Գաղութէ-Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Թեհրան
Յիշատակի Եւ Մեծարանքի Երեկոյ`
Նուիրուած Վարդգէս Տէր Յարութիւնեանի
Մարտ 1-ին Իրանահայ գրողներու միութեան կեդրոնատեղին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի եւ մեծարանքի երեկոյ նուիրուած մշակոյթի եւ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Վարդգէս Տէր Յարութիւնեանի:
Բանաստեղծ Վարանդ խօսք առնելով` անդրադարձաւ Վարդգէս Տէր Յարութիւնեանի կեանքին, նաեւ` արուեստի նկատմամբ անոր ցուցաբերած խոր ըմբռնումին ու հակումներուն:
Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Սումկայիթեան Ջարդերու 25-ամեակին
Նուիրուած Ձեռնակներ
Քուէյթ
Մարտ 7-ին Քուէյթի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ:
Քուէյթի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Տիգրան Պայաթեան մանրամասնօրէն ներկայացուց սումկայիթեան ջարդերու ժամանակագրութիւնը: Ելոյթին զուգընթաց ցուցադրուեցաւ համապատասխան տեսերիզ մը, որ կը պատմէր ականատեսներու վկայութիւններու մասին:
Հայաստան դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան, խօսելով Ազրպէյճանի իշխանութիւններու լիակատար աջակցութեան, անպատժելիութեան պայմաններու մէջ Սումկայիթի մէջ կատարուած սպանդի մասին, զուգահեռներ գծեց պուտափեշտեան գործին հետ, նշելով, որ Ազրպէյճանը կը շարունակէ նոյն գործելաոճի իր քաղաքականութիւնը նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ:
Աւարտին Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու կաթողիկոսական փոխանորդ, Շահէ եպս. Փանոսեան կոչ ուղղեց միասնաբար, համահայկական ջանքերու գործադրմամբ միջազգայնացնել Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցած ոճրագործութիւնը:
Արժանթին
Մարտ 10-ին Պուէնոս Այրեսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Վ. Մանուկեան խօսք առնելով, դատապարտեց սումկայիթեան եղեռնը` զայն որակելով որպէս տասնամեակներ շարունակուող ազրպէյճանա-թրքական հակահայկական ցեղասպանական քաղաքականութեան բաղկացուցիչ եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն համատեղ ու միասնական պայքար մղել նման ողբերգական երեւոյթները բացառելու համար: Աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` արցախեան ազատամարտի զոհերուն նուիրուած յուշարձանին դիմաց:
Ճափոն
Մարտ 9-ին Թոքիոյի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ: Դեսպան Հրանդ Պօղոսեան անդրադարձաւ
20-րդ դարու վերջաւորութեան Ազրպէյճանի մէջ հայերուու դէմ իրագործուած եւ կազմակերպուած բռութիւններուն եւ ջարդերուն, ինչպէս նաեւ` Ազրպէյճանի կողմէ մինչեւ հիմա իրականացուող հակահայկական քարոզչութեան: Դեսպանը նշեց, որ նման յանցագործութիւնները պէտք է դատապարտուին, որպէսզի չկրկնուին:
Յունաստան
ԼՂՀ Ազգային Ժողովի Նախագահ
Աշոտ Ղուլեանի Այցելութիւնը
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով 2-8 մարտին Աթէնք այցելեց ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, արցախեան շարժման 25-ամեակի նշումին առիթով:
Մարտ 5-ին ան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ ԼՂՀ ԱԺ նախագահի եւ յոյն քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպումներուն արդիւնքը, խօսուեցաւ Արցախ-սփիւռք փոխյարաբերութիւններուն, Արցախի հասարակական-տնտեսական իրավիճակին, երկրի զարգացման նպաստող հետագայ ծրագիրներու, ազրպէյճանական ռազմատենչ քաղաքականութեան վերաբերող ու Արցախի հիմնախնդրին հետ կապուած հարցերու շուրջ:
Ղուլեան կարեւոր համարեց հայրենիք-սփիւռք յարաբերութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը` զայն նկատելով հայ ժողովուրդի եւ անոր պետականութեան առջեւ ծառացած խնդիրները լուծելու ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցներէն մէկը: Ան գնահատեց յունահայութեան մասնակցութիւնը ՀՕՄ-ի ու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի դերակատարութեանց ընդմէջէն Արցախի մէջ իրագործուող գործունէութեան կապակցութեամբ:
Իր կարգին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Գէորգ Գոլանեան ներկայացուց միութենական կառոյցները եւ անոնց ծաւալած գործունէութեան դաշտը: Խօսուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հետ հետագայ ծրագիրներու ու համագործակցութիւններու ընդլայնման կարեւորութեան մասին:
Մարտ 6-ին կազմակերպուեցաւ քաղաքական ձեռնարկ` ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին եւ քաղաքական գիտութեանց Փանտիօ համալսարանին համագործակցութեամբ, ուր գլխաւոր բանախօսն էր Աշոտ Ղուլեան:
Աթէնք իր կեցութեան օրերուն, ան առիթը ունեցաւ հանդիպումներու եւ քննարկումներու շարք մը իրագործելու` ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին դասաւորումով եւ ընկերակցութեամբ:
Արդարեւ, ան հանդիպումներ ունեցաւ քոալիսիոն կառավարութեան անդամ «Տիմոքրաթիքի Արիսթերա» կուսակցութեան նախագահ Ֆոթիս Քուվելիսի, կառավարական համագործակցութեան գլխաւոր «Նոր Հանրապետութիւն» կուսակցութեան քարտուղար Մանոլիս Քեֆալոյեանիսի, ինչպէս նաեւ ՓԱՍՕՔ ընկերվարական կուսակցութեան երեսփոխան, Յունաստանի խորհրդարանի նախկին նախագահ եւ ներկայիս Հայաստան-Յունաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Ափոսթոլոս Քաքլամանիսի եւ «Սիրիզա»-ի անդամ, հելլէն խորհրդարանի փոխնախագահ Եանիս Տրաղասաքիսի հետ: Բոլորը շեշտեցին իրենց ունեցած բարեկամական զգացումները հայութեան հանդէպ:
Աշոտ Ղուլեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ «Անկախ յոյներ» կուսակցութեան նախագահ Փանոս Քամենոսի եւ կուսակցութեան բանբեր Թերենս Քուիքի հետ: Փանոս Քամենոս յայտնեց, թէ ինք աշխատանք տարած է ԵԱՀԿ-ի ծիրէն ներս` Ղարաբաղի հարցի կապակցութեամբ, աւելցնելով, որ ընդունած է Աշոտ Ղուլեանի հրաւէրը` գարնան ընթացքին պաշտօնապէս այցելելու Լեռնային Ղարաբաղ:
Ղուլեան հանդիպումներու ընթացքին ներկայացուց արցախեան հիմնախնդրի զարգացումները: Արծարծուեցան ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացի իրողութիւններն ու ներկայ զարգացումները, որոնց ծիրէն ներս ԼՂՀ իշխանութիւններու դիրքորոշումը, Արցախի տնտեսական, ընկերային, կրթամշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ: Քննարկուած են հարցերու լուծման միջոցներն ու ձեւերը եւ այդ ծիրէն ներս հնարաւոր համագործակցութեան ուղիները:
Ան իր կեցութեան օրերուն առիթը ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու ազգային կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ առիթը ունեցաւ այցելելու Փիրէայի մէջ փոքրերու խնամատարութեան «Խածիքիրիաքիօ» կեդրոնը:
Վրաստան
Ջութակի Տօն
Մարտ 2-ին վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թիֆլիսի Վանօ Սարաճիշվիլի անուան պետական երաժշտանոցի ջութակի դասարանի փրոֆ. Էռնեստ Առաքելովի համերգը` կատարողութեամբ իր աշակերտներուն:
Վրաստանի հայ երաժիշտներու միութեան նախագահ Արտեմ Կիրակոզով (Գրիգորենց), ելոյթ ունենալով հաստատեց, թէ արհեստավարժ ջութակահար դառնալու համար հարկ է ոչ միայն բնական տուեալներ ունենալ, այլեւ մշտական փորձեր` արհեստավարժ ուսուցիչներու կողմէ:
Երեկոյի ընթացքին հնչեցին` Մոցարթի, Փականինի, Վաժա Ազարաշվիլի, Սարգիս Բարխուդարեանի, Ուիլիըմ Քրոլլի, Հենրիխ Էռնեստ, Սարասատէի ստեղծագործութիւնները:
Աւարտին թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան ընդգծեց համամարդկային բարձր զգացմունքներու անսահմանութիւնը, որ դրսեւորուեցաւ տարբեր ազգի նուիրեալներու ելոյթներուն մէջ:
Վրաստանի մշակոյթի նախարարութեան միջազգային ծրագիրներու բաժանմունքի փոխտնօրէն Խաթունա Խունտաֆէ եւ Թիֆլիսի Վ. Սարաճիշվիլի անուան երաժշտանոցի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Մարինա Չիխլաձէ նշեցին, որ Գալուստ Կիւլպէնկեանին անունը կրող դահլիճը կը ծառայէ մարդկային յարաբերութիւններու մէջ բարձր մշակոյթի լեզուով բարին, ջերմութիւնը եւ սրտակցութիւնը բազմապատկելու իր առաքելութեան:
Կիներու Աշխատանքներու
Ցուցահանդէս–Վաճառք
Նախաձեռնութեամբ Վրաստանի հայ կիներու «Շուշանիկ» միութեան եւ աջակցութեամբ վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» մշակոյթի կեդրոնին, 7 մարտին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վիրահայ կիներու ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք` նուիրուած Կիներու միջազգային օրուան:
«Շուշանիկ» միութեան նախագահ Սուսաննա Խաչատրեան ելոյթ ունենալով` ներկայացուց 1996-էն ի վեր Վրաստանի մէջ գործող կիներու միութեան գործունէութիւնը, որուն համար թիրախ էր մայր հայրենիքէն դուրս հայերէնի պահպանութիւնը, ընտանիքին եւ հասարակութեան մէջ հայ կնոջ դերակատարութեան բարձրացումը, հայկական աւանդական սովորութիւններու եւ ծեսերու նշանաւորումը եւ սերունդներուն փոխանցումը: Ան նաեւ փոխանցեց վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի` մարտ 8-ի կապակցութեամբ կիներուն ուղղուած ջերմ շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթութիւնները:
Ցուցահանդէս-վաճառքը ունէր նաեւ բարեգործական նպատակ: Անոր հասոյթը տրամադրուեցաւ կարիքաւոր տարեցներու օգնութեան հիմնադրամին:
Չինաստան
«Վանայ Ծովուն Արշալոյսը»
Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն
Մարտ 9-ին Փեքինի լեզուի եւ մշակոյթի համալսարանին մէջ, Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող ֆրանսախօս միջազգային փառատօնի շրջագիծէն ներս, Հայաստանի դեսպանութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ հայ ժամանակակից բեմադրիչներ Արտակ Իգիթեանի եւ Վահան Ստեփանեանի «Վանայ ծովուն արշալոյսը» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:
Նիւթը հայ ընտանիքի մը մասին է, որ Մեծ եղեռնը վերապրած եւ Միացեալ Նահանգներ ներգաղթած է:
Նշենք, որ «Վանայ ծովուն արշալոյսը» ժապաւէնը 10 մարտին ցուցադրուեցաւ նաեւ Շանկհայ քաղաքին մէջ:
Ճափոն
Բարեգործական Համերգ
Մարտ 11-ին Ճափոնի Ֆուքուոքա քաղաքին մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ «Ղարիպեան կռունկ» պարային համոյթին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ բարեգործական համերգ` նուիրուած Ճափոնի Թոհոքու նահանգի երկրաշարժի եւ ցունամիի երկրորդ տարելիցին:
Բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի դեսպան Հրանդ Պօղոսեան: Ան նշեց, որ 1988-ի դեկտեմբերին Հայաստանը ցնցած երկրաշարժէն ետք Ճափոն առաջիններէն էր, որ օգնութեան ձեռք երկարեց հայ ժողովուրդին:
Հայ դասական երաժշտութեան կատարումներով հանդէս եկան 2011-ին Ճափոնի մէջ հիմնուած «Ղարիպեան պալեթի ակադեմիա»-ի սաները:
Համերգին ամբողջ հասոյթը փոխանցուեցաւ երկրաշարժէն եւ ցունամիէն տուժած ծնողազուրկ երեխաներուն:
Միացեալ Նահանգներ
Դասախօսութիւն` Նուիրուած
Հայ Տպագրութեան 500-ամեակին
Վերջերս Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` նուիրուած հայ տպագրութեան 500-ամեակին:
Արեւելեան Ամերիկայի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անունով Յասմիկ Աբրահամեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց Նիւ Եորքի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Արա Գաբրիէլեանը, որ ներկայացնէ օրուան դասախօսը` դոկտ. Արտակ Մովսէսեանը:
Գաբրիէլեան հաստատեց, թէ ի զուր չէ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Երեւանը հռչակեց տպագրութեան մայրաքաղաք` նկատի ունենալով այդ ասպարէզին մէջ մեր ժողովուրդին վաստակը: Ան հաստատեց, որ հայ ազգը կը հպարտանայ իր հարուստ գրականութեամբ, որ հակառակ դժուարին պայմաններուն, գնահատած է մեր ուրոյն գիրն ու գրականութիւնը` իբրեւ ազգային գոյատեւման հզօրագոյն երաշխիք: Ապա ան ներկայացուց դոկտ. Արտակ Մովսէսեանը:
Դոկտ. Մովսէսեան գոհունակութիւն յայտնեց ստեղծուած առիթին համար` խօսելու մեր մշակոյթի կարեւորագոյն խնդիրներու մասին, որն է` հայոց գիրն ու գրականութիւնը: Ան հաստատեց, թէ Մեսրոպ Մաշտոց մեր վերջին 1600-ամեայ պատմութեան մեծագոյն մշակութային եւ քաղաքական գործիչը եղած է:
Դոկտ. Մովսէսեան խօսեցաւ նախամաշտոցեան շրջանի գրականութեան, ապա թարգմանական շարժումի մասին, որ զարգացաւ հայ գիրերու գիւտէն ետք:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան, որ շնորհակալական եւ գնահատական խօսքեր արտասանեց ձեռնարկին համար:
Յայտնենք, որ Պոսթըն-Ուաթըրթաունի «Հայ կեդրոն»-ի «Լաչինեան» սրահին մէջ եւս դոկտ. Արտակ Մովսէսեան ելոյթ ունեցաւ նմանօրինակ դասախօսութեամբ մը:
Հայաստանն Ու Արցախը «Լոս Անճելըս Թայմզ»-ի
Ճամբորդական Ցուցահանդէսին Մէջ
Հովանաւորութեամբ Հայաստանի կառավարութեան ազգային մրցունակութեան հիմնարկի, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանի եւ Արցախի զբօսաշրջութեան վարչութեան, այս տարի եւս Հայաստանն ու Արցախը ներկայացնող միացեալ կրպակ մը հաստատուեցաւ «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթի հռչակաւոր ճամբորդական ցուցահանդէսին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 23-24 փետրուարին, Լոս Անճելըսի «Քոնվենշըն սենթըր»-ին մէջ:
Հակադարձելու համար Ազրպէյճանի այն սպառնալիքներուն, թէ պիտի զգետնէ Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործող քաղաքացիական օդանաւերը, ցուցահանդէսին մասնակիցները լուսարձակի տակ առին Արցախի եւ Հայաստանի բնական գեղեցկութիւնն ու հոն այցելելու տարբեր կարելիութիւնները` աւելի մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ հիւրընկալելու նպատակով:
Կրպակին մէջ լուսարձակի տակ առնուեցաւ նաեւ Հայաստան եւ Արցախ այցելելու մասին նորագոյն ուղեցոյցը, որ պատրաստուած էր Մեթիու Քարանեանի եւ Ռապըրթ Քիւրքճեանի կողմէ:
Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան
Ձեռնարկը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ
Մարտ 2-ին Պեւըրլի Հիլզի «Մոնթաժ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան տարեկան ձեռնարկը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեցին ՀԵԴ-ի անդամներ Լոռի Պօղիկեան եւ Արամ Եագուպեան` իրենց անձնական փորձառութիւնները ներկայացնելով հաստատեցին, թէ Հայ մշակութային հիմնարկութիւնը մեծ դերակատարութիւնը ունեցած է իրենց, նաեւ շատ մը ուրիշներու կեանքին ընթացքին արձանագրուած յառաջդիմութեան մէջ:
Այնուհետեւ Էլիզապէթ Պոյաճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Ապա տեղի ունեցաւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան աշխատանքին նուիրուած տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը, որմէ ետք Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ-ի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան փոխանցեց իր պատգամը, որուն ընթացքին ան միաժամանակ արժեւորեց տարուած աշխատանքը եւ շեշտեց տակաւին կատարուելիք աշխատանքին յոյժ կարեւորութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ մշակութային հիմնարկութեան վարչութեան, անոր համակիրներուն ու մանաւանդ` անոր հովանաւորներուն, որոնք իրենց առաջնահերթութիւնը դարձուցած են Հայ մշակութային հիմնարկութեան տեսլականին իրականացումը: Ապա ան անդրադարձաւ նախորդ տարուան ընթացքին արձանագրուած գլխաւոր իրագործումներուն եւ մատնանշեց հիմնարկութեան գործունէութեանց առջեւ ցցուած խոչընդոտները:
Կարինէ Պօղոսեանի Դաշնակի Մենանուագը
Վերջերս, Թինեքի (Նիւ Ճըրզի) «Փաֆըն» փոքր համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կարինէ Պօղոսեանի դաշնակի մենանուագը:
Կարինէն առաջին անգամ նուագախումբով հանրութեան ներկայացաւ 14 տարեկանին, երբ նուագեց Պեթհովենի դաշնակի թիւ 1 քոնչերթոն, Նիւ Եորքի «Քարնըկի» համերգասրահին մէջ: Աւելի ուշ, 23 տարեկանին ունեցաւ իր առանձին մենահամերգը: Ան ելոյթներ ունեցաւ` Մըրքըն, Սթայնուէյ, Երրորդութեան տաճար, Պեւըրլի Հիլզ եւ այլ համերգասրահներու մէջ` անգամ նոր ու ճոխ յայտագիրով մը, ընդգրկելով դասականներուն լաւագոյն ստեղծագործութիւնները: Անոնց հետ մէկտեղ, չմոռցաւ հայ հեղինակներու գործերը, ինչպէս` Կոմիտաս, Խաչատրեան:
Որպէս մենակատար նուագեց զանազան նուագախումբերու մէջ. «Նիւ Եորք
ֆիլհարմոնիք», «Փարք էվընիւ» սենեկային, «Միւզիքա պելլա սիմֆընի», «Քոքոլա անսամպլ»-ի եւ այլ նուագախումբերու մէջ:
Յայտագիրը նուիրուած էր Ֆրանս Լիսթի գործերուն: Սակայն ներկաներուն խնդրանքին ընդառաջելով` ան նուագեց նաեւ Կոմիտասէն:
ՀՕՄ–ի «Գառնի» Մասնաճիւղի
Նոր Կեդրոնին Բացումը
Մարտ 2-ին տեղի ունեցաւ Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Գառնի» մասնաճիւղի Լակունա Հիլզ քաղաքի նոր կեդրոնի բացումը:
Հոգեւոր հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան օրհնելէ ետք կեդրոնը մաղթեց, որ նոր կեդրոնին մէջ բարգաւաճի գործը` ժողովուրդին բարօրութեան համար:
Լենա Պօզոյեան եւ Տէր Ալեքսանեան գրասենեակի դրան վրայ անցուած կարմիր ժապաւէնը կտրելով` բացումը կատարեցին:
«Գառնի» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Ռինա Աճոյեան-Տէր Ալեքսանեան նկատել տուաւ, որ մասնաճիւղը յատկանշական քայլ մը առած է` երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքով եւ հանգանակային ձեռնարկներ յաջողցնելու ճամբով իրականացնելով կեդրոն մը ունենալու իր երազը:
ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան իր կարգին յայտնեց, թէ Շրջանային վարչութեան համար ուրախութիւն է տեսնել, թէ նոր տուն մը աւելցած է, որովհետեւ իւրաքանչիւր տուն կը զօրացնէ ՀՕՄ-ի առաքելութիւնը` օգտակար հանդիսանալով մեր ժողովուրդին: Ապա ան Շրջանային վարչութեան անունով յուշատախտակ մը յանձնեց Ռինա Աճոյեան- Տէր Ալեքսանեանին:

