լոգանքը:
– Ձեր ազատ ժամերուն տունը, ծովեզերքը, թէ պարտէզը փորձեցէք քանի մը ժամ բոպիկ քալել, այդպիսով ձեր ոտքին ներբանները բնական մարձումի կ՛ենթարկուին:
Հետաքրքրական
Ի՞Նչ Գիտենք Մազերու Մասին
– Մարդու գլխուն վրայ կ՛աճի 90 – 150 հազար մազ:
– Մեր մորթին 95 առ հարիւրը ծածկուած է մազերով:
– Երեխային առաջին մազիկները կը յայտնուին մօր յղութեան 4 – 5-րդ ամսուան ընթացքին:
– Ամէնէն արագը կ՛աճին 15 – 30 տարեկաններու մազերը: 50-էն ետք մազերու աճը կը դանդաղի:
– Մազերը ամրան աւելի արագ կ՛աճին, քան` ձմրան:
– Կիները հազուադէպօրէն ճաղատ կը դառնան, քանի որ անոնց մազերուն արմատները մորթին մէջ 2 մմ աւելի խորը կը գտնուին, քան` տղամարդոցը:
– Տարուէ տարի մազերը կը նօսրանան: Մարդ օրական կը կորսնցնէ 60 – 100 մազ:
– Շիկակարմիրները ունին ամենախիտ մազերը:
– Սեւամորթներու մազերը ամենահաստն են. անոնք կրնան 8 անգամ աւելի հաստ ըլլալ բաց գոյնի մազերէն:
– Ճարպոտ մազերը անհրաժեշտ է լուալ աւելի յաճախակի, քան` չոր կամ բնականոն մազերը: Լուալու համար ամենալաւը 40 – 45 ջերմաստիճանի ջուրն է:
– Թելադրելի է հերաթափութեան պարագային գործածել նօսր ակռաներով սանտրեր:
– Օրական մազերը միջին չափով կ՛աճին 0,33 մմ, տարեկան` 12 սմ: Եթէ մենք մեր մազերը չկտրենք, կեանքի վերջաւորութեան կ՛ունենանք 7,5 – 8 մեթր մազ:
Խոհագիր
Տօնական Օրերու Եղինձ
– 1 գաւաթ բրինձ` երկար հատիկ
– 3 գաւաթ եռացած ջուր
– 1/3 գաւաթ ձիթաիւղ
– 2 միջակ սոխ` կլոր շերտուած
– 1 մեծ դգալ չամիչ` առանց կուտի
– 2 մեծ դգալ Հալէպի պիստակ
– 1/4 գաւաթ նուշ` առանց կեղեւի եւ կիսուած
– 2 մեծ դգալ սնուպրի
– 1/2 պզտիկ դգալ կասիայի փոշի
– Աղ
Զարդարանքի համար
– 1 մեծ դգալ ձիթաիւղ
– 2 մեծ դգալ սնուպրի
– 2 մեծ դգալ Հալէպի պիստակ
– 1 մեծ դգալ ազատքեղ` մանրուած
Պատրաստութիւն
1.- Բրինձը ծածկել 1 1/2 գաւաթ եռացած ջուրով, վրան աւելցնել 1 պզտիկ դգալ աղ: 10 վայրկեան այսպէս ձգել:
2.- Մեծ տապակի մը մէջ դնել ձէթը եւ սոխը: Եփել անդադար խառնելով, մինչեւ որ սոխը կակուղնայ:
3.- Բրինձը քամոցի մէջ դնել, պաղ ջուրով ցօղուել, ապա ձգել քամոցին մէջ: Բրինձը աւելցնել սոխին վրայ, խառնել, ապա աւելցնել մնացեալ ջուրին կէսը եւ թեթեւ կրակի վրայ եռացնել, ապա եփել 10 վայրկեան կամ մինչեւ որ ջուրը քաշուի:
4.- Աւելցնել չամիչը, պիստակը, սնուպրին, համեմը, աղը եւ մնացեալ եռացած ջուրը: 10-15 վայրկեան եփել, մինչեւ որ ջուրը քաշուի: Կրակը մարել, կափարիչը գոցել եւ 10 վայրկեան ձգել:
5.- Զարդարանքի համար, ձէթը տաքցնել, աւելցնել սնուպրին եւ 5 վայրկեան դարձնել, մինչեւ որ գոյնը փոխուի: Աւելցնել պիստակը եւ քիչ մը եւս դարձնել:
6.- Եղինձը պարպել ներկայանալի ամանի մէջ, զարդարել պիստակի խառնուրդով եւ ազատքեղով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Կեանքն Էլ Նման Է Այս
ԱւտոբուսինԿեանքն էլ նման է, այս աւտոբուսին,
Ոմանք իջնում են, ոմանք բարձրանում,
Ոմանք նստած են անհոգ ու հանգիստ,
Ոմանք կանգնելու տեղ են որոնում:
Ոմանք դռներից կախուել են հազիւ,
Ոմանք գնում են միայն մէկ կանգառ,
Կեանքն էլ նման է այս աւտոբուսին:
Պէտք է վճարես գնալուդ համար:
Հողագնդի պէս օրօրւում կամաց,
Գնում է գալիս` նոր մարդկանցով լի,
Ու եթէ վթար պատահի յանկարծ,
Կանգնած ու նստած` էլ չի հարցնի…Կեանքն էլ նման է այս աւտոբուսին,
Եկէք մտածենք ապրելու մասին:ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

