«Վրաստան Թուրք-Մեսխեթներու Հայրենադարձութեան Ծրագիր Կ՛իրականացնէ» Կ՛ըսէ Վրաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը
«Կրուզիա Օնլայն» կը գրէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ Պաքուի մէջ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Վրաստան Եւրոպական խորհուրդին առջեւ պարտաւորութիւն ստանձնած է վերադարձնել թուրք-մեսխեթները:
«Մենք ստացած ենք վերադառնալու ցանկութեամբ հինգ հազար դիմում: Ներկայիս այդ դիմումները կ՛ուսումնասիրուին: Արդէն շուրջ 800-900 մարդ լրացուցած է քաղաքացիութիւն ստանալու փաստաթուղթերը: Մնացած է միայն որոշ փոփոխութիւններ կատարել երկրի օրէնսգիրքին մէջ, որպէսզի անոնք կարենան վերադառնալ», ըսած է ան:
Ըստ անոր, գոյութիւն ունի ծրագիր, որուն շրջանակներուն մէջ թուրք-մեսխեթներուն կարելիութիւն կը տրուի վերադառնալու Վրաստան եւ քաղաքացիութիւն ստանալու:
CATEGORIES Միջազգային

