Իսրայէլի Մէջ «Ամերիկեան-Իսրայէլեան Յարաբերութիւնները Յաւերժական Են» Շեշտեց Օպամա

Օպամա եւ Նեթանիահու` պաշտօնական դիմաւորումին ընթացքին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Իսրայէլ, ուր դիմաւորուեցաւ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի եւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ:

Պեն Կորիոնի օդակայանին մէջ Նեթանիահու բարի գալուստի խօսք ուղղեց Օպամային եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի իր գոյութիւնը պաշտպանելու Իսրայէլի իրաւունքին:

«Շնորհակալ ենք, որ այս զգայուն եւ պատմական հանգրուանին դուք կը զօրակցիք Իսրայէլին: Շնորհակալութիւն, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու Իսրայէլի իրաւունքին», ըսաւ Նեթանիահու:

Իր կարգին, Օպամա շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան Իսրայէլի ապահովական կայունութեան: Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ առաջին պետութիւնն էր, որ 65 տարի առաջ իբրեւ պետութիւն ճանչցաւ Իսրայէլը:

Թել Աւիւի մէջ, Օպամա հանդիպում մը ունեցաւ Փերեսի հետ: Քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ամերիկեւիսրայէլեան յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Փերես շեշտեց, որ Իրան պէտք չէ հիւլէական զէնք ունենայ, որովհետեւ Իրանի հիւլէական ուժի տէր դառնալը մեծագոյն վտանգն է:

Փերես զօրակցութիւն եւ հաւատք յայտնեց ապագան կերտելու իմաստով Օպամայի տեսութեան:

Միւս կողմէ, ան ակնարկելով Հըզպալլայի յայտնեց, որ Հըզպալլա տակաւին կը հաւաքէ զէնքերը, կը քանդէ Լիբանանը եւ կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ գործուող սպանդներուն:

Օպամա հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Նեթանիահուի հետ, որուն հետ տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «Ուաշինկթըն կը բաժնէ Իսրայէլի մտավախութիւնը, թէ Սուրիա կրնայ Հըզպալլայի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւններու քիմիական զէնքեր յանձնած ըլլալ»:

Օպամա հաստատեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է եւ պէտք է լքէ երկրին իշխանութիւնները:

Օպամա հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իսրայէլի տրամադրուած զինուորական օժանդակութիւններուն գումարը պիտի հասնի 200 միլիոն տոլարի: Ան աւելցուց, որ պաղեստինեան անկախ պետութեան մը կողքին, Իսրայէլ պէտք է հզօր պետութիւն մը ըլլայ:

 

Share this Article
CATEGORIES