«Հալէպ Կը Ծնին, Պէյրութ Կ՛ապրին Եւ Ամերիկա Կը Մեռնին»

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Վերոյիշեալը հօրս եւ իր ընկերներուն բարեկամական զրոյցներու ընթացքին արտայայտուած խօսքերէն եւ միտքերէն է…: Կիրակի  յետմիջօրէներուն մեր տան մէջ,  Պէյրութ, հայրս եւ իր բարեկամները կը զրուցէին մշակութային եւ ազգային շատ մը նիւթերու մասին:

Բոլորն ալ հոգեպէս եւ մտովին ծանրաբեռնուած կ՛ըլլային ազգային մեր մտահոգութիւններով, որոնք իրենց գլխաւոր օրակարգը ունենալով կը զրուցէին եւ կը վիճաբանէին: Վերոյիշեալը իրենց նիւթերէն էր, եւ թէկուզ քիչ մը կարօտով, բայց անպայմանօրէն յուզում եւ տրտմութիւն խառնուած` անոնք հայուն ճնշուած եւ պարտադրուած «ճակատագիրը» կ՛որոնէին…

Մանկութեանս եւ պատանեկութեանս տարիներուն ներկայ կ՛ըլլայի հօրս եւ իր բարեկամներուն հաւաքներուն, մտիկ կ՛ընէի անոնց զրոյցները, թէկուզ` ամէն բան չհասկնալով, բայց մտքիս ու հոգիիս մէջ տեղ մը «բոյն» կը շինէին այդ բոլորը, երեւի որպէսզի անդրադառնամ լսածներուս խորքին, երբ մեծնայի ու սկսէի ատակ դառնալու այդ բոլորը լաւապէս ընկալելու:

Եւ այդպէս ալ եղաւ: Ժամանակի ընթացքին սկսայ սորվիլ եւ հասկնալ հայուն` իմ պատմութիւնս… Ցեղասպանութիւնը եւ անոր արհաւիրքը… Հօրս եւ իր բարեկամներուն զրոյցին եւ կատակ-յուզումին բովանդակութիւնը: Թէ ինչո՞ւ համար «հայը Հալէպ կը ծնի, Պէյրութ կ՛ապրի եւ Ամերիկա կը մեռնի…»: Եւ թէ հօրս պատմութիւնն ալ մէկ փոքր օղակն էր այդ կատակ-յուզումին:

Հալէպ չէր ծնած, իր պատմութիւնը սկսած էր ատկէ առաջ… Շատ մանուկ տարիքին, հազիւ նորածին, հայրս ծնողներուն հետ Այնթապէն եկած էր Հալէպ: Հասակ առած ու սորված էր «Երազային Հալէպի» մէջ, որմէ ետք անցած էր Պէյրութ` իր կեանքը շարունակելու: Համալսարան, ասպարէզ, ընտանիք եւ մշակութային-երաժշտական ճոխ կեանք: Բայց հայրս չհասաւ Ամերիկա մահանալու: Մնաց, մահացաւ եւ թաղուեցաւ Պէյրութի մէջ` իր կատակ-յուզումը (չա) ամբողջացնելու տեսլականով: Բայց այս տեսլականը խորքին մէջ իւրաքանչիւր հայու «ոդիսականն» է… Ցեղասպանութիւնը ապրած, հայրենի հող ու տունը կորսնցուցած եւ սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ իր տուն-տուները շինած (մէկը միւսին ետեւէն, եւ թերեւս` արագ-կամաց հերթականութեա՞մբ): Սփիւռքեան «հոս-հոն» հողերուն մէջ վերջացնելով երկրային կեանքը: Ա՞յս էր հայուն ճակատագիրը: Ես պիտի հասկնայի «կատակ-յուզում»-ը հօրս եւ իւրաքանչիւր հայու, թէ ինչո՞ւ էր այն մտածումը, «Հալէպ կը ծնին, Պէյրութ կ՛ապրին ու Ամերիկա կը մեռնին…»:

Բայց եւ այնպէս կեանքը շարունակուեցաւ ու տակաւին…

Մէկ կողմէ` անհատական, միւս կողմէ` ընտանեկան ու տակաւին ազգային-միութենական եւ եկեղեցական, հոս թէ հոն, մէկ գաղութէն միւսը, հայը շինեց ու շարունակեց ապրիլ-վերապրիլ, որովհետեւ հաւատաց  գերագոյն իրականութեան մը` ազգապահպանումին…

Հալէպ ծնաւ կամ այլուր, հայը առաւ այդ երկրին դրոշմը, կնիքը ու նկարագիրը շինեց ու շէնցուց: Պէյրութ փոխադրուեցաւ կամ այլուր դարձեալ ըրաւ նոյնը… Ու եթէ տակաւին Ամերիկա կամ ուրիշ տեղ ուղղուեցաւ,  դարձեալ նոյնն է, որ կը շարունակուի` ազգապահպանումի եւ հայապահպանումի տեսլականը: Եւ այս տեսլականը անգամ մը եւս ապրեցայ 18 հոկտեմբեր 2012-ին, Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց ազգային վարժարանին մէջ:

75 հայ մանուկներ եւ պատանիներ: Մանկամսուր, մանկապարտէզ, նախակրթարան դասարաններու, մինչեւ` 6-րդ դասարան:

Խումբ մը նուիրեալ հայ ուսուցիչներ եւ Զարմինէ Պօղոսեանը` տնօրէնուհի: Նիւ Եորքի նման այս հսկայ քաղաքին մէջ, ուր կեանքը ու անոր յառաջացուցած «հեւքը» քեզ կրնայ մինչեւ իսկ շնչահեղձ ընել, շատ հաւանաբար կը փորձուիս մտածելու եւ ըսելու. «Ինչո՞ւ համար է այս փոքրիկ հայկական վարժարանը այս հսկայ քաղաքին մէջ…»:

Զարմինէն եկած էր Հալէպէն: Իրեն համար հայակերտումը եւ ինքնութեան պահպանումը վեր է ամէն զոհողութենէ եւ սակարկութիւններէն: Հալէպի ազգային շունչով մեծցած ու դաստիարակուած` ան կը շարունակէ նոյն ուժգնութեամբ եւ խանդավառութեամբ նոր սերունդները «հայ» մեծցնելու նպատակով: Եւ հայուն սփիւռքեան կեանքի երթն է այս: Զարմինէն Նիւ Եորքի մէջ նաեւ կ՛ապրի Հալէպի սէրը` եւ այսօր նաեւ ռմբակոծումը, ժողովուրդին վախը, իր ապրած փողոցներուն հրկիզումը:

Եթէ աչքերուն մէջ կայ կարօտ, բայց նաեւ` զսպուած արցունք, քանի Հալէպը որպէս ծննդավայր` կարեւոր հիմք է իր կեանքին:

«Ամուսինս եւ ես կը մտածէինք Հալէպ վերադառնալ հանգստեան կոչուելէն ետք…»: Զարմինէին «Երազային Հալէպին» իրականացող -չիրականացող երազն է ասիկա:

Երբ կը մտնեմ փոքր դպրոցին տարբեր դասարանները, կը փորձուիմ հարց տալ ես ինծի, թէ արդեօ՞ք Սրբոց Նահատակաց ազգային վարժարանի առաքելութիւնը Նիւ Եորքի մէջ կրնայ նմանիլ Աստուածաշունչի Դաւիթի եւ Գողիաթի անհաւասար ուժերու մենամարտին:

Հուրի Ղուկասեանը կու գայ Պէյրութէն եւ հայերէնի ու հայոց պատմութեան ուսուցիչն է: Երբ լսեցի հայ պատանիին հայերէն արտասանութիւնը, եւ թէ ինչպէս անոնք սորված էին հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու անոր կազմաւորումը, անդրադարձայ այն իրականութեան, որ Դաւիթը իր անհաւասար մենամարտին եւ ուժին ու կարողականութեան մէջ, նաեւ յաղթեց Գողիաթին:

Բայց հայուն փորձառութիւնը այս չէ՞ արդեօք: Անհաւասար «մենամարտ»` «պայքար»-ի իր պատմութեան շատ մը հոլովոյթներուն մէջ: Ու այս անհաւասար ճակատներուն վրայ եթէ հայը պարտուեցաւ, բայց դարձեալ ոտքի ելաւ, եթէ կործանեցաւ` նորէն շինեց, եւ եթէ մեռաւ, առիթը ստեղծեց, որ յաջորդները ապրին ու շարունակեն…: Եւ այս բոլորը կրցաւ ընել հայը, քանի հաւատաց հայապահպանումի տեսլականին: Ինքնութեան կանչը իր սրտին ու հոգիին մէջ, հայուն անհաւասար մենամարտը կը շարունակուի: Նաեւ` Նիւ Եորքի մէջ:

Զարմինէն եւ իր փոքր «գումարտակը»` Հուրին, Անին, Մարոն եւ Քրիսթինը` Հալէպէն, Պէյրութէն, Երուսաղէմէն ու տակաւին… Նիւ Եորքէն` կը շարունակեն նուիրումով այս անհաւասար «մենամարտը» մղել…:

Բայց հայուն գոյապայքարի մեծ մարտահրաւէրն է ասիկա:

Նոյնիսկ երբ Հալէպ (կամ այլուր) կը ծնի, Պէյրութ (թէ ուրիշ տեղ) կ՛ապրի եւ Ամերիկա (ու տակաւին այլ վայրեր) կը մեռնի…

Հայուն կատակ-յուզումն է այս իրականութիւնը: Թէ պէտք է շարունակել ապրիլ «հայկական կեանքը» Հալէպ, Պէյրութ, Ամերիկա, թէ այլ տեղ…

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES