Սուրիոյ Տագնապին Առնչակից Կողմերը Կը Շարունակեն Զիրար Ամբաստանել

Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի յայտնեց, որ «ահաբեկիչները սուրիացի ժողովուրդը ահաբեկելու համար կը գործածեն միջազգայնօրէն արգիլեալ տարբեր զէնքեր»:

Ան խօսքը սուրիացիներուն ուղղելով յայտնեց, որ «հակառակ ներկայ տնտեսական մարտահրաւէրներուն, օտար դրամանիշի պահեստներ ունինք»` շեշտելով, որ «մենք կը տոկանք եւ կրնանք մեր ժողովուրդի տոկալու կարելիութիւնները ամրապնդել»:

Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ քիմիական զէնքով երկու յարձակում գործուած է` առաջինը Հալէպի Խան Եունես շրջանին մէջ, իսկ երեքշաբթի առաւօտեան` Դամասկոսի գիւղական շրջաններէն Օթէյպայի մէջ: Հաղորդագրութիւնը «այս յուսահատ յարձակումին» համար ամբաստանեց Ասատի վարչակարգը եւ պահանջեց միջազգային հետաքննութեան ձեռնարկել ու դէպքերու վայր հետաքննիչ յանձնախումբ մը ուղարկել:

Մարմինը խոստացաւ պատժել այդ դէպքերուն մեղսակից կողմերն ու անհատները:

«kommersant.ru» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի ուժերու զօրավար Ճէյմս Սթաւրիտիս յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ-ի զօրքերը պատրաստ են անհրաժեշտութեան պարագային Սուրիոյ մէջ գործողութիւն կատարելու` լիպիական օրինակով:

«Ինչպէս գիտէք, Սուրիոյ մէջ իրավիճակը կը շարունակէ վատանալ: Սպաննուած է 70 հազար մարդ, մէկ միլիոն մարդ ալ լքած է իր տունը: Քաղաքացիական դաժան պատերազմի աւարտը տակաւին չ՛երեւիր: Այնպէս որ, դաշինքը այսպիսի դիրքորոշում որդեգրած է. շարժիլ այն հերթականութեամբ, ինչպէս Լիպիոյ պարագային», ըսած է Սթաւրիտիս` Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի զինեալ ուժերու յանձնախումբի նիստին ընթացքին:

Ան նշած է, որ ՕԹԱՆ այժմ կեդրոնացած է Սուրիոյ հետ սահմանի պաշտպանութեան վրայ եւ այդ նպատակով տեղակայած է հակաօդային «Փաթրիոթ» համակարգերը: «Մենք գործողութիւններու լայն շրջանակ մը կը քննարկենք եւ պատրաստ ենք գործելու այնպէս, ինչպէս տեղի ունեցաւ Լիպիոյ պարագային», ըսած է Սթաւրիտիս:

 

Share this Article
CATEGORIES