Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախկին Նախարարը Ձերբակալուած Է Ալիեւի Դէմ Իր Յօդուածներուն Համար
Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքէջը` վկայակոչելով Ազրպէյճանի ընդդիմադիր «Ազատլըք» թերթի տուեալները, կը հաղորդէ, որ «ազրպէյճանցի ոստիկանները ձերբակալութենէն երկու ժամ ետք ազատ արձակած են Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Ռահիմ Կազիեւը»:
Կազիեւ ձերբակալուած է երեքշաբթի ուշ գիշերին` իր տանը շէնքի մուտքին. Կազիեւ կը պատրաստուէր «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութեան կեդրոն երթալու` որոշ հաղորդումի մը մասնակցելու համար: Ոստիկանները, սակայն, զինք ոստիկանատուն ուղարկած են:
Ձերբակալութեան պաշտօնական պատճառը առայժմ յայտնի չէ: Կազիեւ, սակայն, երէկ յայտնած է, որ զինք ոստիկանատուն տարած են «Ազատլըք» թերթին մէջ հրապարակուած իր յօդուածներուն հարցով: Ան նաեւ ըսած է, որ ոստիկանական բաժանմունքին մէջ զինք «նախազգուշացուցած են» հակաիշխանական յօդուածներու կապակցութեամբ:
Նշենք, որ Կազիեւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը վարած է 1992-1993-ին` ղարաբաղեան պատերազմի տարիներուն: 1992-ին Շուշի քաղաքի ազատագրումէն ետք Պաքուի մէջ շրջանառութեան դրուեցաւ այն վարկածը, թէ հայկական կողմը Շուշին ոչ թէ գրաւած է, այլ` «ստացած է ազրպէյճանական զինուորական հրամանատարութեան դաւաճանութեան պատճառով»: 1993-ի աշնան Կազիեւ ձերբակալուեցաւ` այսպէս կոչուած «հայկական զօրքերուն կողմէ Շուշիի եւ Լաչինի բռնագրաւման» քրէական գործի ծիրին մէջ: 1994-ին նախկին նախարարը բանտէն փախաւ եւ ապաստանեցաւ Ռուսիա:
1995-ին Կազիեւ հեռակայ կարգով դատապարտուեցաւ մահապատիժի, որ շուտով փոխարինուեցաւ ցկեանս բանտարկութեան: 1996-ին Մոսկուայի ոստիկանութիւնը ձերբակալեց Կազիեւը եւ արտայանձնեց Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն: Կազիեւ ընդգրկուեցաւ Եւրոպական խորհուրդի քաղաքական բանտարկեալներու ցուցակին մէջ եւ 2005-ին անոր ներում շնորհուեցաւ:

